Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

«Քովդ Եմ»

$
0
0

ՇԱՂԻԿ Մ.

Երբ կը հաւաքուինք աշխատանքային ծրագրի մը շուրջ, երբ կը սկսինք այդ աշխատանքի գործադրութեան` ԼՕԽ-ի օրացոյց ծախելը, անդամական ցենզ հաւաքելը ըլլայ ան, թէ քարոզչական, դաստիարակչական, ընկերային տարողութեամբ գործ, զիս համակողը մարդը մարդուն կապող միութեան զգացումն է: Ընտանեկան բջիջին ամրութիւնը բնական-նախնական է միայն, մինչդեռ երբ մարդը կը մօտենայ միւսին, կը կենայ քովը, ձեռքը կ՛երկարէ անոր ու մտքէն կ՛ըսէ` «Քովդ եմ, կրնանք միասին բան մը փոխել» ոստում մը կը կատարէ դէպի գիտակից մարդկայինը, եւ աւելի անդին` դէպի գաղափարական հարթակը: Կա՞յ աւելի աղուոր բան:

Պէյրութ, 30-3-2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>