Քառասուն օրեր առաջ մահը վայրագօրէն մեզմէ առյաւէտ խլեց բոլորիս սիրելի, տիպար ԼՕԽ-ական ընկերուհի մը` Սօսի Քէօլեանը:
Այո՛, տիպար` բառին ամբողջական եւ վաւերական հասկացողութեամբ:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ամբողջ ընտանիքը, յատկապէս Պուրճ Համուտի «Աշխէն» մասնաճիւղը, կորսնցուցին ծառայասէր, անձնազոհ եւ նուիրեալ ընկերուհի Սօսին, որ իր պատանեկութեան օրերէն նուիրուած էր ազգին եւ անոր իտէալ գաղափարներուն: եղած էր ՀՄԸՄ-ական, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ եւ մաս կազմած էր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան:
Որպէս ԼՕԽ-ական, ծառայած էր «Աշխէն» մասնաճիւղին` երկար տարիներ ստանձնելով վարչութեան ատենապետութեան պաշտօնը, եղած էր նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ:Ամենայն խոնարհութեամբ եւ խորին ծառայութեամբ իր մասնակցութիւնը ի սպաս դրած էր, իրեն յանձնուած գործի մը կամ պատասխանատու պաշտօնի մը համար: Ան իր ամբողջ կեանքը ընծայաբերած էր ազգին եւ ԼՕԽ-ին, քաջ հաւատալով, որ այս երկուքին ծառայելու աշխատանքը սուրբ է ու նուիրական:
Սիրելի՛ ընկերուհի, որքան դառն է մահուանդ գոյժը եւ կորուստդ մեզի համար, այնքան ալ քաղցր են յիշատակներդ եւ անշահախնդիր ծառայութիւնդ: Սերունդներ միշտ պիտի յիշեն քեզ եւ պիտի ձգտին հետեւիլ բարի օրինակիդ` նուիրումով, ծառայութեան գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ գործելու:
Քառասունքիդ տխուր առիթով կու գանք խոնարհիլ տարիներու վաստակիդ դիմաց` մեզի հետ բերելով հոտեւան խունկ եւ սրտագին հոգեպարար աղօթք:
«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»
ԼՕԽ-Ի «ԱՇԽԷՆ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