ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ
Պետական երդուեալ թարգմանիչ
Խօսիլ միա՛յն ԼՕԽ-ի կազմակերպական կառոյցին, գործելաոճին, ու բաւականանալ անոր մարդասիրական գործունէութեան շուրջ գրելով` քիչ բան յայտնած կ՛ըլլանք, շուրջ հարիւրամեայ հայադրոշմ այս կազմակերպութեան մասին, որ դարերու խորէն, դարեր կտրելով, ու անկասելի խոյանքով, մշտապէս կը յուշէ մեզի` ԼՕԽ-ի ազնուական Ծնունդը, նոր ծառայական առաքելութեան անսակարկ նուիրումի հիմնադիր սքանչելի հերոսուհիները, վերջապէս հայոց աշխարհի «Տիկնայք փափկասունք»-ներուն` պատմական անանձնական նուիրումի եւ անձնազոհութեան ապրո՛ղ վկաները:
Արդարեւ, ներկայի ԼՕԽ-ի տինամիք վարչութիւնը, եւ տասնամեակներ ամբողջ, նուիրումով, գործող նախկին վարչութիւնները գրեթէ ոչինչ իրականացուցած կ՛ըլլան, եթէ անոնք պահ մը մոռնան, որ իրենք հայութեան Ծով արցունքին,
Դարաւոր տառապանքին, ու հայրենահան զրկեալ սերունդներուն ծնունդն են:
Հայութեան ազնուական պատմական զուլալ ակունքներէն բխած`
ԼՕԽ-ը եւ ՀՕՄ-ը համաշխարհային նոյնանման որակի եւ բնոյթի կառոյցներուն հետ բաղդատաբար` զոյգ մը անկրկնելի կազմակերպութիւններն են, որոնց գործունէութիւնը եւ առաքելութեան խարիսխը` Ձիւնափայլ Արարատն է:
Յաւերժի ճամբորդ հայութեան մարդասիրական կոչումն իսկ է` ծառայական առաքելութիւնը:
Ո՜վ ազնուա՛կան հայորդի, լիաբո՛ւռն մասնակցէ ԼՕԽ-ի յառաջիկայ հանգանակութեան արշաւին, քայլ մըն ալ դուն հարթած կ՛ըլլաս հայութեան վարդահեղեղ ապագայի ճանապարհը, որովհետեւ ԼՕԽ-ն ու ՀՕՄ-ը ծառայական առաքելութեանց նախախնամական անփոխարինելի զոյգ կառոյցներն են` հայութեան հաւաքական կեանքին մայր տոմարներուն մէջ` տիրական ներկայութեամբ:
Պէյրութ` 24/03/2016