ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Պոլիս, 4 Դեկտեմբեր, 1926 – Պէյրութ 15 Փետրուար, 2016
Երջանիկ եմ, որ այդ հեռաւոր եւ հայաշատ
վայրերում, հայ թատերական արուեստի
հիմնարկութիւն մը կայ, եւ որի ձեռնարկողներից
մէկը նոյն աղբիւրից դաստիարակուած մի
երիտասարդ է, ինչ աղբիւրից դաստիարակուած եմ ես:
ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ծնած է 4 դեկտեմբեր, 1926ին, Պոլիս: Իր թատերական ուսումը ստացած է տեղւոյն թատերական հիմնարկին մէջ: Արդէն 1944-ին կը մասնակցի Պոլսոյ քաղաքապետարանի ներկայացումներուն: Պոլսոյ մէջ կը բեմադրէ տասնեակ մը գործեր, որոնց կարգին կ՛արժէ յիշել Պեն Ճոնսընի «Վոլփոն»-ն եւ Մոլիեռին «Ագահը» թատրերգութիւնները:
Հայ թատրոնի սկզբնական խարխափումները ազգային թատերախաղով կատարած էր ան, սակայն կը փորձէր նոր թռիչք տալ իր արուեստին: Պոլիսը այլեւս բան մը չունէր իրեն տալիք, յառաջդիմութիւն ալ չկար… իր ընդվզումին առընթեր, իր մէջ բնածին տաղանդ տեսնելով, Պերճին բարեկամ թուրք դասախօսը կը յայտնէ. «Ինծի երդում ըրէ, որ թատրոնը երբեք պիտի չլքես… այստեղ քեզի յարմար չէ, մի՛ մոռնար որ հայ ես, ինչո՞ւ հայուն առաջնակարգ դեր տալ…»: Այս դասը բաւարար էր Պերճին, որ 1951-ին հեռանար Պոլիսէն:
Պէյրութ. կը հաստատուի հոն, ընտանիք կը կազմէ եւ կը շարունակէ իր թատերական գործունէութիւնը: Կ՛ամուսնանայ 1959-ին, նկարչուհի Սիրվարդ Գրիգորեանի հետ, որ կը մնայ Պերճին կեանքի, արուեստի ու բեմի մնայուն ընկերը: Կը բախտաւորուի երկու զաւակներով. մանչը` Յարութը, ծանօթ խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար է զանազան սիմֆոնիք նուագախումբերու` Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:
Պէյրութի մէջ 1956-ին կը հիմնէ «Նոր բեմ», 1959-ին ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» եւ 1971-ին «Ազատ բեմ» թատերախումբերը, որոնք մեծ արձագանգ կը գտնեն տեղւոյն հայատառ, արաբատառ եւ ֆրանսատառ բոլոր թերթերուն մէջ անխտիր: Ֆազլեան կը հրաւիրուի, արաբական աշխարհի հանրածանօթ լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզի մասնակցութեամբ, Ռահպանի եղբայրներուն թատրերգութիւնները բեմադրելու Պաալպեքի փառատօնին, ինչպէս նաեւ` Պէյրութի ու Դամասկոսի մէջ. եւ այսպէս տասնվեց տարիներ շարունակաբար կը բեմադրէ Ռահպանի եղբայրներու երաժշտա-թատերական գործերը:
1975-ին կը գաղթէ Քանատա եւ կը հաստատուի Մոնրէալ: Հոն եւս կը լծուի գեղարուեստական աշխատանքի: Առաջին իսկ օրէն կը միանայ Թէքէեան մշակութային միութեան մեծ ընտանիքին` հոնկէ թափ տալու իր մշակութային գործունէութեան Քանատայի տարածքին: 1976-ին կը հիմնէ Մոնրէալի ԹՄՄ «Հայ բեմ» թատերախումբը եւ հայերէնով կը բեմադրէ քանատացի ծանօթ հեղինակ Ռոպեր Կիւրիքի «Պարան կը ծախեմ» թատրերգութիւնն ու կը մասնակցի տեղական «Փոքրամասութիւններու թատերական փառատօն»-ին եւ կ՛արժանանայ առաջին մրցանակին: 1989-ին կը հիմնէ Մոնրէալի ՌԱԿ-ի «Արմէնօրամա» հեռատեսիլի հաղորդումները:
