Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄԽԷՐԵԱՆ
Բրիտանական հեղինակաւոր «Ինտիփենտընթ» թերթը, ապրիլ 24-ի ընդառաջ, 28 մարտ 2016-ի թիւին մէջ հրատարակեց Միջին Արեւելքի իր վաստակաւոր թղթակից, միջազգային մրցանակներու դափնեկիր Ռոպերթ Ֆիսքի շահեկան յօդուածը, որուն մէջ հեղինակը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի` ժամանակակից ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ վերջերս ըրած յայտարարութեան առիթով: Ռոպերթ Ֆիսք առանց բառերը ծամծմելու կ՛ըսէ շատերուն ըսել չուզածը, կամ` ուրացածը…
Ն.
Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգներ
Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Դժուար չէ գէշ մարդիկ մեղադրելը Ցեղասպանութեան յանցանքին համար. Քոլին Փաուլ (Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար, 2001-2005, Ն.) խնդիր չունեցաւ 2004-ին Տարֆուրի առնչութեամբ: Մենք պէտք է կանգնինք իսկական ամբարտաւաններու դէմ:
![Միացեալ Նահանգներու քաղաքագէտները ինչո՞ւ չեն խօսիր Ցեղասպանութեան մասին, ամէն անգամ, որ կ՛իրականացուի](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/03/hillary_40116.jpg?resize=400%2C194)
Միացեալ Նահանգներու քաղաքագէտները ինչո՞ւ չեն խօսիր Ցեղասպանութեան մասին, ամէն անգամ, որ կ՛իրականացուի
Ամբողջ շաբթուան ընթացքին «ցեղասպանութիւն» եզրը կը շրջագայէր աշխարհի արտաքին գործոց նախարարներու շրջանակին մէջ, այն պահէն ի վեր, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ «Իսլամական պետութիւնը» Միջին Արեւելքի մէջ եզիտիները, քրիստոնեաները եւ շիի իսլամները ցեղասպանութեան կ՛ենթարկէ: Այդ յայտարարութենէն ի վեր մենք կը փորձենք հասկնալ, թէ ան ճիշդ ի՞նչ կը խօսի: Նոյնիսկ խեղճ քանատացիները եւ անոնց գերազատական վարչապետը` Ճաստին Թրուտօ, այդ ատենէն ի վեր կը մերժեն ՏԱՀԵՇ-ի դաժանութիւնները «ցեղասպանութիւն» (մարդոց ամբողջ ցեղ մը վերացնելու փորձ) անուանել` փոխարէնը նախընտրելով խօսիլ «կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուած ոճիրներու» մասին»: Կրնա՞յ այսպիսի բան պատահիլ, կը հարցնեն քանատական քննադատները, որովհետեւ Քանատա անցեալ ամիս ետ քաշեց իր կործանիչները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտէն:
Աւելի հաւանական է, որ քանատացիները ինկած են ամբողջ ցեղասպանութեան ծուղակը: Բայց նախ` այո՛, ՏԱՀԵՇ իրօք սարսափելի յանցագործութիւններ իրականացուցած է իր հակակշիռին տակ գտնուող ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ: ՏԱՀԵՇ իսկապէս ջարդած եւ գերեվարած է շիի իսլամներ, եզիտիներ, քրիստոնեաներ, կիներ եւ երեխաներ, որոնց թիւը հաւանաբար 10 հազար, թերեւս 100 հազար է: Թիւերը որքան շշմեցուցիչ, այնքան անորոշ են: ՏԱՀԵՇ-ի թերթը` «Տապիք» այս բոլորը կ՛ընդունի: Ինքնախոստովանութեան այսպիսի արտայայտութիւն նախապէս ունեցած է միայն Փոլ Փոթ, երբ թուած է Քամպոտիոյ մէջ (1975-1979 թուականներու) իր ոճիրները (շուրջ` 1,5 միլիոն):
Խնդիրն այն է, որ նման սարսափելի վայրագութիւններ` շատ աւելի սարսափելի ցեղասպանութեան տեսքով, հարիւր տարի առաջ այդ նոյն հողերուն, նոյն անապատներուն վրայ իրականցուցին նոյնինքն թուրքերը, որոնք գլխատեցին, դաշունահարեցին եւ սպաննեցին 1,5 միլիոն հայ քրիստոնեաներ, բռնաբարեցին անոնց կիները եւ գետերը նետեցին դիակները, որոնց թիւը այնքան շատ էր, որ գետերը իրենց հուները փոխեցին: Իսկ այսօր, փա՛ռք Աստուծոյ, Թուրքիան մեր լաւ բարեկամն է, ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցը եւ այս ամիսէն Եւրոպան «իսլամ ներգաղթեալներու շրջափակումէն» զերծ կառուցելու կարեւորագոյն պատնէշը:
1915-ին բրիտանացիները եւ ամերիկացիները ոչ մէկ խնդիր ունէին անուանելու մեղաւոր կողմերը, թուրքերու զինեալ դաշնակիցին (կրկին շունչ առէ՛ք), քիւրտերու հետ, որոնք հիմա մեր քաջարի դաշնակիցներն են ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի մթութեան ուժերուն:
Ասոնք բոլորը քիչ մը անյարմար իրավիճակ կը ստեղծեն: Իրաքի քրիստոնեաներն ու եզիտիները բացայայտօրէն ջարդուած են, անոնց հետ նաեւ` 1915-ին փրկուած հայերու սերունդները, թէեւ ատիկա սառոյցը չէ կոտրած Միացեալ Նահանգներու մէջ, հակառակ անոր որ շիի իսլամներ հազարներով կը ջարդուէին Իրաքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու ռազմական բռնագրաւումի երկրորդ կէսին: Կ՛ենթադրեմ, թէ շիիներու սպանդը ցեղասպանութիւն անուանուեցաւ, որովհետեւ շիի Իրանը հիւլէական համաձայնութիւն գոյացուց աշխարհին հետ: Իսկ ինչ կը վերաբերի եզիտիներուն, եկէք վերադառնանք 1892 թուական, երբ անոնց դէմ իրականացուեցաւ ամենասարսափելի ցեղասպանութիւններէն մէկը` թուրք սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կազմակերպած զանգուածային բնաջնջումը: Սակայն սուլթանի իրականացուցած ջարդերուն զոհ գացին տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնց նկատմամբ կատարուածը Քերրի տարիներ շարունակ կը կոչէր 20-րդ դարու ցեղասպանութիւն, երբ դեռ ծերակուտական էր: Այնպէս որ, եզիտիներու բնաջնջման մասին նախապէս եղած յղումները պէտք է դուրս մնան Քերիի պատումէն: Հայոց ցեղասպանութեան համար Քերիի այժմու կրկներգն է` «20-րդ դարու ամէնէն սարսափելի գազանութիւններէն մէկը»:
Տիկին Քլինթըն այս բոլորին մէջ օգտակար չէ: Հիլըրի Քլինթըն պարբերաբար կը դատապարտէր Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչեւ այն պահը, երբ դարձաւ Պարաք Օպամայի արտաքին գործոց նախարարը եւ բացայայտեց, որ քրիստոնեաներու 1915 թուականի սարսափելի հետապնդումը «պատմական վիճելի հարց է»: Տոնալտ Թրամփ մինչեւ հիմա դեռ չէ միջամտած այդ «քննարկումներուն», սակայն Ազրպէյճանի մէջ բացուած անոր «Թրամփ պանդոկ»-ը մեզի կը յուշէ, որ մօտիկ ապագային ինչ պիտի լսենք անկէ: Ազրպէյճան երկիր մըն է, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի նման, ամօ՛թ իրենց, կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Աշխարհի մնացեալ զգալի մասը` 29 երկիրներու կառավարութիւններ եւ խորհրդարաններ (մինչեւ անցեալ տարի) ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: 20 տարիէ «Ինտիփենտընթ» կանոնաւոր կերպով անդրադարձած է «Հայոց հոլոքոստ»-ին` նկարագրելու համար սպանդը: Բայց` ոչ ամերիկացիները:
Անցեալ տարի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որուն օդուժին պատկանող կործանիչը անշուշտ տակաւին վար չէր առնուած թուրքերուն կողմէ, ներկայ գտնուեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի պաշտօնական օրուան, եւ Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ յայտարարեց` կատղեցնելով թուրքերը: Մինչ Ուաշինկթընի մէջ Օպամա պահուըտեցաւ` դեռ շատ վախնալով վիրաւորելու ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցը, որուն օդուժի խարիսխները ( Ճակատագրի հեգնանքով, բազմաթիւ պարագաներու, կառուցուած են սպաննուած հայերէն գողցուած հողերու վրայ), շատ կարեւոր են Միացեալ Նահանգներու օդուժին համար, որ արդէն իսկ ենթադրաբար կ՛ոչնչացնէ ՏԱՀԵՇ-ը:
Բաւական մեծ խառնաշփոթ մը ստեղծուած է: Այսպէս` Քերրի կ՛ըսէ, որ ՏԱՀԵՇ «ցեղասպանական է ինքնահռչակումով, գաղափարախօսութեամբ եւ գործողութիւններով» (կարծես թէ 1915-ին հայերու բնաջնջումը այդպիսին չէր), եւ կատարելապէս գոհ է իբրեւ ցեղասպանական պիտակաւորելու «իսլամական խալիֆայութեան մութ ուժերը»(որոնք յստակօրէն այդպէս են): Սակայն ասիկա կը յառաջացնէ այլ սարսափելի հարցում մը: Քանի մենք գիտենք, որ ՏԱՀԵՇ սուրիական եւ իրաքեան քարիւղը Թուրքիոյ կը ծախէ (ռուսական կործանիչին օդաչուն տեսած էր մղոններով քարիւղատար բեռնակառքերու շարասիւն, որ կ՛ուղղուէր Թուրքիա), եւ քանի որ թուրք լրագրողներ բանտարկուած են թրքական զէնքերու Սուրիոյ մէջ գտնուող իսլամականներուն գաղտնի փոխանցման մասին տեղեկագրելու համար, ամերիկացիները, ըստ էութեան, հարիւր հազարաւոր կամ աւելի մարդկային էակներու ցեղասպանութեան համար ՏԱՀԵՇ-ը մեղադրելով, մինչ շատ կը վախնան 1,5 միլիոն հայերու ջարդերը ցեղասպանութիւն անուանելէ, որպէսզի ատիկա չվիրաւորէ ՏԱՀԵՇ-ի լիրբ կողմնակիցները Թուրքիոյ մէջ:
Դժուար չէ գէշ մարդիկ մեղադրելը ցեղասպանութեան յանցանքին համար (Քոլին Փաուլ խնդիր չունեցաւ 2004-ին Տարֆուրի առնչութեամբ), բայց մենք պէտք չէ՞ կանգնինք իսկական ամբարտաւաններու` թրքական կառավարութեան, թրքական բանակին եւ թրքական հիմնարկներուն դէմ, որոնք կ՛արգիլեն մեզի յարգելու յիշատակը 1,5 միլիոն հայերու, որոնք արժանացան ճիշդ այն վերաբերումին, որուն այսօր կ՛արժանանան եզիտիները, քրիստոնեաները եւ շիիները: Եւ ասիկա այնպիսի ատեն մը, երբ կը բազմանայ թիւը թուրք այն քաջ քաղաքացիներուն, որոնք կ՛ընդունին 1915 թուականին Թուրքիոյ իրականացուցած ցեղասպանութիւնը:
Մոռցէ՛ք. դէպի Եւրոպա ներգաղթեալներուն հոսքին արգելք հանդիսանալու համար Թուրքիոյ 75 միլիոն եւրոպական վիզաներ եւ 3 միլիառ տոլարի օգնութիւն տրամադրելը բաւական են, որպէսզի 1915-ի հայերու զանգուածային գերեզմանները լաւ եւ փակ պահուին:
Պարզապէս հարցուցէ՛ք Ճոն Քերիին:
Ռոպերթ Ֆիսք
Ռոպերթ Ֆիսք (ծն. 1946) անգլիացի գրող եւ լրագրող է: Աւելի քան 20 տարիէ ան բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթի Միջին Արեւելքի թղթակից-յօդուածագիրն է, որ հիմնականին մէջ Պէյրութ հաստատուած է: Քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Ռոպերթ Ֆիսք միջազգային ամէնէն շատ մրցանակներու արժանացած բրիտանացի լրագրողն է:Ան հրատարակած է գիրքեր եւ գրած է յօդուածներ` պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու մասին: Արաբախօս ըլլալով` ան արեւմուտքցի այն քանի մը լրագրողներէն էր, որոնք հարցազրոյց ունեցած են Ուսամա պըն Լատենի հետ(1993-1997 Ֆիսք երեք անգամ հարցազրոյց ունեցած է անոր հետ):
Ռոպերթ Ֆիսք յաճախ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան, մանաւանդ` «Ինտիփենտընթ»-ի մէջ հրատարակուած իր յանդուգն յօդուածներով:
9 մարտ 2010-ի թիւին մէջ` «Հայոց ցեղասպանութեան ապրող փաստ» խորագիրին տակ ան գրած է. «Միացեալ Նահանգներ կ’ուզեն հերքել, որ 1915-ին Թուրքիոյ իրականացուցած 1,5 միլիոն հայերու սպանդը ցեղասպանութիւն էր: Բայց փաստը հոն է, Պէյրութի մօտ բլուրի մը վրայ գտնուող որբանոցին մէջ»:
20 ապրիլ 2015-ին Ֆիսք գրած է. «Հայոց ցեղասպանութիւն. մարդկային այս զանգուածային վայրագութեան շարունակական հերքումը մօտ է ոճրային սուտի:… Ջարդուած հայերու ոսկորներն ու գանկերը 1992-ին իմ ձեռքերովս ես պեղեցի սուրիական անապատին մէջ»:
![27 ապրիլ 2012-ին Ֆիսք Շարժայի մէջ դասախօսութեամբ մը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/03/fisk2_40116.jpg?resize=550%2C367)
27 ապրիլ 2012-ին Ֆիսք Շարժայի մէջ դասախօսութեամբ մը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը