Սիրելի՛ Սօսի,
Քառասուն օրեր առաջ, Ամերիկայի հեռաւոր ափերէն, կայծակի արագութեամբ, ԼՕԽ-ի ընտանիքը իմացաւ մահուանդ գոյժը, որ խոր սուգի մատնեց բոլորս:
Ծառայութեան դաստիարակութեամբ համակուած` տարիներ շարունակ նուիրուածութեամբ ծառայեցիր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերուն ու մասնաճիւղերուն մէջ: Շատ փոքր տարիքէդ միացար ԼՕԽ-ի շարքերուն ու ամբողջ կեանքիդ ընթացքին անձնուրացութեամբ ծառայեցիր ԼՕԽ-ին` բծախնդրութեամբ կատարելով քեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:
Լուռ, անխօս, ուղիղ նկարագրովդ եղար օրինակելի ու հաւասարակշռուած ներկայութիւն: Հանդարտ ու համերաշխ կեցուածքով, լաւատեսութեամբ համակեցիր բոլորը` որպէս սիրելի ու հարազատ ընկերուհի:
Յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ քեզ ճանչցող ընկերուհիներուն յիշողութեան մէջ:
Ճիշդ է, որ կեանքիդ վերջալոյսը եղաւ տարբեր երկնքի տակ ու մենք ֆիզիքապէս մնացինք քեզմէ հեռու, սակայն ՀՕՄ-ի ընտանիքը ստանձնեց քեզ արժանաւորապէս հողին յանձնելու պարտականութիւնը: Մասնաճիւղերու հոծ բազմութեամբ, ցաւակցական դամբանականով, գովաբանեցին տարիներու վաստակդ, ու մենք` ԼՕԽ-ականներս պահ մը թռիչք տուինք մեր երեւակայութեան ու միացանք մեր ընկերուհիներուն:
ՀՕՄ-ի դրօշը, որ զետեղուած էր վրադ, կ՛ապացուցէր տարիներու զոհաբերութեանդ հատուցումը:
Կը խոնարհինք անգամ մը եւս «ծառայութիւն» բնորոշող դրօշին առաջ, դրօշ մը, որ պիտի մնայ ընտանեկան պարագաներուդ միակ շօշափելի յիշատակը` որ քու բեղուն գործունէութեանդ ու անսակարկ նուիրումիդ:
Սիրելի՛ ընկերուհի,
Քու անմոռաց յիշատակդ քանդակուած պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ ու միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