«Հայ բեմ» թատերախումբը ելոյթներ կ՛ունենայ նաեւ Լոնտոնի, Փարիզի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Նիւ Եորք, Պոսթոն, Ֆիլատելֆիա…) զանազան քաղաքներուն մէջ: Լոնտոնի բեմադրութեան օրերուն Պերճ Ֆազլեան կը միանայ ՌԱԿ-ի շարքերուն` Վարդան Ուզունեանի կնքահայրութեամբ ուխտը տալու տարիներէ ի վեր իր հաւատացած ՌԱԿ-ի քաղաքական ու հայրենասիրական ուղեգիծին:
Լիբանանի մէջ արդէն ան մնայուն բարեկամական կապեր հաստատած էր ղեկավար շրջանակներուն հետ, ինչպէս` Գերսամ Ահարոնեանին եւ Հրաչեայ Սեդրակեանին հետ: Արձանագրենք նաեւ, որ Պէյրութի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի անդամներէն շատեր եղած են ռամկավար ազատականներ` Զաւէն Գալուստեան, Յարութիւն Գնդունի, Խաչիկ Թաշճեան, Յարութիւն Թումայեան, Վարդգէս Իւրնեշլեան, Աստղիկ Պասմաճեան, Թորոս Սարգիսեան, Համբարձում Տատուրեան, Գրիգոր Տեկիրմենճեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Սարգիս Մինասեան, Լեւոն Թորոսեան, Անի Եաղճեան, Յակոբ Վարդիվառեան եւ այլն: «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին ծնունդը կարեւոր հանգրուան մը պէտք է նկատուի, անոր համար որ Պէյրութի մէջ կար միայն մէկ մնայուն թատերախումբ մը` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»-ը, որ իր վրայ հրաւիրած էր քաղաքի թատերասէր հասարակութեան ուշադրութիւնը:
Որպէս դերասան մասնակցած է տասնեակ մը ժապաւէններու, որոնց բեմադրիչները եղած են` Եուսեֆ Շահին, Հանրի Պարաքաթ, Անթուան Ռեմի, Նիյազի Մուսթաֆա եւ ուրիշներ: Գլխաւոր դեր ստանձնած է նաեւ Քանատայի անգլիախօս ժապաւէնի մը մէջ` Նեքսդ օֆ Քին», որուն բեմադրիչը աշխարհահռչակ Ատոմ Էկոյեանն է եղած:
Հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներով բեմադրած է աւելի քան 100 թատրերգութիւններ, որոնց մէջ անմոռանալի կը մնան Շէյքսփիրի «Միջամառնային գիշերուան երազ», Մոլիեռի «Սքափէ»-ն, «Ժորժ Տանտէ»-ն, եւ «Ագահը», Կոլտոնիի «Ստախօսը», Կոկոլի «Ամուսնութիւն» թատրերգութիւնները եւ մանաւանդ Ժորժ Շեհատէի «Վասքոյի հեքիաթը» թատրերգութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ Լիբանանի մէջ, հեղինակին ներկայութեան: Իսկ Այսամ Մահֆուզի «Զանզալաքտ» թատրերգութեան բեմադրութիւնը անկիւնադարձ կը նկատուի լիբանանեան թատրոնի տարեգրութեան մէջ:
Երկար տարիներ թատերական նիւթեր դասաւանդած է Լիբանանի պետական, Սեն Ժոզեֆ եւ Քաֆաաթ համալսարաններուն մէջ:
Պերճ Ֆազլեան 1986-ին Խորհրդային Հայաստանի պետութեան կողմէ կը հրաւիրուի, որպէսզի բեմադրութիւններ կատարէ եւ հոն` պետական պատկերասփիւռի կայանի առաջարկով կը բեմադրէ Երուխանի «Ձկնորսի սէրը» պատմուածքը: Ֆազլեան պարգեւատրուած է 1985-ին, Հայաստանի մէջ, սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի կողմէ 2000-ին Պէյրութի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստանալով «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:
