Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փարիզի Յաղթանակի Կամարին Տակ…Ազրպէյճանական Պարտութիւն

$
0
0

P1-KHEMP_Hayrenik

Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ, շինծու ջարդի մը` Խոջալուի մասին բանաձեւեր կը պատրաստուին, անշուշտ` կցուած բաւական մը լեցուն գումար ընդգրկող չեքով մը: Վերջին տարիներուն այսպէս կը գործէ ազրպէյճանական քարոզչական մեքենան Նոր Աշխարհէն ներս`  փորձելով փեթրոտոլարներով խաբել քաղաքական անձնաւորութիւններ: Անշուշտ նմանօրինակ փորձեր միշտ ալ յանգած են ձախողութեան… Այտահոյէն մինչեւ Վըրմոնթ եւ այլք:

Ըստ երեւոյթին, Եւրոպայի մէջ տարբեր յերիւրածոյ միջոցներ կը կիրարկուին` ունենալով միեւնոյն նպատակը: Այսպէս, Եւրոպայի ամէնէն աւելի հայահոծ քաղաքին` Փարիզի մէջ, Պաքու այլ ոճի դիմեց` նշելու համար Խոջալուի երեւակայական ջարդը: Արդարեւ, փետրուար 26-ին, Ազրպէյճանի տեղւոյն դեսպանատան նախաձեռնութեամբ,  Խոջալուի նուիրուած բոցավառութեան արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ լոյսերու քաղաքի Յաղթանակի կամարին տակ:

Այս արարքը բաւարար եղաւ, որ տեղւոյն հայութիւնը միաձայն խստիւ դատապարտէ պատահած սադրիչ խաբեբայութիւնը:

Անգամ մը եւս ազրպէյճանական դիւանագիտական գործիքը խեղաթիւրած էր արցախեան հիմնահարցը, եւ ըստ սովորութեան, դիմած էր կեղծիքի,  քարոզչութեան, որուն նպատակն է  հայկական կողմը ներկայացնել իբրեւ նախայարձակ, ոճրագործ եւ մարդասպան:

Հարցը հասած էր Ազգային ժողով, ուր մանրամասնութեամբ քննուած էր հարցը եւ ի յայտ եկած էր, թէ ազերի կողմը շահագործած է ազգային յուշարձանները, որոնց շուրջ կատարուելիք հաւաքներն ու ձեռնարկները պէտք է որ կատարուին հասարական կարգին եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքով:

Օրէնքի փոփոխութեան այս առաջարկին միտք բանին է պահպանել ազգային ստեղծագործութեան, ճարտարապետութեան եւ մշակութային ժառանգութեան կալուածային անաչառութիւնը եւ ստեղծել միջոցներ որոնք արգելք կը հանդիսանան հզօր խորհրդանիշ հանդիսացող մշակութային ժառանգութեան` ժխտական նպատակներով շահագործման, ինչպէս նաեւ` բացարձակապէս արգիլել քարոզչական այնպիսի արարողութիւններ,  որոնք յայտնապէս կը հակասեն Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդանիշներուն եւ արժէքներուն:

Փոփոխութեան այս բանաձեւը միաձայնութեամբ քուէարկուած էր` ցոյց տալով, թէ Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ… պարտուած էր Ազրպէյճանի դիւանագիտութիւնը:

Այլ պարտութիւն մըն ալ արձանագրուեցաւ այդ կամարէն ոչ շատ հեռու, մարտ 20-ին, Շան զ՛Էլիզէի թատերասրահի երդիքին տակ, երբ այս անգամ արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս, ջնջուեցաւ «Խոջալու 613» երաժշտական գործին ներկայացումը:

Արդեօք յօրինող Փիեռ Թիլուայի դրամատան հաշիւները որքա՞ն գումարներով ողողուած էին: Հաւանաբար միեւնոյն ոճն ալ կիրարկուած էր համոզելու համար հանրահռչակ «Լամուրէօ» նուագախումբին անդամները:

Հոս ալ, ազրպէյճանական քարոզչութիւնը, միեւնոյն զեղծարարութիւնն ու կեղծիքը փոխադրած էր երաժշտական բեմ:

Արդեօք ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի կրկնուին նմանօրինակ աղաւաղումներ…

Մարտ 27, 2016

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>