Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Պերճ Ֆազլեան Հոն, Ուր Երազները Աւելի Հաստատուն Են, Քան` Իրականութիւնները

$
0
0

ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
«Լ՛օրիան լը ժուր»

Berge Fazlian_E

Դերասան, բեմադրիչ, քորեկրաֆ` Լիբանանի արուեստի աշխարհին մէջ. 1960-1970-ական թուականներուն թատրոնի առաջին քայլերուն մեծապէս սատարողը, նախաձեռնողն ու շարժիչ ուժն էր Պերճ Ֆազլեանը:

Իննսուն տարեկան հասակին, 15 փետրուար 2016-ի գիշերը ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն` աւարտին հասցնելով կեանք մը, որ եղած էր ձմեռնային ճամբորդութիւն մը` լուսաւորուած արեւներով:

Ո՛չ աքսորական կեանքը Պոլսոյ մէջ, ուր ծնած էր ան, ո՛չ Քանատան, ուր շրջան մը մնացած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, այլ Լիբանանի երկինքի տակ էր, որ անոր երազները աւելի հաստատուն դարձան, քան` իրականութիւնները: Պերճ Ֆազլեան հեռու երազող մը ըլլալէ աւելի անզիջող ու մինչեւ վերջին ծայրը գործը հետապնդող մարդն էր:

Երկար գործընթաց մը, որ կը տարածուէր երկիրներու եւ մայրաքաղաքներու վրայ, այդ թափառում մը չէր, այլ` փթթում մը ու կատարելագործուելու ձգտում: Պոլիս, Դամասկոս, Պէյրութ, Պաղտատ, Մոնրէալ: Կարեւոր հանդիպումներ, նշանաւոր մարդոց հետ, չհրատարակուած ստեղծագործութիւններ, բազմերանգ աշխատանքներ, որոնք ձեւաւորեցին Պէյրութի ոսկեդարի ամենածաղկուն շրջանը, այն տարիներուն, երբ փամփուշտ կը տեղար ու ամէն կողմ քանդում էր:

Նախաձեռնող դէմք մը` կազմուած «Սթանիսլաւ քիէն» դպրոցի շունչին տակ, զօրաւոր խառնուածքով, ան կը պայքարէր անվախօրէն, այս արեւին տակ տեղ մը ունենալու համար: Ան երբեք կղզիացած չմնաց իր համայնքին` հայկականութեան մէջ, այլ համարկուեցաւ նաեւ արաբական եւ ֆրանսախօս միջավայրերուն մէջ: Շաղուեցաւ մտաւորական եւ արուեստի շրջանակներուն հետ, նոյնիսկ` օտարերկրեայ շարժապատկերի մարդոց հետ կապեր հաստատեց:

Եռանդուն իր ալեւոր տարիքին մէջ

Թատրոնը իր կեանքին իմաստն էր: Այն թատրոնը, որ ժառանգութիւնն էր ազատութեան ու նուիրումին: Մշակոյթին նուիրուած սա մարդուն համար թատրոնը ազգի մը դպրոցն էր: Որքան այժմէական են Քաթերին տը Իիւսի միտքերը, երբ կը կշռենք մարդոց անկումը եւ զառամեալ վիճակը:

Արծուաքիթ եւ Վարդան զօրավարի երկրին յաջորդներուն դէմքով, ծոծրակին վրայ սպիտակ երկար մազերով, անխնամ մօրուքով, անգոյն զգեստով, հատու ձայնով Պերճ Ֆազլեանը, որ երբեք չհրաժարեցաւ իր հայկական առոգանութենէն, նոյնիսկ երբ Քարաքալային հետ արաբական բեմադրութիւններ կ՛ընէր: Ամենակարեւորը այն էր, որ ան միշտ կը հետաքրքրուէր անով, որ կը դառնար իր շուրջը, նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին եռանդուն եւ երիտասարդ մարդն էր` իր կողքին ունենալով համակարգիչը, որուն տառերը հայերէն էին:

Իրեն համար Շէյքսփիրի «Օթելլօ»-ն որ իր բարձին գիրքն էր, նախանձի ողբերգութիւն մըն էր, նոյն ատեն`  Արեւելքի եւ Արեւմուտքի պայքարը: Իսկ Մոլիեռի «Ագահը» թատրոնը կը յեղաշրջէր:

Պերճ Ֆազլեան Լիբանան կու գայ 1951-ին, ան չ՛ուշանար մաս կազմելու թատերական կեանքին, որ արդէն սկսած էր թափ առնել, իր կապերը հաստատելով Վահրամ Փափազեան թատերախումբին եւ Գրիգոր Սաթամեանի հետ, նոյն ատեն հեռու չմնալով արաբական թատրոնէն: Ան  դեր վերցուց Շէյքսփիրի «Լա քոմետի տէ զ՛էրէօր» թատրերգութեան մէջ, որ արաբերէնի թարգմանուած էր Ունսի Հաժի կողմէ: Այս դերը իր առջեւ բացաւ դռները արաբ հանրութեան, որ զինք մեծապէս գնահատեց: Ան նաեւ գործունէութիւն ունեցաւ Ռաշանայի մէջ. որ այն  ատեն մշակոյթի մեծ կեդրոն մըն էր: Նոյն ատեն դերեր վերցուց Պաալպեքի մէջ, Ռահպանի եղբայրներու եւ Ֆէյրուզի հետ:

«Պէյա խաուաթեմ (մատանի ծախող) թատրերգութեամբ իր դրոշմը դրաւ լիբանանեան բեմին վրայ: Այլեւս ան հանրածանօթ էր շատ մը նշանաւոր գրողներու, թատերագիրներու եւ դերասաններու: Յաջորդական իրագործումներ, որոնք տեղի ունեցան, շատ մելան հոսեցուցին: Գործակցութիւն` Իսամ Մահֆուզի հետ, ինչպէս նաեւ` Նապիհ Ապու Հոսնի, Ժալալ Խուրիի, Ֆըրիալ Քարիմի, Ֆիլիփ Աքիքիի, Անթուան եւ Լաթիֆէ Մոլթաքաներու, Ռիմա ժպարային եւ Շուշուին հետ, որուն բեմադրութեան ժամանակ երբ Ֆազլեան բեմի վրայ էր, կը մահանայ Կամալ Ապտել Նասերը` սուգի մէջ ձգելով ամբողջ արաբական աշխարհը:

Շարժապատկերի կալուածին մէջ Ատոմ Էկոյանը զինք մղեց դժուար դերեր ստանձնելու: Համագործակցեցաւ նաեւ Կարի Կարապետեանի հետ, բայց անոնց շարժապատկերի արկածախնդրութիւնը վերջ գտաւ հրդեհի մը պատճառով:

Պարի մէջ, նախքան լիբանանեան ներքին պատերազմը սկսիլը  «Տապքէ»-ն իր առաջին դողդողացող քայլերը կ՛առնէր, շուտով սկսաւ ծաղկիլ ազդեցութեամբը հայկական պարախումբին: Իր յարաբերութիւնները «Քարաքալլա» պարախումբին հետ շատ մտերմական էին, Ֆազլեանի նպաստը պարախումբին մեծ էր, նոյնիսկ` իր յառաջացած տարիքի շրջանին:

Աքսորական տարիներ

Լիբանանեան ներքին պատերազմը զինք չէր կրցած ահաբեկել: Հայ մըն էր, որ ճողոպրած էր Ցեղասպանութենէն եւ տեսած էր յոռեգոյնը: Բայց մարդկային զգացումներով բեղուն Ֆազլեանն էր, այդ օրերուն Քանատան իր խաղաղութեամբ աւելի նպաստաւոր էր իր աշխատանքներուն ու ստեղծագործութիւններուն համար: Ինքնախաբէութիւն մը, որ նաեւ իր հայրենակիցներունն էր: Քսան տարի աքսոր, բայց ո՛չ Մոնրէալը եւ ո՛չ Քանատայի ձիւնը չշիջեցուցին անոր մէջ թատրոնի սրբազան սէրը:

Ան կը վերադառնայ Լիբանան ու կը վերսկսի իր գործունէութեան նոյն ուժով ու նոյն եռանդով, առանց մտավախութեան, կրկին նորոգուելու, գլխարկը փոխելու, կամ ջրամոյն ըլլալու: Ան սկսաւ կրկին նուաճումներ արձանագրել նոր հեղինակներու հետ:

Դժգոհ ինքզինք ազատագրելէ լեզուական դժուարութենէ (հայերէն, արաբերէն)` ան Ֆրանսերէնով կը բեմադրէ «Մոնօ» թատերասրահին մէջ «Լէօ Քրափօ»  (տգեղ գորտը) թատերախաղը, Ալեքսանտր Նաժժարի, ապա ուրիշ մը` քանատացի հեղինակ Ռոպեր Կիւրիքի, չմոռնալով «Խալիլ Ժպրան» թատրերգութիւնը` Կապրիէլ Պուսթանի:

Յամենայն դէպս Պերճ Ֆազլեանին համար ընդհանրացումը իր տաղանդին մէջ էր: Հայկական արիւն կրելով հանդերձ, խօսքին տիրապետութիւնը, գործելակերպը, իր ապրումները զինք հասցուցին բարձր վէմին, իշխանական, անեղծելի ու թրթռուն վիճակին:

17 փետրուար 2016

Համադրեց ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>