ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Այնթապ Կիլիկիոյ հին բնակավայրերէն է. կը գտնուի Եփրատի վտակ Սաճուրի ափին, այգիներով շրջապատուած երեք բլուրներու վրայ:
Այնթապ, իր շրջակայ աւելի քան հարիւր գիւղերով հայկական հոծ բնակչութիւն ունեցած է: Հայերու կողքին, բնակչութիւնը բաղկացած էր թուրքերէ, մասամբ նաեւ քիւրտերէ եւ այլ փոքրամասնութիւններէ: Ի. դարու սկիզբի տուեալներով Այնթապ ունէր 50 հազար բնակիչ, որուն 20 հազարը հայեր էին: Այնթապցի հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին: Ամէնէն տարածուած արհեստներէն էին` ոստայնանկութիւնը, մետաղամշակումը, ոսկերչութիւնը, ներկարարութիւնը եւ ասեղնագործութիւնը:
Այնթապի մէջ կը գործէին հայկական վեց եկեղեցիներ. Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին կառուցուած էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան: Վարժարաններէն յիշենք Վարդանեանը, Ներսէսեանը, Հայկանուշեանը եւ բողոքականներուն Այնթապ քոլէճը:
Այնթապցիք 1915-ին տեղահանուեցան եւ քշուեցան Տէր Զօրի անապատները: Առաջին աշխարհամարտի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք, Այնթապ անգլիական գրաւումի ենթարկուեցաւ:
Կարգ ու կանոնի հաստատումէն ետք, 1919-ին, քանի մը հանգրուանով, այնթապցիք վերադարձան իրենց պապենական օճախները, որոնք թալանուած էին: Այդ օրերուն Այնթապի բնակչութեան թիւը 40 հազար էր, որուն 18 հազար` հայեր: Այնթապցիք Ազգային միութիւն կազմեցին, որ դարձաւ տեղական իշխանութիւն:
Նոյն ժամանակ սկսաւ Մուսթաֆա Քեմալի միլլի ազգայնական շարժումը: Թուրքեր սկսան զինուիլ ու կազմակերպուիլ: Քեմալականներ որոշեցին առաջին հարուածը հասցնել Կիլիկիոյ հայերուն:
* * *
1919 նոյեմբեր 5-ին,Այնթապ ժամանեց ֆրանսացի սպայ մը` քանի մը զինուորներով, իսկ քանի մը օր ետք քաղաք մուտք գործեց երկու հարիւր հոգինոց ֆրանսական գումարտակ մը, որմէ ետք, նոյեմբեր 11-ին անգլիացի հազարապետ Միլզ քաղաքը ֆրանսացի գնդապետ Ֆլի Սէն Մարիի յանձնեց:
Ստեղծուած այս իրավիճակին ի տես` Մուսթաֆա Քեմալ Այնթապի շրջանի թրքական ուժերու հրամանատար նշանակեց Գլըճ Ալին: Շրջան հասնելով` ան շրջակայ գիւղերէն սկսաւ չեթէներ հաւաքել եւ միաժամանակ զինել Այնթապի թուրք բնակչութիւնը:
Այնթապցիք զգացին վտանգը եւ շարժեցան, մանաւանդ որ Մարաշի վրայ թրքական յարձակումը սկսած էր եւ մարաշցիք օրհասական կռիւ կը մղէին: Նոյն օրերուն, 1920 յունուարի վերջաւորութեան, այնթապցիք Ատուր Լեւոնեանի գլխաւորութեամբ ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական մարմին մը ստեղծեցին: Ինքնապաշտպանութեան մարմինը հայկական թաղամասերը տասնմէկ մասի բաժնեց: Հրամանատարներ ու խմբապետներ նշանակուեցան եւ բաժնուեցան դիրքերը, որոնց վրայ պահակներ նշանակուեցան: Ստեղծուեցան նաեւ Կարմիր Խաչ, մատակարարման եւ այլ մարմիններ, հրշէջներու խումբ, զէնքերը բաժնուեցան եւ ձեռնարկուեցաւ ռումբերու պատրաստութեան:
Փետրուարին, երբ Մարաշ ինկած էր այլեւս, թուրքերը Այնթապի հայերուն հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն առաջարկեցին. երկուստեք համաձայնութիւն գոյացաւ, բայց նոյն օրերուն իսկ թուրքերը կազմակերպեցին Այնթապ ապաստանած սասունցի հայերու սպանդը:
Քաղաքին ֆրանսական կայազօրը զօրացնելու նպատակով մարտ 26-ին Քիլիսէն Այնթապ ճամբայ ելաւ հրամանատար Անտրէա, հետեւակային երեք գունդներով, երկու հարիւր հեծեալներով եւ չորս հրասայլերով: Ճամբան թուրք չեթէներու հետ կռիւներ մղելով` ան մարտ 28-ին Այնթապ մտաւ, բայց քանի մը օր ետք ձգեց քաղաքը եւ իրեն հետ առնելով նախապէս ալ Այնթապ գտնուող ֆրանսական զօրքին մէկ մասն ու ծանր թնդանօթները, Քիլիս վերադարձաւ:
Թուրքերը, այլեւս ժամանակը հասած նկատելով, 1 ապրիլ 1920-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին քաղաքին հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան բլուրներուն վրայէն տրուած ազդանշանով յարձակեցան հայկական թաղերուն վրայ: Միաժամանակ արդիական զէնքերով զինուած թուրքերը շուկային մէջ անակնկալօրէն յարձակեցան հայերուն վրայ եւ սկսան ջարդել զանոնք:
Հայերը, որոնք վայրկեանէ վայրկեան կը սպասէին նման յարձակումի մը, խուճապի չմատնուեցան: Կռիւներն ու սպանութիւնները հազիւ սկսած` արագօրէն հայկական թաղերուն ու փողոցներուն անցքերուն վրայ սկսան պատնէշներ բարձրացնել. կին, տղամարդ, ծեր ու երիտասարդ, բոլորն ալ աշխատանքի մէջ էին. քար ու ջուր կը կրէին եւ պատնէշներ կը շինէին:
Կռուի առաջին օրերուն թուրքերը մեծ ուժերով յարձակեցան բազմաթիւ անգամներ, բայց միշտ ալ հայ մարտիկներու բուռն դիմադրութեան բախելով եւ մեծ կորուստներ տալէ ետք փախուստի դիմեցին: Հայ կռուողներ գրաւեցին կարգ մը կարեւոր դիրքեր եւ նահանջի մատնեցին թշնամին: Հայերը միաժամանակ ձեռնարկեցին ֆրանսական բանակէն լքուած ու աւրուած զէնքերու նորոգութեան եւ ռումբերու ու փամփուշներու պատրաստութեան:
Քանի մը օրուան ընթացքին կազմուեցաւ հայկական կառավարութիւն մը իր բոլոր բաժանմունքներով: Ազգային միութեան կողքին, գործի անցաւ զինուորական կեդրոնական մարմինը: Կազմուեցան ոստիկանական, դատական, քաղաքապետական պարենաւորման, առողջապահական եւ այլ սպասարկութիւններ:
Ֆրանսացիք, որոնք երկու շաբաթ շարունակ հանդիսատեսի դերին մէջ կը գտնուէին, շարժեցան: Գնդապետ Նորմանի հրամանատարութեան տակ ֆրանսական ուժերը ապրիլ 16-ին հարուածեցին Այնթապի շրջակայ չեթէական ուժեր եւ արեւելեան ու արեւմտեան կողմերէն միաժամանակ քաղաք մտնելով պաշարեցին թրքական թաղերը:
Ստեղծուած այս նոր իրավիճակին ի տես` հայկական հրամանատարութիւնը որոշեց հայկական թաղերուն սպառնացող թրքական յառաջացեալ դիրքերը գրաւել:
Ապրիլ 12-ին հայկական ուժերը գրաւեցին Շէյխի մզկիթը, ապրիլ 17-ին` Պիւպիւլ Զատէի տունը, ապրիլ 23-ին` քիւրտ Մահալլէսին:
Ապրիլ 25-ին ֆրանսական նոր ուժեր հասան Քիլիսէն. նոյն օրն իսկ ֆրանսական ու թրքական ուժերուն միջեւ ընդհարումները սկսան: Երեք-չորս օրուան կռիւներէ ետք, ապրիլ 28-ին գնդապետ Նորմանի ֆրանսական ուժերը Այնթապէս քաշուեցան եւ Ճարապլուս փոխադրուեցան` իրենց գրաւած բլուրներն ու ռազմագիտական դիրքերը ձգելով թուրքերուն:
Ֆրանսացիներուն հեռացումէն ետք Այնթապի թրքական ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ Արսլան բէկ` փոխարինելով Գլըճ Ալին: Այնուհետեւ թուրքերը, սաստիկ ռմբակոծումներու կողքին, հայկական թաղերը հրդեհելու աշխատանքին ձեռնարկեցին: Հրդեհներն ու ռմբակոծումները աւեր կը գործէին, բայց կռուողներն ու ժողովուրդը կ՛աշխատէին կանգուն պահել դիրքերը եւ ջուրի հեղեղներով մարել հրդեհները:
Հայերուն կացութիւնը հետզհետէ օրհասական կը դառնար. հայկական թաղերուն շուրջ, ռազմաճակատի գիծը կ՛երկարէր մօտաւորապէս հինգ քիլոմեթրի վրայ, որուն վրայ հայ կռուողները միայն երեք հարիւր հրացան ունէին` իրենց դիմաց ունենալով թրքական տեղական ուժերը, զօրք եւ շրջակայ գաւառներէն կռուի բերուած տասնչորս հազար չեթէներ, զինուած` արդիական զէնքերով ու առատ զինամթերքով:
Մինչ հայերու եւ թուրքերու միջեւ կռիւները կը շարունակուէին նոյն թափով, մայիս 25-ին Այնթապ մտաւ ֆրանսական զօրագունդ մը` գնդապետ Ապատիի հրամատարութեան տակ: Երկու օր ետք, մայիս 27-ին ժամանեց զօրավար տը լա Մոթ, որ հայկական դիրքերը աչքէ անցընելէ ետք մեկնեցաւ Անգարա, ուր Մուսթաֆա Քեմալի հետ բանակցութիւններ ունենալէ ետք կրկին Այնթապ վերադարձաւ եւ հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքին թուրք երեւելիներուն հետ:
Նոյն օրերուն, մայիս 30-ին զօրավար Կուրոյի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ ստորագրուած համաձայնութեամբ, ֆրանսական զօրքերը մինչեւ յունիս 8 պիտի քաշուէին Այնթապէն: Դժբախտաբար համաձայնութիւնը չգործադրուեցաւ:
Թուրք ֆրանսական զինադուլի հաստատումէն ետք խաղաղութիւն հաստատուեցաւ, եւ հայերու ու թուրքերու միջեւ բանակցութիւններ սկսան եւ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացաւ:
Զինադուլը յարմար առիթ ծառայեց թուրքերուն` ուժերու համախմբման եւ հետագայ պայքարի կազմակերպման համար: Այնթապի եւ Ատանայի ճակատի հրամանատար նշանակուեցաւ գնդապետ Սալահէտտին Ատիլ բէկ: Թուրքեր բազմաթիւ անգամ դիմեցին հայերուն` պահանջելով, որ կարգ մը կարեւոր դիրքեր յանձնուին կառավարութեան, բայց միշտ ալ մերժումի արժանացան:
Կենաց մահու կացութեան ելք մը որոնելու համար հայեր իրերայաջորդ ժողովներ գումարեցին, բայց չկրցան վճռական եզրակացութեան մը յանգիլ: Ի վերջոյ յունիս 1-ին համազգային միթինկ մը տեղի ունեցաւ գայաճըգ թաղի բողոքականներու աղօթատեղիին մէջ: Այդ միթինկի ընթացքին որոշուեցաւ ձգել քաղաքը, պատնէշի վրայ մնալ ու դիմագրաւել ճակատագիր, քան թէ նահանջելով ստոյգ բնաջնջումի ենթարկուիլ:
Երկու ամսուան խաղաղութենէ ետք, հինգշաբթի, յուլիս 29-ի առաւօտուն թրքական զօրքերը կրակ բացին ֆրանսական դիրքերուն վրայ. կռիւները վերսկսան թնդանօթի կատաղի մարտերով: Նոյն օրը Այնթապի ուղղութեամբ շարժեցաւ Անտրէայի հինգ հազարնոց զօրասիւնը, որ օգոստոս 9-ին պաշարեց քաղաքին թրքական թաղամասերը` կտրելով զայն շրջակայքը տեղաբաշխուած թրքական զօրքերէն:
Թուրքերը Այնթապի շուրջ ստուար ուժեր կեդրոնացուցած էին. հազարաւոր չեթէներ, 1500 հոգինոց զինուորական զօրամաս մը եւ հինգերորդ ու իններոդ զօրագունդերէն զինուորներ:
Ֆրանսական նոր ուժերու ժամանումէն ետք թուրքերուն եւ ֆրանսացիներուն միջեւ ծայր տուին բուռն ռմբակոծումներ եւ հայութիւնը, որ մինչ այդ չէզոք դիրք բռնած էր, երկու կրակի միջեւ մնաց, բայց սեպտեմբեր 30-էն սկսեալ իր մասնակցութիւնը բերաւ կռիւներուն:
Նոյեմբեր 20-ին (1920) Ատանայէն Այնթապ հասաւ գնդապետ Կուպոյի ֆրանսական զօրամասը` տասներեք հետեւակային գումարտակ, տասնմէկ մարտկոց, մէկուկէս հեծելակազօրային գունդ եւ օդանաւեր, օժտուած` անթել հեռաձայններով:
Գնդապետ Կուպոյի զօրամասին ժամանումէն ետք Այնթապի թրքական թաղամասերուն պաշարումը աւելի սեղմուեցաւ: Յառաջացող ձմրան հետ, թուրքերը ահաւոր սովի մատնուեցան, իսկ անոնց զօրքերուն զինամթերքը 1921-ի տարեսկիզբին արդէն գրեթէ սպառած էր: Թուրք հրամանատարներ սկսան մտածել կռիւներով պաշարումի շղթան ճեղքելու եւ փախուստի դիմելու մասին:
Ստեղծուած այս կացութեան առջեւ 8 փետրուար 1921-ին Այնթապի թուրք բնակչութեան անունով պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Անտրէայի` անձնատուութեան առաջարկով, եւ յաջորդ օրն իսկ, 9 փետրուարին, թուրք պատուիրակները ստորագրեցին քաղաքին անձնատուութեան պայմանները, որոնց հիմամբ անոնք կը ճանչնային ֆրանսական հոգատարութիւնը եւ կը յանձնէին իրենց զէնքերն ու զինամթերքը:
Բայց մէկ ամիս ետք, 9 մարտ 1921-ին, Լոնտոնի մէջ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ քեմալական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Պէքիր Սամի բէկի եւ Ֆրանսայի վարչապետ Պրիանի միջեւ. բան մը, որ ցոյց կու տար, թէ կարելի է վստահիլ ֆրանսական քաղաքականութեան, ինչ որ խուճապի մատնեց Այնթապի հայութիւնը եւ, յաջորդող ամիսներուն անոնք զանգուածաբար ձգեցին իրենց հայրենի օրրանը եւ փոխադրուեցան Հալէպ: 25 դեկտեմբեր 1921-ին, երբ ֆրանսացի վերջին զինուորները հեռացան Այնթապէն, տակաւին քաղաքին մէջ կը մնային 3500 հայեր:
Թրքական իշխանութեան վերահաստատումէն ետք հայերուն դէմ ծայր տուին հալածանքներ: Մասնակի սպանութիւնները, առօրեայ յաճախակիութեամբ պատահող ոճիրները եւ հայ երիտասարդներու աքսորը այլեւս անտանելի դարձուցին մնացող հայերուն կեանքը, եւ 1922-ի տարեվերջին ու մինչեւ 1923 յունուար Այնթապէն հեռացան հայութեան վերջին բեկորներն ալ: