Քանի՜ քանի՛ անգամներ նման յայտարարութիւններ կատարուած են զանազան կազմակերպութեանց ձեռնարկներուն, մասնաւորապէս իր պատկանած շատ սիրելի կնոջական մեծ ընտանիքին` ԼՕԽ-ի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, որուն տարիներ շարունակ իր ներդրումը բերաւ` յայտնի եւ անյայտ ծառայութիւններ մատուցելով:
Արտաքին երեւոյթով մեղմ, ժպտուն, համեստ, հեզաբարոյ խառնուածքով, խիստ ծառայասէր նկարագրով օժտուած, սակայն հաստատ կամքով, քրիստոնավայել հաւատքով, հայեցի դաստիարակութեամբ կազմած էր ընտանեկան ջերմ բոյնը, ազգանուէր զաւակներով` Ռեբիկը, Կապին եւ Վաչէն, որոնք անձնուրաց, զոհաբերող ոգիով ու իրենց մօր կողմէ աւանդ մնացած ծառայասէր ու ազգօգուտ գործունէութեամբ միշտ պատրաստ` օգտակար դառնալու ամէնուրեք: Հապա՞ թոռները ու ծոռները, իր կեանքին մայրամուտին օրերը լուսաւորող մեծագոյն բաժինը ունին ու անոնց հանդէպ տածած սէրն ու գուրգուրանքը սահման չունէր:
Թէեւ իր կեանքէն հանգրուան մը բազմաչարչար օրեր անցուց, իր ամուր կամքով յաղթահարեց ամէն դժուարութիւն` ապաւինելով Աստուծոյ բարիքներուն, կեանքը անցընելով նուիրումով ու զոհողութեամբ:
Սիրելի՛ «Վարդուկ», այսպէս կը փաղաքշէի քեզ, չեմ մոռնար, երբ ձեռնարկի մը առթիւ խօսափողը տուի, որպէսզի խօսք մը ըսէիր. վայրկեան մը մտածեցիր ապա սա շատ խորիմաստ երկու բառերը ըսիր.-
«Ես խօսիլ չեմ սիրեր, լռութեամբ կ՛ուզեմ գործել»: Այդ խօսքերդ մեզ գօտեպնդեցին ու մեր պատկանած ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին առաւել գործել ու մեր լաւագոյնը տալու մղիչ ուժը եղաւ:
«ԼՕԽ-ի Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցին բացումին, թէեւ շատ հիւանդ էիր, սակայն եկած էիր պատգամ մը տալու ու դարձեալ խօսափողը ձեռքիդ` սա շատ ճշմարիտ խօսքերը ըսիր «Տուէ՛ք, մի՛շտ տուէք ԼՕԽ-ին, ձեզի պէտք ունի ԼՕԽ-ը»:
Սիրելի՛ «Վարդուկ», բաժանմունդ մեծ կորուստ է ընտանիքիդ, մասնաճիւղիդ ու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին»:
Այս քանի մը տողերը որպէս փունջ մը ծաղիկ` շիրիմիդ վրայ.
կ՛ըսեմ` վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկերուհի:
Յիշատակդ յաւերժ մնայ:
ՇԱՔԷ