Ս. Մ.
Քանի մը շաբաթ առաջ ստամոքսի բաւական լուրջ անհանգստութիւն զգացի: Կասկածներս կը տարուբերէին պաղառութեան եւ ճաշի հետեւանք` թեթեւ թունաւորումի միջեւ: Թէյ, տնային դարմանումի միջոցներ… արդիւնք չտուին:
Հեռաձայնեցի բժիշկիս, որ նոյն օրն իսկ ժամադրութիւն մը ճշդեց:
Հարց ու փորձ, ընթացիկ քննութիւններ եւ` մասամբ նորին: Կարելի չեղաւ ախտաճանաչում ընել: Դէմքէն կարելի էր կռահել, որ միտքէն գէշ բաներ ալ կ՛անցնէին… Ճարահատ` զիս ղրկեց իրեն ծանօթ մասնագէտի մը:
Մասնագէտն ալ քննութիւններու ենթարկեց զիս. դարձեալ` ոչ մէկ յստակ արդիւնք: Գլուխը շարժեց ճարահատի պէս եւ ըսաւ, որ ստիպուած է նորահնար եւ դեռ փորձարկումի մէջ եղող ելեկտրոնային գործիքով մը քննել ստամոքսս: Փորիս վրայ, ստամոքսիս չորս բոլորը ամրացուց ելեկտրոնային 9 կոճակներ, որոնք բարակ թելերով միացուց յատուկ համակարգիչի մը: Ունէի սրտի քննութեան ենթարկուողի տեսք:
Պաստառին վրայ երեւցան ալիքաւոր գիծեր, որոնք գունաւոր թիթեռնիկներու նման կը թռչկոտէին: Քիչ ետք մասնագէտին դէմքը պայծառացաւ:
– Բան մը չունիս. մտահոգիչ բան չկայ,- ըսաւ թեթեւ ժպիտով մը:
– Բայց… սա անհանգստութեանս պատճառը ի՞նչ է,- հարցուցի` չվարակուելով լաւատեսութենէն:
– Կ՛երեւի, թէ դուն վերջերս շատ պատկերասփիւռ կը դիտես…- ըսաւ խորհրդաւոր ձայնով մը:
– Տարիներէ ի վեր պատկերասփիւռին հետ գլխաւոր կապս լուրերն են,- բացատրեցի` հասկցնելով, որ ատիկա անհանգստութեանս հետ կապ ունենալու չէ:
– Հա՜… Կասկածս ճիշդ է ուրեմն,- վրայ բերաւ յաղթական ձայնով մը: Եւ հարցական նայուածքիս` տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը.
– Նայէ՛, բարեկա՛մ, դեղի պէտք չունիս, բայց անոր փոխարէն այլ դարման մը պիտի առաջարկեմ:
Ու գրասեղանին ետին անցնելով` համակարգիչին վրայ արագ-արագ բաները մը գրեց. հիմա ձեռագիրի դարը անցած է… բարեբախտաբար. դեղագործի պէտք չունեցայ ինծի երկարած դեղագիրը կարդալու համար: Թուղթին վերեւը գրած էր` ՓՈԽԱՆ ԴԵՂԱԳԻՐԻ, իսկ էջին վրայ կար տասնաբանեայի պէս ցանկ մը. կ՛արտագրեմ քանի մը կարեւոր կէտեր.
1.- Պիտի հրաժարիս Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուներու պատկերասփռուող մրցակցութիւններն ու տխմար յայտարարութիւնները լսելէ:
2.- Պիտի հրաժարիս հայկական կայաններէ սփռուող կարգ մը սերիալներէն, որոնք կը ներկայացուին «տեպիլ» դերասաններով եւ խնդուք մուրալու նախնադարեան (իր բառն էր` փրիմիթիւ) «հնարքներով», նմանապէս` այն արտառոց շարքերէն, զորս կը կապկեն հայկական յիշեալ շարքերուն արտադրիչները: («Հայաստանցի» բարեկամ մը յետոյ բացատրեց, որ «տեպիլ»-ը կը համախմբէ տկարամիտ, ապուշ, տմպօ, համբակ եւ նմանօրինակ յատկանիշներ):
3.- Պիտի դադրիս նաեւ մարդկային զանգուածներու կեանքը խաղալիքի վերածած մեծապետական-աշխարհակալական խաղերուն լուրերը լսելէ:
4.- Ականջ պիտի չտաս արեւմտեան աշխարհի պետական մարդոց այն խօսքերուն, որոնք կ՛ըսեն, թէ Թուրքիա մեղսակից չէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաւոր ոճիրներ գործողներուն:
5.- Ընդհանրապէս պիտի չհետեւիս ամերիկեան տարածուն կայաններու «լրատուութեանց», որոնք կա՛մ ոճիրներու-աւազակութիւններու մասին են, կա՛մ ալ առեւտրական ծանուցումներու բնոյթ ունին: (Եւ այսպէս` քանի մը կէտ եւս):
Ցանկին տակը աւելցուցած էր. «Ասոնք են սիրտ-խառնուքիդ պատճառները»:
– Սերիալներ չեմ դիտեր արդէն, բայց միւսները առօրեայիս մաս կը կազմեն… – գանգատեցայ` հասկցնելով, որ անոնք մորթիս պէս դարձած են ինձմէ անբաժանելի:
– Ուրեմն ազատում չունիս, շատ «պիտի քաշես»,- բացատրեց ճարահատ: Յետոյ ափով ճակատը շփեց ու աւելցուց.- նայէ՛, եթէ այս ըսածներս չընես, անհանգստութիւնդ ստամոքսէդ պիտի բարձրանայ դէպի ուղեղդ: Ատիկա աւելի լուրջ պարագայ է:
Տուն վերադարձայ` քիչ մը թերահաւատ. ամէն մարդու ներսիդին Թովմաս առաքեալ մը նստած կ՛ըլլայ, չէ՞: Մտածեցի` փորձեմ մէկ-երկու շաբաթ, ի՞նչ կը կորսնցնեմ:
Փորձեցի, եւ հիմա, քանի մը շաբաթ ետք, ստամոքսս բաւական բարելաւուած է: Մտածեցի` այս դառն փորձառութեանս բաժնեկից դարձնեմ նաեւ ընթերցող բարեկամներս: Թերե՞ւս մէկուն օգտակար կ՛ըլլամ…