Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

«Ազատօրէն Արտայայտուինք ԼՕԽ-ի Պաստառին Վրայ»

$
0
0

IMG-20160325-WA0001

ՌՈԶԻՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆ  
Հոգեբան

Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, «Ազատօրէն արտայայտուինք ԼՕԽ-ի պաստառին վրայ» թեմայի ներքեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ գծագրութիւններով եւ կարճ նախադասութիւններով արտայայտուելու ԼՕԽ-ի կողմէ պատրաստուած պաստառներու վրայ:

Այս առիթով յատուկ պաստառներ ուղարկուեցան հայկական բոլոր վարժարաններուն, ուր առաջին դասարանէն իններորդ դասարանի աշակերտներ այս պաստառներուն վրայ յայտնեցին իրենց միտքերը, զգացումները, ցանկութիւններն ու փափաքները:

Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է իր տեսակին մէջ` տարբեր առումներով: Նախ` փոքրիկներ եւ պատանիներ առիթը ունեցան մէկ կողմէ ծանօթանալու իրենց իրաւունքներուն` իրենց իսկ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, իսկ միւս կողմէ` արտայայտեցին իրենց պահանջները իրենց անմիջական պէտքերուն մասին: Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս քաղաքի ներկայ վիճակը ազդած էր պատանիներուն վրայ: Այսպէս, օրինակ,  «Իրաւունքս է մաքուր օդ շնչել», «Կը փափաքիմ մաքուր թաղամաս ունենալ», «մաքուր շրջապատ ունենալը իմ իրաւունքս է», աշակերտներուն արտայայտութիւններ են, որոնց կարելի է հանդիպիլ այլազան պաստառներու վրայ: Այս արտայայտութիւններուն կողքին, կարելի էր հանդիպիլ գծագրութիւններու, որոնք կը ներկայացնէին մաքուր միջավայր եւ ծաղկած բնութիւն: Բացի այդ, կարելի է ըսել, որ շնորհիւ այս նախաձեռնութեան` մեր փոքրիկներն ու պատանիները գիտեն, թէ ուսում ստանալը, բժշկական ապահովութիւն ունենալը, սիրոյ եւ գուրգուրանքի արժանանալը, ֆիզիքական եւ բարոյական չարաշահութեան չենթարկուիլը` բոլորն ալ իրենց իրաւունքներն են անխտիր:

Երկրորդ կարեւոր կետը այն է, որ բոլոր աշակերտներն ալ պատգամ ունէին փոխանցելիք: Շատեր ցոյց տուած էին, թէ որքա՛ն ուրախ են, ուրիշներ արտայայտած էին իրենց ցանկութիւնները ապագայի նկատմամբ. կարգ մը աշակերտներ պատկերացուցած էին աշխարհը որպէս ամբողջական մարդկութիւն, առանց սեռի, երկրի կամ ազգութեան խտրութեան : Ուրիշներու համար աշխարհը կը բաղկանար իւրայատուկ երեխաներէ, որոնք միասնաբար կը կազմէին գեղեցիկ ամբողջութիւն մը: Կարգ մը աշակերտներու համար հայրենիքը եւ անոր ծառայելը իրենց ցանկութիւններու կարեւորագոյն տեղը գրաւած էր:  Ուրախ արտայայտութիւններու կողքին, սակայն, կարգ մը մանուկներ այնքան հարազատօրէն պատկերացուցած էին իրենց անմիջական աշխարհը` իրենց դժուարութիւններով եւ տառապանքներով: «Մի՛ զարներ», «Մի՛ չարչարէք», «Չեմ ուզեր ցաւիլ», «Կ՛ուզեմ անհոգ ապրիլ». նմանօրինակ արտայայտութիւններ պատկերազարդ նկարներով` ցոյց կու տան, որ բոլոր փոքրիկներն ալ խաղաղ ու հանգիստ կեանք չեն ապրիր:

Հարազատօրէն ներկայացուած այս տխուր պատկերը մեզ կը մղէ մտածել վերոյիշեալ նախաձեռնութենէն յաւելեալ կերպով օգտուելու մասին: Նախաձեռնութիւն մը, որ իր դրական բոլոր կողմերով հանդերձ, մեզ դէմ յանդիման կը դնէ նաեւ տարբեր պատասխանատուութեան մը` նկատի առնելու եւ հոգալու հայ փոքրիկին ու պատանիին հոգեկան պէտքերը: Երբ պատանիին առիթը կու տանք արտայայտելու իր ցանկութիւնները, լաւ կ՛ըլլայ, որ մտածենք այդ ցանկութիւնները գոհացնելու մասին: Այս առումով, խորհրդատուի մը կամ ընկերային ծառայողի մը ներկայութիւնը իւրաքանչիւր հայկական վարժարանէ ներս, այժմ դարձած է հիմնական կարիք, հոգալու համար այն պէտքերը զորս չեն կրնար հայթայթել եւ կամ բաւարարել փոքրիկներու ընտանիքները: Այս իմաստով, մասնագէտ խորհրդատուն եւ կամ ընկերային ծառայողը կարեւոր դեր ունի խաղալիք, պատանիին անհատականութեան կերտումի եւ հոգեկան պէտքերու գոհացման ծիրէն ներս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>