ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Մեզմէ հրաժեշտ առաւ վարպետը` Պերճ Ֆազլեան (1926-2016), թատրոնի եւ հասարակական կեանքի եզակի երեւոյթ մը, ֆենոմէն մը հանդիսացաւ, իր անձին մէջ խտացնելով արեւմտահայու աստանդական հայրենազրկեալի ճակատագիրը, բայց միաժամանակ անսպառ կորովով պայքարող ու արարող, կեանքին պինդ կառչած, ընդելուզումի ճամբով` ոչ ձուլուելու, տարբեր ժողովուրդներու հետ հեզասահ համարկուող, միջազգայնական, յառաջապահ, յանձնառու տարագիր սփիւռքահայու եւ մարտնչող մարդու կերպարը եւ հազուագիւտ երեւոյթ մը: Եւ` մնաց միշտ համեստ, մարդամօտ եւ հասարակական իր պատասխանատուութեան գիտակից, օրկանական արուեստագէտ-մտաւորականը, որ անտարբեր չմնաց իր ժողովուրդին ու մարդկութեան համայնական շահերուն ու երազանքներուն, ցաւերուն ու կարիքներուն հանդէպ: Միշտ պատրաստ փնտռելու նորը, պաշտպանելու արդարը, բարին ու գեղեցիկը, մանկական անեղծ խղճմտանքով, եւ` յեղափոխականի արթնութեամբ, ընդվզելու անարդարին ու բռնակալին դէմ: Եւ երբ Պոլիսէն հասաւ Պէյրութ, ան Լիբանանահայ գրական շրջանակին մէջ գտաւ իր հարազատ դպրոցը եւ հիմնեց այդ դպրոցի թատրոնը ու զայն մկրտեց «նոր» անունով` «նոր բեմ»: Եւ` նորոգեց ո՛չ միայն լիբանանահայ, այլ նաեւ Լիբանանի արաբական թատերական կեանքը անխտրական համայնասիրութեամբ:
Դիպուած մը չէր, որ ան 1951-ին Պէյրութի մէջ, իր առաջին երեւումը ունեցաւ Ղեւոնդ Երէցի դերով` Աշոտ Մատաթեան վարպետին բեմադրած «Վարդանանք»-ին մէջ, սինեմա «Օփերայ»-ի մէջ, Աւարայրի ճակատամարտի 1500-ամեակին առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին, որուն կը նախագահէր երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսը, որ Սարդարապատի համաժողովրդային յաղթական հերոսամարտին մէջ ունեցած իր Ղեւոնդ Երէցեան դերակատարութեան…: Դիպուած մը չէր նաեւ, որ աւելի ուշ, 1967-ին, Ռահպանիներու բեմագրութեան հիման վրայ եւ Եուսէֆ Շահինի բեմադրութեամբ նկարահանուած «Սէֆէր Պէրլիք» ժապաւէնին մէջ. խաղաց թուրք սպային դերը, իսկ 1969-ին, Կերի Կարապետեանի «Բոլորս Ֆետայիներ ենք» ժապաւէնին մէջ` սիոնական սպայի դերը…: Ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը զաւակը միայն կրնար լաւագոյնս մարմնաւորել այս երկու ցեղապաշտ պետութիւններու` փանթուրքական Թուրքիոյ եւ սիոնական Իսրայէլի բանակներու սպայի կերպարները…: Աւելորդ չ՛ըլլար յիշեցնել, թէ Ֆազլեան Պոլսոյ թատերական հիմնարկին մէջ աշակերտած էր գերման բեմադրիչ Քարլ Իւպէրթին, որ ճաշակած ըլլալով նացիական սպաներու խժդժութիւնները, ապաստանած էր Պոլիս, եւ իր աշակերտներուն նկարագրած` նացի սպայի կերպարը:
