Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Պերճ Ֆազլեանն Ալ Մեկնեցաւ…

$
0
0

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Berge-Fazlian2_ED

Շարունակական տերեւաթափի մը ականատեսն ենք:

Մի առ մի այս աշխարհէն հրաժեշտ կ՛առնեն ու կը մեկնին այնպիսի արժէքներ, որոնք դիմագիծ տուած էին սփիւռքին, ապահոված էին այն հիմնական թթխմորը, որ ցիրուցան գաղութները հայ կը պահէ, հա՛յօրէն ապրելու կռուաններ կը ստեղծէ:

Ու կ՛անդրադառնամ, որ մեկնող արժէքներուն կարեւոր մէկ տոկոսը իրեն ծննդավայր ունի` ՊՈԼԻՍԸ:

Օ՜, Պոլիսը, Վոսփորի գեղածիծաղ ու ներշնչող ափերը, յաւե՜րժօրէն սիրելի «մերին Պոլիսը»:

Սա վերջին քանի մը ամիսներուն գուժեցին մահը վիպագիր Յակոբ Խաչիկեանին (քանատաբնակ օտարագիր գրող մը, ծնունդով` պոլսահայ), «Ակօս»-ի աշխատակազմէն` հրապարակագիր Սարգիս Սերովբեանին, պոլսահայ նշանաւոր թատերագիր Արման Վարդանեանին, ազնուազարմ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին, ու երէկ ալ` բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին: Բոլո՛րն ալ` հարազատ պոլսեցիներ: Անոնցմէ ոմանք մինչեւ իրենց վերջին շունչը ապրեցան ու գործեցին Պոլսոյ մէջ, ուրիշներ իրենց բախտը փորձեցին օտար աստղերու տակ:

Ֆազլեան այս վերջիններէն մէկն էր:

Յաճախած էր Պոլսոյ Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարանները: Երբ հազիւ 25 տարեկան էր, թողուց Պոլիսը ու մեկնեցաւ Լիբանան: Մաս կազմեց Պէյրութի թատերական աշխուժ կեանքին` բեմադրելով ոչ միայն Շանթ ու Պարոնեան, այլեւ մինչեւ իսկ` Շէյքսփիր, Կոկոլ, Մոլիեր եւ դժուար իրագործելի այլ թատերախաղեր: Գործեց արաբական թատերական շրջանակներու մէջ ալ: Շրջան մը կայք հաստատեց Մոնրէալ: Գրի առաւ թատերական իր հարուստ յուշերը, որոնք 90-ական թուականներուն թերթօնի ձեւով (յետոյ` առանձին հատորով) լոյս տեսան Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ, «Վրաններ պողոտաներու վրայ» վերնագրով:

Անձնապէս մէկ անգամ միայն բախտն ունեցած եմ ունկնդրելու զինք Պէյրութ, բեմին վրայ, շուրջ քսան տարի առաջ, բանաստեղծ Զահրատի նուիրուած յոբելենական ձեռնարկի մը ընթացքին: Այդ օր Ֆազլեան շատ խորունկ տպաւորութիւն գործած էր իմ վրայ` ասմունքելով մեծարեալ բանաստեղծին (որ ներկայ էր հոն) «Հէք Խարալամպոս» խորագրեալ երկարաշունչ ու երգիծախառն քերթուածը: Ամբողջ սրահը մագնիսացած` ունկնդրած էր զինք.

Խարարամպոս – յոգներ ես
Անութներդ թափ թաց թրջեր են
Ու քրտինք կը հոտիս
Երէկ գիշեր ալ ճաճիկ կերեր ես
– սխտորը շատ է փախեր –

Ֆազլեանի մահով սփիւռքահայ թատրոնը մեծ դէմք մը կը կորսնցնէ: Ու ճակատագրի անիմանալի մէկ խաղով, ան այսքան շուտ կ՛երթայ միանալու իր արուեստակից եղբօր` նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Խտըշեանին, որուն հետ միասին տիրական ներկայութիւն մը եղած էր Պէյրութի թատերական բեմերուն վրայ, տասնամեակներ շարունակ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles