ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Հակառակ անոր որ մարզական խաղերու եւ յատկապէս ոտնագնդակի ջերմ համակիր եմ, այսուհանդերձ, մարզասէր ընթերցողները յուսախաբ պիտի ընեմ` ըսելով, որ այս յօդուածին խորագիրը չի վերաբերիր մարզական խաղի մը: Ոչ ալ` որեւէ տեսակի խաղի մը, որովհետեւ եղածը խաղ չէ, այլ` համազգային տարողութիւն ունեցող շատ լուրջ խնդիր:
Երեքշաբթի, 23 փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Թորոնթոյի (Քանատա) Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ ականատես եղայ քանի մը տասնեակ հալէպահայ ընտանիքներու ժամանումին: Հոն իրենց կը սպասէին ազգականներ, իրենցմէ կարճ ատեն մը առաջ հոն հասած բարեկամներ, պետական կարգուսարքի պահանջով զիրենք հովանաւորողներ, ինչպէս նաեւ` գաղութի պատասխանատուներ:
Հոն յայտարարուեցաւ, թէ այս խումբը հալէպահայեր Քանատա բերող 18-րդ օդանաւով ժամանած է, ընդհանուր թիւը հասցնելով 1800-ի: Սա Թորոնթօ հաստատուածներուն թիւն է եւ չի ներառեր Մոնրէալ հասածները:
Հայ կեդրոնէն ներս հաստատուած է գրասենեակ մը` քանի մը հոգինոց անձնակազմով, որ կը զբաղի նորեկներու պետական թուղթերու գործերով:
Ընդհանուր մօտեցումը այն է, որ նորեկները «քիչ մը պիտի չարչարուին, մինչեւ որ վարժուին, մենք ալ չարչարուեցանք, երբ նոր եկանք»: Նորեկներէն շատ շատեր լեզուական դժուարութիւններ ունին, առաւել` կը դիմագրաւեն մշակութային, մտայնութեան, նիստուկացի, հայկական տեղական դրուածքին առնչուող հարցեր. տակաւին չենք հաշուեր պետական ամբողջովին տարբեր համակարգերու (Սուրիա-Քանատա) առնչուող բազմատեսակ խնդիրները:
Առաւել, կայ այն հանգամանքը, որ Հալէպի հայութիւնը տասնամեակներու ընթացքին իր ճակտի քրտինքով ստեղծած է բարիք, տնտեսական բարօրութիւն եւ նուաճած է որոշ կենսամակարդակ: Հիմա այդ հայութեան մէկ մասը, գրեթէ ակնթարթի մը մէջ, այդ բոլորէն անջատուած ու զրկուած, հասած է բոլորովին անծանօթ օտար երկիր մը: Տեղական մտածելակերպով` «անշո՛ւշտ որ պիտի չարչարուին քիչ մը»…
Նորեկները իրենց մասնագիտութիւնը ի սպաս պիտի դնեն օտար երկրի մը բարգաւաճումին, իրենց տաղանդը պիտի ծառայէ օտար երկրի մը կարիքներուն: Քանատական իշխանութիւնները այս բոլորին մէջ փորձեցին քարոզչական առաւելագոյն արդիւնքը ձեռք ձգել` ըսել տալու համար, թէ որքա՜ն մարդասիրական վերաբերում ունին իրենք պատերազմական ծանր պայմաններու մէջ գտնուող մարդոց նկատմամբ: Այս քարոզչութիւնը (որուն մաս կազմեց նաեւ հայկական ընկերային ցանցը) կը միտի մոռացութեան տալու այն փաստը, որ Քանատան զինակից-դաշնակից է այն նոյն երկիրներուն, որոնք հինգ տարիէ ի վեր յամառօրէն կը քանդեն Սուրիան` ամէնօրեայ կշռոյթով:
Այս բոլորը` հէ՛չ… Քանատան կ՛ընէ այն, ինչ կը թելադրեն իր պետական շահերը:
Ամօթ չըլլայ հարցնելը` իսկ հայկական պետական շահե՞րը ինչ կը թելադրեն այս առումով:
1990-ի Պաքուի հակահայ կոտորածներէն 20 տարի ետք, անգամ մը եւս առիթը ստեղծուեցաւ հայութեան ու Հայաստանի համար, որպէսզի մեր ժողովուրդի ֆիզիքապէս վտանգուած հատուածները կարելի ըլլայ համախմբել իր հայրենիքէն ներս: Այդ օրերուն, այսինքն 1990-ին, կարելի չեղաւ Ազրպէյճանէն հալածուած հայութիւնը համախմբել Հայաստանի մէջ: Պաքուի հայերը կորսուեցան Ռուսիոյ մէջ, իսկ աւելի փոքր թիւ մը Մ. Նահանգներ հասան: Համեմատաբար աննշան եղաւ Հայաստան հասածներուն թիւը: Այդ օրերուն հայկական կողմը չունէր որոշումի անկախութիւն, Խ. Միութիւն կար: Ազրպէյճանաբնակ հայութեան համար «երկիր» հասկացողութիւնը կը վերաբերէր ամբողջ Խ. Միութեան: Այնպէս որ, անապահովութեան պարագային, «խորհրդային երկրի» այս կողմն ես, թէ այն կողմը` ի՛նչ տարբերութիւն: Սակայն փաստը կը մնայ փաստ` կարելի չեղաւ բազմատասնեակ հազարներ հաշուող այդ հայութիւնը համախմբել հայրենիքէն ներս:
Այսօր ունինք անկախ պետականութիւն: Մեր կարծիքով, արդարացուցիչ չէ այն իրականութիւնը, որ Հայաստան իբրեւ պետութիւն, չունի կարելիութիւնները ֆիզիքապէս վտանգուած սուրիահայութիւնը հայրենիքի մէջ տեղաւորելու:
Սոսկ այն գաղափարը, որ համահայկական տարողութեամբ պատմական առիթ մը ստեղծուած է հայութիւնը համախմբելու իր հայրենիքին մէջ, եւ թէ` այս մէկը այնքան կենսական ու ռազմավարական բնոյթ ունի, որուն հետ բաղդատելով, անընդունելի կը դառնայ «կարելիութիւնները չկան»-ի մօտեցումը:
Ենթադրենք, որ պետական մարզէն ներս կարելիութիւններու չգոյութիւնը հասկցանք: Բայց նոյն այդ պետականութեան համար հասանելի մեծ կարելիութիւններ կային (եւ կան), սեփական մարզէն ներս, որպէսզի կարելի ըլլար վերցնել այս ճակատագրական ձեռնոցը:
Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը, ճիշդ է, «չարչարուեցան», մինչեւ որ վարժուեցան: Մէկ մասն ալ «չվարժուելով»` հայկական անցագիրը առաւ ու ինքզինք նետեց Արեւմուտքի այս կամ այն երկիրը: Հայաստանի իշխանութիւնները, ճիշդ է, զանազան դիւրութիւններ ընծայեցին նորեկներուն (քաղաքացիութիւն, առողջապահական խնամք, պետական թղթաբանութիւններու դիւրացում), սակայն մեծ հաշուով եւ ռազմավարական մտածողութեամբ, ոչ մէկ հիմնական քայլ առաւ սուրիահայութիւնը Հայաստանի մէջ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼՈՒ (կամ տեղաւորուած տեսնելու) իմաստով: ՀՀ իշխանութիւնները տուին դիւրին որոշումները (օրինակ` «սուրիական վարորդականով Հայաստանի մէջ եւս կրնաս ինքնաշարժ քշել…») ու այդքանով իրենց ազգային սրբազան պարտականութիւնը աւարտած համարեցին:
Մեծ պատկերին մէջ, հայկական կողմը չկրցաւ ըսել` «քիչ մը պիտի չարչարուիք, մինչեւ որ մարդկային իմաստով վարժուիք, բայց ձեր թիկունքը ապահով է, հոս եւս տուն-տեղ ունիք»: Բայց Քանատան ըսաւ` «քիչ մը պիտի չարչարուիք, բայց վնաս չունի, կը վարժուիք»…
Մենք նիւթը սպառելու յաւակնութիւնը չունինք այս յօդուածով, որովհետեւ կան քննարկումի արժանի բազմաթիւ այլ երեսներ եւս, որոնց կարելի չեղաւ անդրադառնալ: Բայց հիմա, որ Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս փոփոխութիւններ կատարուած են, կը յուսանք, որ այդ փոփոխութիւնները արդիւնք են նոր որակի մօտեցումներու ու կը կրեն խորքային եւ ռազմավարական բնոյթ:
Կարելի չէ ծուռ վիզով կլլել մեր «քանատական պարտութիւնը»:
17 մարտ 2016