ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին, որ Տէրը, արդար դատաւորը, իբրեւ հատուցում` ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը»:
Բ. Տիմոթէոսի 4:7
Քրիստոնէական կրօնի հիմը եւ քրիստոնեայ անհատին ուղեցոյցը Աստուածաշունչն է: Դարեր շարունակ քրիստոնեաները եւ մասնաւորաբար հայերը իրենց հաւատքը պահեցին` հետեւելով Աւետարանի ուսուցումներուն: Քրիստոս իր կեանքով կենդանի օրինակ դարձաւ իր հետեւորդներուն` քաջալերելով զանոնք միայն ունկնդիրներ չըլլալու, այլ ապրելու մեզի սահմանուած կեանքը գործնապէս ցոյց տալով մեր հաւատքը:
Այս առումով Նոր կտակարանին մէջ Տիմոթէոսին ուղղուած Պօղոս առաքեալի երկրորդ նամակը քաջալերանքի մնայուն աղբիւր է բոլոր հաւատացեալներուն համար եւ մանաւանդ անոնց, որոնք Տիրոջ ծառայութեան գործին լծուած են, որ իրենց հաւատքի պայքարը մղեն անվախօրէն, համբերութեամբ եւ սիրով:
Քառասուն օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցները եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը կորսնցուցին Կիրակնօրեայ դպրոցի բազմավաստակ տեսուչ եւ սերունդներու դաստիարակ քոյր Յասմիկ Սիմոնեանը:
Ան մեծցած է խարբերդցի հայաշունչ ու աստուածավախ յարկի մը տակ: Իր մանկութիւնը անցուցած է Հալէպի մէջ, ապա փոխադրուած Պէյրութ: Դառն մանկութիւն մը անցուցած է, որովհետեւ հայրը կորսնցուցած է երիտասարդ տարիքին: Մայրը կատարեալ համբերութեամբ եւ բծախնդրութեամբ դաստիարակած է զինք:
Քոյր Յասմիկ երիտասարդ տարիքին անդամակցած է Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու ընտանիքին` որպէս ուսուցիչ, ապա տեսուչ` պաշտօնավարելով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ աւելի քան քառասուն տարիներ: Քոյր Յասմիկ Սիմոնեանի քառասնամեայ ծառայութեան յոբելեանին առիթով` Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ Ծ. վրդ. Խաչերեան (այժմ` արքեպիսկոպոս) գնահատանքի եւ օրհնութեան գիր շնորհեց անոր:
Ան անդամակցեցաւ նաեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան աղօթարանին եւ ժամանակ մը ետք դարձաւ քարոզիչ:
Քոյր Յասմիկին տունը, որ կը գտնուէր Մարաշ թաղը, դարձած էր բոլոր տարիքի անձերու աղօթքի եւ սփոփանքի վայր: Նախքան իր առողջութեան վատթարանալը ան աւետարանը քարոզեց ամէնուրեք` հեռաւոր Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան եւ Միջին Արեւելեան երկիրներ:
Ան մնայուն ներկայութիւն եղաւ նաեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուող ժամերգութեանց եւ պատարագներուն:
Իր բնաւորութեան բնորոշ յատկանիշներն են` հեզահամբոյր հոգի, բուռն ընթերցող, ջերմեռանդ հաւատացեալ, հիւրասէր, բծախնդիր եւ քաջ քարոզիչ:
Քոյր Յասմիկ ընտանիք չկազմեց, սակայն իր հարիւրաւոր աշակերտները կրթեց Աստուծոյ շունչով եւ զանոնք սեպեց որպէս իր ընտանիքը:
Իր մեկնումով այսօր կը սգան Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցները եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը:
Թող իր յիշատակը անմար մնայ եւ մեզի տիպար օրինակ` շարունակելու մեր կեանքը:
Հանգիստ յոգնաբեկ ոսկորներուդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: