Վերջին տարիներուն «Գարուն» անուան տակ ծայր առած շարժումները հրահրող կողմերը անարդարութեան դէմ բողոքելու, ժողովրդավարութեան եւ արդար հասարակարգի համար պայքարելու արդար պահանջներով հանդէս եկած հասարակութիւնները օգտագործեցին` անոնց միջոցով տուեալ երկիրներուն մէջ տարածելու ահաբեկչական շարժումը:
Ահաբեկչական շարժումները ծառայեցին ու կը շարունակեն ծառայել թիրախ դարձած երկիրներուն մէջ խառնակ վիճակ ստեղծելու, քաղաքական փոփոխութիւններ կատարելու, վարչակարգեր տապալելու, զիջումներ պարտադրելու: Փաստօրէն Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած շարժումները դրական ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրեցին տուեալ երկրին ու անոր բնակչութեան համար: Ընդհակառա՛կն, անապահովութիւն ստեղծելով մէկտեղ` քանդեցին տուեալ երկիրը, տկարացուցին անոր տնտեսութիւնը, տարտղնեցին բնակչութիւնը, քանդեցին քաղաքակրթութիւնն ու ատելութիւն սերմանեցին հաւաքականութիւններու միջեւ:
Ահաբեկչական շարժումները քաղաքական փոփոխութիւններու ծառայեցնող այս քաղաքականութեան ետին կանգնած ուժերը պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն բարբարոսական նոյնանման միջոցներու դիմած են` ծրագրելով ցեղասպանութիւն, տեղահանում, գաղթ եւ քաղաքակրթութիւններու ծրագրուած ոչնչացում:
Տարբեր նպատակներով, միեւնոյն միջոցներով շարք մը պետութիւններ կը նպաստեն նման շարժումներու ծնունդն ու գոյատեւումը երաշխաւորող հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան տարածման, կրօնական, դաւանական մոլեռանդ մահապարտներ հրահրելով ու զանոնք մահուան առաջնորդելով:
Ահաբեկչութիւնը քաղաքական նպատակներու ծառայեցնող այս քաղաքականութիւնը իրականութեան մէջ մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը դնէ բարբարոսական այնպիսի ծայրայեղութեան մը ընդլայնման, որ նոյնքան ահաւոր է, որքան պատերազմը, հիւլէական զէնքը, որովհետեւ այդ ծայրայեղական գաղափարներով կը սնանին սերունդներ եւ տասնամեակներ են հարկաւոր անոնց ըմբռնումները փոխելու համար:
Ուստի ահաբեկչութեան դէմ պայքարը սոսկ պետական միջոցներով կամ միջազգային ջանքերով վերացնելու ջանքերը անբաւարար պիտի ըլլան, եթէ անոր նեցուկ կանգնող ու հաւատադրժողական գաղափարախօսութիւնը միջոց ծառայեցնող պետութիւններ պատժամիջոցներու չենթարկուին, իսկ այդ պայքարին մաս պիտի կազմէ նաեւ ժողովուրդը` մերժելով զայն ու անոր գաղափարախօսութեան ծառայող ամէն քայլ կամ շարժում:
Արաբական աշխարհէն ներս խառնակութիւն ստեղծելէ ետք, ահաբեկչական շարժումներու կայծերը կը տարածուին Միջին Արեւելքի այլ երկիրներ ու ներկայ դրութեամբ` Եւրոպա: Իսրայէլ զերծ է թէ՛ հաւատադրժողական այսօրինակ ահաբեկչութեան ազդեցութենէն, թէ՛ դատապարտման հեւքին մէջ մտնելու պարտաւորութենէն, իսկ Թուրքիա Պրիւքսէլի դէմ բողոք կը ներկայացնէ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի Պրիւքսէլ այցելութեան ընթացքին քաղաքի կեդրոնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան վրան կանգնեցընելու տեղական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած արտօնութեան դէմ, ու յաջորդ օրն իսկ Պրիւքսէլ ականատես կը դառնայ ահաբեկչութեան:
Եւրոպական քաղաքակիրթ աշխարհին սպառնալու ահաբեկչական միեւնոյն միջոցը կ՛օգտագործուի` դարձեալ քաղաքական նպատակներով:
Զ.Պ.