Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Վարդուհի Տեկիրմենճեանի Յիշատակին

$
0
0

Vartouhie_40216Անգամ մը եւս, դաժան եւ անողոք մահը մեզ յաւիտենական բաժանման եւ անխուսափելի իրողութեան դիմաց կը դնէ եւ իր հարազատներէն ու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն կը բաժնէ շատ սիրելի ընկերուհի մը` Վարդուհի Տեկիրմենճեանը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը կը գոյատեւէ եւ իր նուիրական ու ազգօգուտ ծառայութիւնը կը շարունակէ շնորհիւ ԼՕԽ-ի սրբազան առաքելութեան հաւատացող անդամուհիներու հսկայ փաղանգին եւ անոր նեցուկ կանգնող բարերարներու բանակին:

ԼՕԽ-ի բարերարներու բանակին մաս կը կազմէր նաեւ Վարդուհի Տեկիրմենճեանը, որուն մահուան գոյժը խոր վիշտով եւ կսկիծով իմացանք:

Վարդուհի Տեկիրմենճեան կը հաւատար ԼՕԽ-ի մարդասիրական եւ բարեսիրական սրբազան առաքելութեան: Օժտուած էր ԼՕԽ-ականի բոլոր արժանիքներով, ունէր նուիրումի, ծառայասիրութեան, մարդասիրութեան, զոհողութեան եւ բարեգործութեան յատկանիշները: Չզլանալով` ընդառաջած էր իրեն ներկայացուած առաջարկներուն եւ ստանձնած` ԼՕԽ-ի զանազան ձեռնարկներու նախագահութիւնը: Անդամակցած էր «Նայիրի» մասնաճիւղին, իր նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ, դարձած էր մասնաճիւղի սիւներէն մէկը եւ իր պարկեշտութեան շնորհիւ սիրուած էր բոլորէն:Եղած էր հոգատար մայր եւ սրբութիւններու պաշտպան: Իր հօրենական ընտանիքի յարկին տակ ստացած ազգային ու տոհմիկ դաստիարակութիւնը փոխանցած էր իր զաւակներուն:

Անցնող տարիներուն, ծառայասիրութեան ոգին եւ ազգային գիտակցութեան վեհ զգացումը մղեց ընկերուհի Տեկիրմենճեանի զաւակները` ստանձնելու ԼՕԽ-ի խոհանոցին կահաւորման ծախսերը, որ կոչուեցաւ «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոց, քաջ գիտակցելով, որ իրենց մօր երազը պիտի իրականանար, կարօտեալ հայ ծերունին պիտի օգտուէր խոհանոցին մատուցած տաք ճաշէն, եւ ինք պիտի ստանար անոնց աղօթքներն ու օրհնութիւնը:

Այսօր տխուր է ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը, որուն Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերուն եւ 26 մասնաճիւղերուն անդամուհիները իրենց խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեն ընկերուհի Տեկիրմենճեանի զաւակներուն եւ թոռներուն` վստահեցնելով, որ իրենց սիրելի, ազնիւ ու ազգասէր մօր եւ մեծ մօր յիշատակը վառ պիտի մնայ  եւ անոր անունը օրհնութեամբ ու երախտագիտութեամբ պիտի յիշուի, այնքան ատեն, որ կը գոյատեւէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերուհի:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

28 փետրուար 2016

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>