Հ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Ապրիլի առաջին շաբաթը պիտի սկսին ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութիւնը: Աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկը ամէն տարի իր արդիւնքով կը հանդիսանայ շօշափելի արտայայտութիւնը այն գուրգուրանքին եւ հոգածութեան, որուն ենթակայ են այս արժէքաւոր միութիւնն ու հաստատութիւնը, հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս:
Այսօր ԼՕԽաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը հպարտութիւն առթող հաստատութիւն մըն է մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան համար, որուն շինարարական ոգիին կենդանի վկայութիւնը կը կազմէ:
Տարուէ տարի աճելով, զարգանալով եւ բարգաւաճելով, նորանոր համակիրներ հաւաքելով, քով-քովի բերելով, ԼՕԽ-ի կեդրոնը այսօր հասած է նախանձելի վիճակի` շնորհիւ հայ ժողովուրդին` հասկցող նուիրատուին, այդ հաստատութեան հանդէպ ցոյց տուած անսակարկ զոհողութեան, որուն արտայայտութիւնը յաճախ կը տեսնենք թերթերուն մէջ:
Իրաւացիօրէն հայ ժողովուրդը իրը նկատած է ու կը նկատէ կեդրոնը, որուն վերելքին ու զարգացման հետեւած է հոգածու մօր մը գուրգուրանքով: Այդ գուրգուրանքին վկայութիւնը պիտի ըլլայ վաղուան հանգանակութիւնը` իր ժողովրդային բնոյթով եւ արդիւնքով, որովհետեւ տարիներու փորձը ցոյց տուած է, որ Լիբանանի հայութիւնը կեդրոնը կանգուն պահելու իր վճռակամութեան մէջ ո՛չ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առած է, միշտ ժպիտով ու բաց ձեռքով:
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս հանգանակիչ յանձնախումբեր ուրախութեամբ պիտի դիմաւորուին հայութեան բոլոր խաւերուն կողմէ, որովհետեւ ԼՕԽ-ի գանձանակին մէջ նետուած ամէնէն համեստ գումարն անգամ հոգեկան անսահման գոհունակութիւն պիտի պատճառէ նուիրատուին:
Այս վստահութեամբ կը սպասենք վաղուան արդիւնքին:
Մի՛շտ ժպիտով ու բաց սրտով:
Շնորհակալութիւն