ԹՄՄ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կազմակերպած է Պերճ Ֆազլեանի յոբելենական տարեդարձը` Նիւ Ճըրզիի մէջ, 30 ապրիլ, 2006-ին: Այս կ՛ըլլար Պերճին նուիրուած առաջին մեծարանքի արտայայտութիւնը, ուր հոծ բազմութիւն մը թատերասէրներու եկած էր Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն` բերելու իր յարգանքի եւ հիացմունքի մասնակցութիւնը: Խօսք կ՛առնեն թատերական գործիչներ` Գրիգոր Սաթամեան (Լոս Անճելըսէն, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Ֆազլեանի բեմադրութեամբ), Ժիրայր Փափազեան (Փարիզէն), Կարինէ Քոչարեան, դոկտ. Հրանդ Մարգարեան (Նիւ Եորքէն), Թամար Յովհաննիսեան (Լոս Անճելըսէն, այրին` Մհեր Մկրտչեանի), Նորա Արմանի, Պերճ Արազ, Միսաք Պօղոսեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորքէն): Այս առթիւ կ՛արժանանայ ՀԲԸՄ-ի «Պատուոյ վկայական»-ին ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակին ու «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանին, զորս կը յանձնէ Ամերիկայի հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան:
Ֆազլեանի Մասին
Լեւոն Թորոսեան («Զարթօնք», Պէյրութ, 1960). «Ֆազլեան թատրոնի խենթ մըն է, բառին աղուոր իմաստով: Ան անկաշառ կերպով նուիրուած է հայ թատրոնի սրբազան դատին»:
Արմէն Դարեան («Յառաջ», Պէյրութ, 1960). «Ֆազլեան լաւապէս ըմբռնած է, թէ բեմադրիչը թատերագիրը ընդօրինակող եւ կրկնող գործիք մը չէ, այլ` իր կարգին ստեղծագործ արուեստագէտ մը»:
Գրիգոր Քէօսէեան («Զարթօնք», Պէյրութ, 1963). «Թատերախումբին բեմադրութիւնը լրիւ յաջողութիւն մըն է: Եւ ասիկա պատիւ կը բերէ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին»:
Օննիկ Սարգիսեան («Խօսնակ», Պէյրութ, 1964). «Պերճ Ֆազլեանի պրպտող ջանքերուն շնորհիւ է, որ բեմական գեղեցկութիւնը հետզհետէ կ՛այցելէ մեզի»:
Աւետիս Եափուճեան («Արեւ», Գահիրէ, 1969). Պերճ Ֆազլեան ոչ միայն հանրածանօթ բեմադրիչ ու դերասան է, այլեւ` արուեստագէտի իր առաքելութեան գիտակից մարդ մը, խոհուն, ինքնավստահ, բայց համեստ»:
Արա Արծրունի («Ազդակ», Պէյրութ, 1970). «Բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեան պատուով եւ յաջողութեամբ յաղթահարեց դժուարութիւնները: Արդարեւ նոր բեմականացումով մը բոլոր թերութիւնները ջնջուած էին»:
Դոկտ. Պախտիար Յովակիմեան (Երեւան, 1987). Տեսնուած բա՞ն է, որ միջազգային ասպարէզներում հայազգի թատերական գործիչը ներկայացնէ Լիբանանի արաբական թատրոնը»:
Շաքէ Վարսեան («Հայրենիքի Ձայն», Երեւան, 1987). «Եռանդուն, գործիմաց, խիզախ մտայղացումների տէր եւ դրանք յամառօրէն իրագործող թատերական գործիչ է Պերճ Ֆազլեանը»:
Պայծիկ Գալայճեան («Զարթօնք», Պէյրութ, 19 սեպտեմբեր, 2009). «Հայկական եւ լիբանանեան թատրոնի երկնքին վրայ աստղափայլող երեւոյթ մը եղաւ Ֆազլեան. արաբական թատրոնին մէջ ունեցաւ իր ուրոյն հեղինակութիւնը` դառնալով միւս կողմէ լիբանանահայ թատրոնի կաղնին»:
Վերջին այցելութիւնս տուի իրեն այս տարուան յունուար 5-ին, Պէյրութի արուարձանային հիւանդանոցի մը մէջ: Մի՛շտ արթուն տեսած եմ զինք… իմ ճանչցած Պերճէն մնացած էին իւրայատուկ իր աչքերը միայն: Ամուր սեղմեցի վարպետին ձեռքը, համբուրեցի ու կամացուկ մը հեռացայ սենեակէն:
Կը մահանայ Պէյրութի մէջ, 15 փետրուար, 2016-ին, 90 տարեկանին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Անթիլիասի մայրավանքի մէջ, 18 փետրուար, 2016-ին:
Պերճ Ֆազլեան գնաց միանալու իր ընկերներուն` Վահրամ Փափազեանին, Հրաչեայ Ներսէսեանին, Վարդան Աճեմեանին ու Ֆրունզիկին: Հիմա ան արդէն վերէն կը խնդայ այս աշխարհը մնացած իր երկրպագուներուն:
Նիւ Եորք