Հոս տեղին է յիշել նաեւ այն, որ Պոլսոյ թատերական հիմնարկին մէջ Ֆազլեանի ուսուցիչներէն մին` իրեն ծանօթացուցած էր Մարքսեան գիտական տեսութիւնը` որպէս մարդկութեան վսեմագոյն քաղաքափիլիսոփայական ուսմունք, եւ պոլսահայ հոյլ մը մարքսական մտաւորականներու: 1951-ին, երբ երկրի իշխանութիւնները դաժան հալածանքի սկսան երկրին մէջ բազմացող ձախակողմեան ու մարքսական մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու դէմ, (զուգահեռաբար` Միացեալ Նահանգներու մէջ, ցուրտ պատերազմի սարսռաշունչ քամիներու օրերուն, Մըք-Քարթխի շղթայազերծած հալածանքին) հոյլ մը պոլսահայ մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու գրողներ Պոլիսէն անցան Պէյրութ, եւ իրենց հարազատ մթնոլորտը գտան լիբանանահայ գրական շրջանակին մէջ` Գեղամ Լ. Սեւան, Պերճ Ֆազլեան, Ժաք Իհմալեան, Զաւէն Պիպեռեան, տոքթ. Աչըքկէօզեան, Արամ Փեհլիվանեան, Երուանդ Կոպէլեան եւ ուրիշներ:
Լիբանանցի իմաստասէր բանաստեղծ Ունսի Հաժ Ֆազլեանը ներկայացուցած է Ռահպանիներուն, որոնք ստեղծագործ ու նորարար բեմադրիչ կը փնտռէին Լիբանանի մէջ: Այս ծանօթացումը վերածուցեաւ 16 տարիներու գործակցութեան-ամուսնութեան եւ Ֆազլեան բեմադրեց անոնց բոլոր գործերը մեծ յաջողութեամբ` «Մատանիներու վաճառողը»-էն մինչեւ «Մայս Ալ-Ռիմ», անցնելով «Հելեն եւ թագաւորը», «Անձը», «Կայանը», «Լուլու», «Կեցցէ, կեցցէ», եւ միւս գործերէն, այս բոլորը Էրզի փառատօններու, Փիքատելլիի թատրոնի եւ Պաալպէքի փառատօններու բեմերէն` յաղթական մուտք գործելով համարաբական թատերական ու շարժապատկերի աշխարհ: Ռահպանիներու` Ասիի, Ֆէյրուզի եւ Մանսուրի հետ Ֆազլեանի յարաբերութիւնները նման էին միեւնոյն ընտանիքի համախոհ անդամներու յարաբերութեանց, մասնաւորաբար Ասի Ռահպանիի հետ: 2015-ին, «Ալ-Ամնուլաամ» (ընդհ. Ապահովութիւն) պաշտօնաթերթին իր տուած հարցազրոյցին մէջ, Ֆազլեան ըսած է, թէ 1972-ին, Ասի Ռահպանիի ուղեղային արիւնահոսութեան ժամանակ, երբ վիրահատութեան սենեակէն Ասին փոխադրած են իր սենեակը, եղբայրը Մանսուր ոչ ոքի արտօնած է մտնել սենեակ, բացի Պերճէն, եւ, մինչ այդ տակաւին խօսելու անկարող Ասին, երբ տեսած է Պերճը իր գլխուն վերեւ` կրցած է արտասանել յետ վիրահատութիւն իր առաջին բառերը…
Ֆազլեանի ցուցումներով ղեկավարուեցան Լիբանանի արաբ եւ հայ շատ ու շատ շնորհալի դերասաններ, արուեստագէտներ եւ նոյնիսկ բեմադրիչներ: Արաբներէն` Ֆէյրուզը, Սապահը, Նիտալ Աշքարը, Ուատիհ Ալ-Սաֆին, Նասրի Շամսետտինը, Նապիհ Ապուլ-Հասանը, Ռիմոն Ժպարան, Ֆիլիփ Աքիքին, Անթուան Մուլթաքան, Ռիֆ՛աթ Թարապէյը, Ռոժէ Ասսաֆը, Ռուլա Համատէն եւ նոյնիսկ` Շուշուն:
Շուշուն (Հասան Աալա՛էտտին) եւ Ֆազլեանը գործակիցներ դարձան, երբ Ֆազլեան Լիբանանի գրական շրջանակի «Նոր բեմ»-ով, բեմադրեց Մոլիեռի «Ագահը», զայն արաբերէնով բեմադրեց նաեւ` Շուշուի թատրոնի բեմէն եւ Շուշուի դերակատարութեամբ: Երկուքը, գիշերուան 11:00-էն ետք, զիրար կը գտնէին Ռաուշէի Տոլչէ Վիթա սրճարանին մէջ եւ կը զրուցէին մինչեւ առաւօտեան փոքր ժամերը, որոնց մէկ քանիին ներկայ ըլլալու վայելքը ապրած է տողերս գրողը: Որպէս հանդիպումին ֆինալ, Շուշու թախանձագին կը խնդրէր Պերճէն, որ իր «ինքնատիպ» արաբերէնով տողեր արտասանէր «Համլեթ»-ի, «Յուլիոս Կեսար»-ի եւ «Օթելլօ»-ի մենախօսութիւններէն, որոնք կը պսակուէին Շուշուի շուշուական քահ-քահներով:
Անցեալ դարու 60-ականներուն Լիբանանի թատերական կեանքը ապրեցաւ ոսկեդար մը շնորհիւ Ֆազլեանի թատերագիտական արհեստավարժ հմտութեան եւ արուեստագէտի եւ խառնուածքին ու տաղանդին, որ առինքնեց լիբանանցի ո՛չ միայն դերասաններն ու բեմադրիչները, այլեւ թատերագիրներ, ինչպէս` ժալալ Խուրին, Իսամ Մահֆուզը, Ուսամա Արէֆը, Ռիմոն Ժըպարան, Լաթիֆէ եւ Անթուան Մուլթաքաները, Ատրէ Ժէտէոնը, Շերիֆ Խազնատարը եւ ուրիշներ: Ֆազլեան երկրին մէջ անկիւնադարձ մը արձանագրեց բեմադրելով Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախթ»-ը, եւ ֆրանսագիր լիբանանցի Ժորժ Շեհատէի «Վասքոյի հեքիաթը»` հայերէնով, Արմէն Դարեանի թարգմանութեամբ: Թատրոնի Միջազգային հիմնարկի պաշտօնաթերթը գովաբանեց լիբանանահայ թատրոնը` հաստատելով «Լիբանանահայ թատրոնը նուաճած էր արհեստավարժական միջազգային մակարդակ»: Անշուշտ այս նուաճումին սատարած էր նաեւ Վարուժան Խտըշեանի արհեստավարժ մակարդակն ու Զօհրապ Եագուպեանի եւ աւելի ուշ Գրիգոր Սաթամեանի նորարարութիւնը նաեւ:
Այդ երջանիկ տարիներուն Հայկազեան քոլեճի մէջ գումարուեցաւ լիբանանահայ թատրոնի Ա. խորհրդաժողովը, նախաձեռնութեամբ թատրոնի Միջազգային հիմնարկի Լիբանանի մասնաճիւղին նախագահ` Ժալալ Խուրիի, որուն կազմակերպական կոմիտէի անդամներն էին` Պերճ Ֆազլեան, Արմէն Դարեան, Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Լեւոն Թորոսեան եւ Ժերար Խաչերեան:
Այս տարիներու թատերական զարթօնքի երեւոյթներէն էր նաեւ այն, որ «Վ. Փափազեան» թատերախումբը Պերճ Ֆազլեանի ղեկավարութեամբ կը ներկայացնէր տարեկան մէկ նոր թատերախաղ մը, երբեմն ալ` երկու…:
Իսկ միեւնոյն թատերախաղը կ՛արժանանար երեք տարբեր մեկնաբանութիւններու, երեք տարբեր բեմադրիչներու կողմէ, ինչպէս օրինակ` Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», Համազգայինի Գ. Իփէկեանի, Ժորժ Սարգիսեանի, ՀԵԸ-ի «Վ. Փափազեան»-ի Պերճ Ֆազլեանի եւ «Անկախ Թատրոն 67»-ի Վարուժան Խտըշեանի մեկնաբանութիւնները: «Վ. Փափազեան» թատերախումբը պիտի ներկայացնէր նաեւ անհեթեթի թատրոնի երրեակէն Էօժէն Իոնեսքօ-ի եղերա-երգիծական մէկ գործը «Le Roi se meurt» հայերէնով (թարգմ. մեթր Գ. Տէրտէրեանի) Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութեամբ, որ անորոշ ժամանակով յետաձգուեցաւ, լիբանանանեան ներքին պատերազմին եւ Պերճ Ֆազլեանի Քանատա փոխադրուելուն պատճառներով:
Պերճ Ֆազլեան, որ իր պատանեկան տարիքին իր հօրենական տան մէկ անկիւնը հիմնած էր թատրոն մը, 1956-ին Պէյրութի մէջ հիմնած էր Լիբանանեան գրական շրջանակ եւ «Նոր Բեմ», եւ մինչեւ 1959 ներկայացումներ տուած Պէյրութի, Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ, եւ 1959-ին հիմնած էր ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը եւ 19 թատերախաղեր ներկայացուցած մինչեւ 1974, ապա հիմնած էր իր անհատական թատերախումբը` «Ազատ Բեմ»-ը, որուն խիզախ ներկայացումը եղաւ «Ապու Ալի Ասմարանի» թատերախաղը, որ խափանուեցաւ ոստիկանական բիրտ ուժի գործածութեամբ, ապա 1976-ին, այս անգամ Քանատայի մէջ հիմնեց Թէքէեան մշակութային միութեան «Հայ Բեմ»-ը: Երկու տասնամեակ ան մնաց Քանատա (Մոնրէալ) եւ գործեց Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու շարք մը քաղաքներու բեմերուն վրայ` խմբագրելով ու բեմավարելով նաեւ հեռատեսիլի հայկական յայտագիրներ:
Պերճ Ֆազլեան դերեր խաղցած է շարք մը լիբանանեան, եգիպտական, ֆրանսական եւ քանատական ժապաւէններու մէջ հանրածանօթ բեմադրիչներու ղեկավարութեան տակ, որոնց շարքին` Եուսեֆ Շահինի, Հանրի Պարաքաթի, Անթուան Ռէմիի, Հիազի Մուսթաֆայի, Կերի Կարապետեանի եւ Ատոմ Էկոյեանի, այս վերջինի «Նեքսթ օֆ Քին» ժապաւէնի կարեւոր դերերէն մէկը:
Ֆազլեանի թատերական վաստակը կը կազմեն շուրջ 100 բեմադրութիւններ, որոնց շարքին` Պէն Ճոնսընի «Վոլփոնէ»-ն, Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»-ը, Մոլիեռի «Խաչագողը», «Ագահը», «Սքափէնի խորամանկութիւնները» եւ «Ժորժ Տանտէն», Կոլտոնիի «Ստախօսը»-ն, Կոկոլի «Ամուսնութիւնը», Շէյքսփիրի «Սխալներու կատակերգութիւնը» եւ «Միջամառնային գիշերուան երազը», Մարսել Փանիոլի «Թօփազ»-ը, Ժորժ Շեհատէի «Վասքոյի հեքիաթը», Ռոպեր Կիւրիւքի «Կախաղանի չուանը»-ն եւ` Երեւանի մէջ Երուխանի «Ձկնորսի սէրը», Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածները», եւ Պերթոլտ Պրեխտի «Սէզուանի բարի հոգին» եւ «Երեք ղրուշնոց օփերան» թատրերգութիւնները եւ այլն: (1996-ին, Լիբ. գրական շրջանակի ակումբին մէջ, Պերճ Ֆազլեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Պրեխտի իւրայատուկ թատրոնին մասին, եւ Վարուժան Խտըշեան ներկայացուց իր տարբեր` անձնական տեսակէտը այդ մասին):
1985-ին Ֆազլեան պարգեւատրուած է Սփիւռքահայութեան մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի կողմէ, 2000-ին` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռէն «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով եւ 2006-ին` Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութենէն «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» շքանշանով:
Ֆազլեան արժանացած է մեծարանքի յոբելենական երկու հանդիսութիւններու: Առաջինը` հայկական 2006-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ, Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ: Երկրորդը` լիբանանեան, 2010-ին, մարտ 12-ին, Անթիլիասի Մշակութային շարժումին կողմէ, մասնակցութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին, որուն վեթերան անդամը մնաց Պերճ Ֆազլեան մինչեւ իր վերջին հրաժեշտը մեզմէ:
Ֆազլեան թատերագիտական նիւթեր կը դասաւանդէր Լիբանանի պետական եւ Սէն Ժոզեֆ համալսարաններուն մէջ: Հրատարակած է` Կիլիկեան կաթողիկոսարանի տպարանէն, իր կեանքի ոդիսականը պատմող մեծկակ հատոր մը, եւ աշխատակցած լիբանանահայ մամուլին, մասնաւորաբար` «Մեր նշանաբանն է` Յառաջ», «Յառաջ-Գրական», «Կանչ», «Ազգ. Մշակոյթ», «Զարթօնք», «Արարատ» եւ «Ծաղիկ» թերթերուն:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն, «Քարաքալլա» պարախումբի ղեկավարը Պերճ Ֆազլեանը նշանակած էր այս պարախումբի գեղարուեստական խորհրդականի պաշտօնին, եւ անոր կեանքի երկարատեւ ընկերուհին` արուեստագէտ նկարչուհի, դաշնակահար, դերասանուհի եւ թատերական հանդերձանքի մասնագէտ Սիրվարդ Գրիգորեան-Ֆազլեանն ալ նշանակած էր պարախումբին հանդերձանքի պատասխանատուն: Եւ Ֆազլեան իր կեանքի հրաժեշտի դերը խաղցաւ 2012 թուին, այս պարախումբի «Գիւղի օփերան»-ի ներկայացումին մէջ, խօսելով նաեւ հայերէն…»:
Ֆազլեան Պոլսոյ թատերական հիմնարկին մէջ աշակերտած էր` գլխաւորաբար փրոֆ. Մուհսէն Էրթողրուլին, որ աշակերտած էր թատրոնի հսկաներէն Ստանիսլաւսկիին, եւ բնականաբար Ստանիսլաւսկիի դպրոցին հանդէպ ունէր հիացում: Վահրամ Փափազեան եւս աշակերտած էր այս բարձր մակարդակ վայելող հիմնարկին, եւ իր երջանկութիւնը յայտնած էր երբ Ֆազլեան հիմնած էր «Վ. Փափազեան» թատերախումբը… Այս հիմնարկը Վահրամ Փափազեանը կը նկատէ թուրք թատրոնի հայ հիմնադիրներէն մին: (1976 թուականին, Թիւրք Իշ Պանքասըն հրատարակեց Turk Teatronun Elli Yil յուշամատեանը, որուն մէջ Վ. Փափազեանի անունը յիշատակուած է միւս հայ հիմնադիրներու շարքին):
Բայց եւ այնպէս Պ. Ֆազլեան իր փայփայած երեք երազանքներուն չհասած անդարձ մեկնեցաւ: Ան կը ցանկար մեկնելէ առաջ հիմնել թանգարան մը հանրային, թատերական հանդերձանքի, որմազդերու, տոմսերու, յայտագիրներու եւ ծանուցումներու, ապա` վերստին ներկայացնել Պերթոլտ Պրեխտի «Սէզուանի բարի հոգին» կամ` «Երեք ղրուշնոց օփերան» կտորը, հուսկ` վերստին այցելել Պոլսոյ մէջ իր հօրենական բնակարանը…:
90 տարեկանին ան պէմուրազ մեկնեցաւ, բայց իր ետին թողուց ո՛չ միայն թատերական մեծ վաստակ մը, այլեւ` մեծատաղանդ մեծաշնորհ գահաժառանգ մը` մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանը, որ Լիբանանին պարգեւեց ֆիլհարմոնիք նուագախումբ, հայու երախտիքը այս ասպնջական երկրին, որ հիւրընկալեց Մեծ եղեռնէն փրկուած հայ տարագրեալները:
Եւ` նշանակալից էր լիբանանեան մամուլին յարգանքի տուրքը Վարպետին, յատկապէս արաբատառ եւ ֆրանսատառ մամուլին, եւ ի մասնաւորի` «Ախպար» օրաթերթի օրինակելի շարժոյթը, որ երկու օրեր առաջ` ողջ արաբական աշխարհի թագադրեալ հրապարակագիր Մուհամմէտ Հասանէյն Հէյքալին յատկացուցած էր` անոր մահուան առիթով ամբողջ առաջին էջն ու ներքին երկու ամբողջական էջեր, փետրուար 17-ի իր համարին առաջին էջը ամբողջ ծածկած էր Ֆազլեանի դիմանկարով` յունահռոմէացի մեծերու յատուկ ոճով, եւ ներքին երկու ամբողջական էջերը նկարազարդ ու երկու մեծանուն ստորագրութիւններով` Ապիտօ Պաշա եւ Փիեռ Ապի Սաապ: Երկու էջերուն միացեալ վերտառութիւնը` «Թատրոնի կախարդին վերջին կայանը եղաւ Պէյրութ»: Ապիտօ Պաշայի երկար գրութեան վերտառութիւնը` «Ան իր մորթին տակ պահեց մահը եւ շարունակեց ընթանալ կեանքի մշակոյթի ուղիէն»: Իսկ Փիեռ Ապի Սաապ երկու էջերու առաջին սիւնակին վրայ ուրուագծեց Ֆազլեանի շատ քիչ անգամ յիշատակուող հասարակական մարդու եւ յանձնառու արուեստագէտի դիմագիծը` «Աստանդական հայը» վերնագիրին տակ, որուն առաջին նախադասութիւնը կ՛ըսէր. «Պերճ Ֆազլեան զրկուեցաւ հայրենիքէ մը, բայց ունեցաւ հայրենիքներ եւ եղաւ հիմնական կերտիչներէն` 60-ականներու արդիականացած Պէյրութին, զոր սովոր ենք կոչել լիբանանեան ու արաբական թատրոնի Ոսկեդարը»: Իսկ նկարները` առաջինը մեծկակ, ուր Ֆազլեան նստած է իր տան սենեակներէն մէկուն պատին առջեւ, որ զարդարուած է վարպետին բեմադրած կարեւորագոյն թատրերգութիւններուն որմազդներով: Երկրորդը` փոքր դիմանկար մը, ապագան խուզարկող հարցական նայուածքով: Երրորդը` միջին չափով, վարպետը իր հրաժեշտի դերին հանդերձանքով ու դիմայարդարումով նստած` «Քարաքալլա» պարախումբի «Գիւղի օփերան» թատերախաղին մէջ, ուր ան կը յիշեցնէ իր հայու ինքնութիւնը… խօսելով նաեւ հայերէն:
Խաղաղութիւն եւ հանգիստ` ֆենոմէն Վարպետի յոգնաբեկ ոսկորներուն:
22 փետրուար, 2016