Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Համաշխարհային Բարդ Հարց Է Իշխանափոխութիւնը
Քաղաքականութեան մէջ սխալիլը ձախողութիւն է, վնասակար` հաւաքականութեան, առանց ճապկումներու այդպէս պէտք է ընդունիլ խնդիրը: Առաջնորդը եւ վստահութիւն յայտնելու կոչուած քաղաքացին այդպէս պէտք է գնահատեն կացութիւնը եւ վերաբերին անոր: Առաջնորդը, եթէ իրապէս հանրային բարիքը կը ցանկայ, պէտք է որոշէ հեռանալ: Քաղաքացին անձը եւ իր համակրանքը նկատի պէտք չէ ունենայ, երբ իր վստահութիւնը կը յայտնէ, այսինքն` երբ կ’ընտրէ, այլ` հանրային բարօրութիւնը, զարգացումը, ապահովութիւնը, միութիւնը:
Համաշխարհային քաղաքական կացութիւնը երբեք ներկայի պատկերով խառնակ չէր եղած, նոյնիսկ համաշխարհային զոյգ պատերազմներու, խորհրդային օրերու եւ Արեւելք-Արեւմուտք տագնապներու շրջանին: Ինքնախաբէութիւն է խորհիլ, որ երրորդ համաշխարհային պատերազմի վտանգ կայ, քանի որ այդ պատերազմը տեղի կ’ունենայ արդէն, մոլորակի բոլոր անկիւնները: Գումարեցէ՛ք ամէն օր մեռնողները, կռիւները, գաղթականները, անօթիները եւ ըմպելի ջուր չունեցողները եւ կը հասկնաք, որ պատերազմը ընթացքի մէջ է:
Յետապագաղութարարութեան եւ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդող ժամանակաշրջանի հանգուցաւոր հարցերը մնացած են իրենց յառաջացուցած հակասութիւններու բարդութիւններուն մէջ, տագնապալի եւ բախումներու առաջնորդող: Անոնց վրայ կը գումարուին աշխարհի բնակչութեան աճը, կենսամակարդակի ահռելի տարբերութիւնները եւ բնական աղէտներու բազմապատկումը, աղէտներ, որոնք հետեւանք են նաեւ մարդկային գործունէութեան: Եւ հարց տուէք, թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ համաշխարհային պատերազմը:
Եզրակացութիւն. ղեկավարութիւնները ազգային եւ ընկերային հեռանկարներ չունին, զանոնք փոխարինած են նախընտրական խոստումներով, զորս չեն իրականացներ, կը մոռնան` միշտ արդարացումներ գտնելով: Եթէ չմոռնային եւ իրականացնէին, աշխարհ տարբեր կ’ըլլար:
Համաշխարհային Կարգ Են Անաշխատ Շահերը
Ինչո՞ւ այսպէս է կացութիւնը: Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ Պիոս ԺԱ. պապը, որ կը խօսէր «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան մասին» (Rerum novarum գիրը): Դրամը դարձած է համամարդկային նպատակ-արժէք, սակարաններու մէջ կ’որոշուին երկիրներու քաղաքականութիւնը, պատերազմները (հրասայլերով եւ ռումբերով կամ` առանց անոնց):
Եւ կամայ, ակամայ, մասնակից-մեղսակից ենք այդ կայսերապաշտութեան պահպանութեան եւ անոր յառաջացուցած մարդկային, հոգեբարոյական եւ բնապահպանական աղէտներուն, աւերներուն, չարաշահումներուն, անհաւասարութիւններուն:
Երբ արժեչափերը կը խախտին, կը տիրէ նախնական անտառի օրէնքը, քաղաքակիրթ դիմակի տակ, որուն ոչ ոք կը հաւատայ, բայց կը մասնակցի բեմադրութեան: Ձախողութիւններէ եւ գումարուած սխալներէ ետք, երբ խախտած կ’ըլլայ վստահութիւնը, «ղեկավարութիւններ»-ը, զանազան շահակցութիւններով եւ մեքենայութիւններով, չեն հեռանար, կը նշանակէ, որ մոռցուած կ’ըլլայ ժողովուրդի շահը եւ իրաւունքը, կը տիրէ համատարած եսական շահախնդրութիւնը: Այսինքն ղեկավարը կը դադրի ծառայելէ ժողովուրդին եւ ժողովուրդը կը ծառայեցնէ իրեն` ստեղծելով շահակցութիւններու շղթայ:
Այդ շահակցութիւններու սառցալերան տեսանելի-անտեսանելի ախտաւոր մասը անհաւասարութիւններու ծնունդ տուող անաշխատ հարստութիւններու կուտակումն է, աշխարհի բոլոր իշխանութիւններու պարագային, ինչ որ ընկերութիւնները կրծող փտախտն է, corruption-ը, զոր Հայաստան կը գործածեն տառադարձելով, կ’ըսեն` կոռուպցիա, թերեւս խորհելով, որ անոր հնչեղութիւնը եւ իմաստը աւելի ուժգին են, միաժամանակ քիչ մը աւելի փտախտը սրսկելով հայերէնի մէջ:
Երբ տնտեսութիւն, շահակցութիւն եւ «դրամի կայսերապաշտութիւն» կ’ըլլան գերակշիռ, տեղ չի մնար արդարին, արժէքին, մարդկայնութեան: Այսօր Եւրոպան կը վճարէ զինուորական ուժով եւ ապագաղութացումէն ետք հաստատուած բնական հարստութիւններու շահագործման գինը: Շահագործող եւ շահագործուող երկիրներու ղեկավարութիւնները սխալած եւ ձախողած են անմիջական շահերէ անդին հեռանկար չունենալու պատճառով, բայց կը շարունակեն կառչիլ իշխանութեան` ըլլալով բարեկամ եւ թշնամի միաժամանակ, բայց` միշտ դաշնակից: Եւ չեն յաջողիր յաղթահարել թշուառութիւնը, անհաւասարութիւնը, բայց այդ ձախողութիւնը պատճառ չ’ըլլար, որ լքեն իշխանութիւնը:
Զարմանալին այն է, որ թշուառութեան եւ անհաւասարութեան զոհերը կը շարունակեն «վստահութիւն» յայտնել կացութեան պատասխանատուներուն` մշակուած կողմնակալութիւններու պատճառով: Երբեմն հարց պէտք է տալ, թէ ի՛նչ տեսակարար տարբերութիւն կայ աստուածային իրաւունքով իշխող կայսրերու, թագաւորներու, արքայից արքաներու եւ իրենց դիրքերուն վրայ սխալելով հանդերձ, յաւերժացող ժամանակակից մեծ կամ նուազ մեծ ղեկավարութիւններու միջեւ:
Մարդկութիւնը պիտի յառաջդիմէ, եթէ նախ այս հարցումը ուղղէ: Աւելի կարեւոր, քան` ակնկալելի պատասխանը:
Ղեկավարութիւնները պետական, կրօնական, կուսակցական, միութենական եւ այլ, հաշուետու պէտք է ըլլան, իրենց ծրագիրներուն, առաջադրանքներուն եւ խոստումներուն իրականացման արդիւնքներով, որոնց բացակայութիւնը կը բնորոշուի ձախողութեամբ: Եթէ չկան այդ արդիւնքները, ինչո՞ւ կը մնան իրենց դիրքերուն վրայ: Հարցումին պատասխանը ծառայութիւնը չէ, այլ` անձնական շահը, եսը, փառքը: Այսպէս է Ափրիկէէն Եւրոպա եւ աշխարհի հեռու եւ մօտ անկիւնները:
Հայկական Իրականութիւնը Եւ
Հաշուետուութեան Հարցը
Այս բոլորը տեսնելէ ետք, մեղանչում չ’ըլլար հակիլ նաեւ մեր ազգային կացութեան վրայ, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Արդ, հարց տանք մենք մեզի, եւ մեր շրջապատին, բարի կամք ունեցողներուն, թէ հայկական իրականութեան ղեկավարութիւնները ո՞ւր եւ ե՞րբ ձախողած են, ո՞ւր կ’ըլլայ հաշուետուութիւնը, ժողովուրդը տէ՞ր է հաշուառուի իր իրաւունքին, այդ ժողովուրդը լուսաբանող հաղորդակցական միջոցները կը ծառայե՞ն այդ իրաւունքին, թէ՞ կը կատարեն «ղեկավարութիւններու» բարձրախօսի դերը` շղարշելով «սխալ եւ ձախողութիւն»: Յաճախ խօսած եմ անկախ մամուլի մասին, այսինքն` անկողմնակալ, կողմերէ եւ շահախնդրութիւններէ վեր, զոր չունինք:
Ի՞նչ պէտք էր ընէինք, ըրած ըլլայինք, որպէսզի տոկայինք, տեւէինք եւ շարունակութիւն ըլլայինք: Կամ, ի՞նչ կ’ընենք շարունակութիւն ըլլալու համար: Ի՞նչ պէտք է հասկնալ, երբ շարունակութիւն կ’ըսենք: Խօսքը, ի հարկէ, անհատական-ընտանեկան շարունակութեան չի վերաբերիր, այլ` հաւաքականութեան, որ այս պարագային հայ ազգն է, ազգը` իր բոլոր ստորոգելիներով, մնալու կամ կորսուելու հարցականով: Այդ շարունակութեան երաշխաւորները ղեկավարութիւնները պիտի ըլլան, ոչ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան ծառայողները եւ եսերու համար շարաշահողները:
Ազգային նշանակութեամբ անկեղծութեան պահու մը, երբ հարիւրամեակի մը դրասանգները վերցուած են, հարց պէտք է տանք մենք մեզի, եւ մասնաւորաբար ղեկավարութիւններուն եւ մենք մեզի, թէ անցնող տարիներուն ի՞նչ ըրած ենք եւ այսօր կ’ընենք Հայաստանի եւ Արցախի բնակեցման համար, որ հայրենիքի տիրութեան անսեթեւեթ նախապայմանն է, որուն բաղդատած խորհրդաժողով-զբօսաշրջութիւնները, որքան ալ հոգեպարար եւ յուզիչ ըլլան, ազգային իրաւ եւ ապագայակերտ քաղաքականութիւն չեն: Առանց հայերով բնակուած Հայաստան-Արցախի` բոլոր ճառերը կաչաղակի երգ են, իսկ հայրենիքի բնակեցումը մեր օտար բարեկամներով եւ դրացիներով չ’ըլլար, այդ կ’ըլլայ արտագաղթի վերացումով եւ իրենց գաղթական ըլլալը մոռցածներու վերադարձով:
Պետութիւն, կուսակցութիւններ, միութիւններ, մեծանուն բարերարներ կը չափուին այն հաշուետուութեամբ, թէ քանի տասնեակի, հարիւրեակի, հազարեակի հայրենադարձութիւն իրականացուցած են: Այս է իսկական այսօրուան ազգային մեկնակէտ եւ ապագայակերտ քաղաքականութիւնը, ո՛չ ցուցահանդէսը, ո՛չ ճաշկերոյթը, ո՛չ օտարները հմայելու կոչուած երգահանդէսը: Եւ ի հարկէ, անձին օրինակով, այսինքն բնակեցումը չիրականացնել միայն «աղքատ ազգականներով», այլ` բարերարներով եւ մեծանուններով:
Բնակուած հայրենիքն է ազգի ստորոգելին:
«Ղեկավարութիւնները» կը չափուին ազգային ինքնութեան պաշտպանութեամբ, որ ազգային հիմնական գաղափարախօսութիւն է, հեռանկար ունենալով հայոց հայրենիքի ամբողջացումը: Փոխանակ խորհելու, որ այդ անկարելի է, կամ ինչպէս կ’ըսէր տխրադէմ նախագահ մը, որ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել, պէտք է ընդունիլ երկարաշունչ պայքարի յանձնառութիւնը, առանց պարտուածի իրապաշտութեան, որ կը թելադրէ հրաժարումներ: Արդէն, եթէ ազգային գաղափարախօսութիւն ներշնչած ըլլայինք հայկական հաւաքականութիւններուն, աղէտ-արտագաղթը տեղի չէր ունենար: Փոխանակ յանցանքը փնտռելու տկարացող հոգիներուն մէջ, զայն պէտք է վերագրել «ղեկավարութիւններու» սխալին եւ ձախողութեան, եւ ինչո՞ւ չենք ըսեր, որ անոնք ձախողած են եւ իշխանափոխութիւն մը անհրաժեշտ է հայկական ապագային համար:
«Ղեկավարութիւնները» պատասխանատու են երէկի եւ այսօրուան ներազգային անհասկացողութիւններուն եւ մերժումներուն: Ինչո՞ւ հայրենասիրական զգացումներուն եւ ներգաղթի կոչին պատասխանածներ կրկին պիտի վերադառնային իրենց գաղթականի հիւրընկալ երկիրները: Ինչո՞ւ այսօր անհասկացողութիւններ կան, պետութիւնը եւ տեղացիները գուրգուրանքով չեն վերաբերիր անոնց նկատմամբ, որոնք զանգուած ալ չեն, որ կ’ուզեն Հայաստան-Արցախ հաստատուիլ: Հանրային կարծիքին եւ տրամադրութիւններուն միշտ ուղղութիւն կարելի է տալ:
Յաճախ կը խօսուի «հզօր» հայրենիք ունենալու մասին: Այդ հզօրութեան համար անհրաժեշտ է բարոյականութեան եւ վստահութեան շաղախը: Ինչո՞ւ մեր հայրենիքին մէջ, մենք որ տառապած ժողովուրդ ենք, մեր դռները բաց պիտի չկարենանք ձգել, ինչո՞ւ կողոպուտին եւ չարաշահութեան վերջ պիտի չկարենանք տալ: Պիտի կարենա՞նք օր մը համընդհանուր «աուտիտ անել», հրապարակել արդիւնքները` ըսելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած է արտաքին նպաստներ ստացող երկրի մը մէջ անհատական միլիոններ դիզել: Այս «աուտիտ անել»-ու յաջողութիւնը «ղեկավարութիւններ»-ու պարտականութիւնն է:
Հայաստան, եւ մասնաւորաբար` սփիւռքներ, հայկական վարժարան չյաճախող հայ տղոց համրանքը չափանիշ է «ղեկավարութիւններ»-ու սխալին: Ամէն անգամ որ հայկական վարժարան մը կը փակուի, «ազգի դատաստան»-ին պէտք է յանձնուին մարդիկ, յականէ անուանէ, փոխանակ բեմի վրայ մնալով իրենց աւերը շարունակելու: Նոյն հունով` հայերէնխօսութեան նահանջը նաեւ:
Եթէ անկախ մամուլ ունենայինք, եւ` անկախ հետախուզութիւն ընող լրագրողներ, «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի լրագրողներուն պատկերով, որոնք Ամերիկայի հզօր նախագահը պաշտօնանկ ըրին, հայկական իրականութիւնը տարբեր պատկեր կ’ունենար, դիմակները վար կ’առնուէին, ազգը եւ հայրենիքը յաւելեալ կենսունակութիւն կ’ունենային: Նոր դէմքեր հրապարակ կու գային, որոնք իրենց անձին օրինակով ուժականութիւն կու տային զանգուածներուն, ներսը եւ դուրսը:
Ինչո՞ւ Հրաժարած Ենք «The Right Man
In The Right Place»-էն
Քաղաքականութիւն է նաեւ որակով առաջնորդուիլ, որակաւորը տեսնել ղեկավարութիւններու մէջ: Երբեմն պէտք է յիշել ամերիկեան իմաստուն գործնապաշտութիւնը. «Ճիշդ մարդը իր ճիշդ տեղը» (the right man in the right place): Այն ատեն դպրոցի տնօրէն չենք կարգեր անձ մը, որ այդ դպրոցի վերի կարգի աշակերտ չի կրնար ըլլալ, կրթական մարմիններու մէջ չենք տեսներ անձ մը, որուն համար որպէս բարեմասնութիւն կը յիշուի, թէ գրադարան ունի, եւ ի վերջոյ տուն կը ճամբուի կեղծ լուսապսակ գտնելու համար ուրիշի գրածը բեմէն կարդացողը, հանրութիւն խաբելու համար լատինատառ հայերէն ճառ արտասանողը, կամ հայերէն գիր-գրականութենէն անտեղեակը կոչելու մշակոյթ առաջնորդելու, դրամի «էսթեպլիշմընթ»-ը շոյելու համար:
Բազմագոյն քաղաքականութիւնները սխալ տեղ գացած են, ուստի պէտք չէ զարմանալ, որ զարթօնք չկայ: Ժողովրդավարական ընտրութիւններն անգամ վերականգնումի չեն առաջնորդեր, եթէ չվերականգնին իրաւունքը, թափանցիկութիւնը, ճշմարտութիւնը, արժէքները, որակը, այսինքն` բարոյականը, ethique-ը:
Եւ երբ կը խօսուի իշխանափոխութեան մասին, պէտք է մտածել որակի արժեչափով, եւ ոչ «դուն գնա՛ ես գամ»-ի անհորիզոն մրցակցութեամբ:
Պիտի գիտնա՞նք, մեր վարած քաղաքականութիւններուն մէջ «սխալած ըլլալ»-ը, խոստովանուած կամ գնահատուած, ձախողութիւն համարել եւ կեանքի կոչել նոր առաջնորդութիւններ:
Պատասխանը պէտք է գայ ժողովուրդէն եւ ոչ իշխանութեան դիրքերու վրայ յաւերժացող նոր օրերու աւատապետերէն, որպէսզի իսկական վերականգումով շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութեամբ գործէ ազգը…
8 յունուար 2016, Նուազի-լը-Կրան