ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Poliomyelitis բառացիօրէն կը նշանակէ ողնուղեղային լուծանք: Սակայն անիկա ընդհանրապէս անուանուած է «մանկական ողնուղեղային լուծանք» կամ` «մանկական անդամալուծութիւն»:
Մանկական անդամալուծութիւնը վարակիչ բորբոքումային հիւանդութիւն մըն է, որուն յարուցիչը Փոլիօ ժահրն է, որ գտնուած է 1908-ին:
Այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունեցած է հազարաւոր տարիներ առաջ: 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն անիկա համաճարակի վերածուած է:
Փոլիօ ժահրը կը հարուածէ միայն մարդ արարածը` առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան: Հիւանդութիւնը կը տեսնուի առաւելաբար մանուկներու մօտ: Փոլիօ ժահրը ունի երեք ենթաբաժանումներ, որոնք կը յառաջացնեն տարբեր աստիճանի ախտանշաններ: Առաջին տեսակը ամէնէն յաճախակին է եւ ամէնէն աւելի վարակիչը:
Փոլիօ ժահրը կը կեդրոնանայ եւ կ՛ապրի կոկորդին, ըմբանին եւ աղիքներուն մէջ: Անոր թխսաւորումը կրնայ ըլլալ 7-15 օր: Թխսաւորումի ժամանակամիջոցին ժահրը կեդրոնացած կ՛ըլլայ կոկորդին եւ կղկղանքին մէջ: Ախտանշաններու սկսելէն ետք ան կը մնայ կոկորդին մէջ 1-2 շաբաթ եւ կղկղանքին մէջ` 3-6 շաբաթ: Հետեւաբար ենթական այս 6 շաբաթներու ընթացքին իր մէջ կուտակուած ժահրերը կրնայ տարածել իր շրջապատին մէջ:
Վարակումէն ետք անհատը կ՛ունենայ վարակամերժութիւն (immunity), որուն պատճառով վարակուած անհատին արեան մէջ կը զարգանան որոշ հակամարմիններ (antibodies): Այս հակամարմինները կը կեդրոնանան նշիկներուն եւ աղիքներուն մէջ ու կը պայքարին Փոլիօ ժահրերուն դէմ: Անոնք կը կասեցնեն ժահրերուն բազմացումը եւ տարածումը դէպի կեդրոնական նեարդային համակարգ: Փոլիօ ժահրի երեք ենթաբաժանումներուն դէմ մարմնին մէջ կը զարգանան երեք տարբեր տեսակի վարակամերժութիւններ:
Այս հիւանդութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով.
1. Թեթեւ անցողակի հարբուխի նման հիւանդութիւն,
2. Ծանր հիմնական հիւանդութիւն, երբ նեարդային կեդրոնական համակարգը կը վնասուի եւ զանազան տեսակի ախտանշաններ կը յայտնուին անդամալուծութեամբ եւ կամ առանց անդամալուծութեան:
Ընդհանուր առմամբ վարակուողներուն 90-95 տոկոսը ախտանշաններ չի ունենար: 5-10 տոկոսը կ՛ունենայ անցողակի հարբուխի եւ կրիփի նման թեթեւ ախտանշաններ, օրինակի համար` ջերմ,
գլխացաւ, փսխունք, փորհարութիւն եւ մկանային ցաւեր: Այս ախտանշանները վարակումէն 15 օր ետք կ՛անհետանան եւ ենթական կ՛ունենայ բնական կեանքի ընթացք: Իսկ վարակուողներուն 1 տոկոսը կ՛ունենայ նեարդային կեդրոնական համակարգի վնաս, որ կը յայտնուի երկու ձեւերով.
1. Առանց անդամալուծութեան ապանեխական (aseptic) ուղեպատեանատապ (meningitis), որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով` գլխացաւ, վիզի, սրունքներու եւ բազուկներու ցաւ, ջերմ, փսխունք եւ յոգնածութիւն:
2. Միակողմանի կամ երկկողմանի անդամալուծութեամբ, որ կրնայ ըլլալ ողնածուծային (spinal), կոճղիզային (bulbar), կոճղիզա-ողնածուծային, (bulbospinal) եւ կամ ուղեղային (cerebral)` համաձայն կեդրոնական նեարդային համակարգի ախտահարուած բաժնին: Ուղեղայինը ընդհանրապէս կը պատահի անչափահաս մանուկներու, որոնք կ՛ունենան շուարած վիճակ, ցնցումներ եւ պրկուածութիւն: Ողնածուծայինը ամէնէն յաճախակի տեսակն է, որ կրնայ ըլլալ պարանոցային (cervical), լանջային (thoracic) եւ կամ գօտկային (lumbar)` համաձայն ողնածուծի ախտահարուած բաժնին:
Անդամալուծութեան յատկանշական ախտանշաններն են.
1. Մկանային տկարութին, թուլութիւն, պրկում,
2. Բազուկներու, ձեռքերու, սրունքներու եւ ոտքերու անշարժութիւն,
3. Մորթի գերզգայութիւն (hyper-esthesia) կամ տարզգայութիւն (paresthesia),
4. Անմիզութիւն,
5. Կլլելու դժուարութիւն,
6. Քթային ետհոսք եւ ռնգաձայն (rhinolalia),
7. Շնչառական-թոքային դժուարութիւն:
Փոլիօ ժահրի փոխանցումը անձէ անձ տեղի կ՛ունենայ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն: Քանի որ ժահրը կ՛ապրի կոկորդին եւ լորձունքին մէջ, հետեւաբար ան անձէ անձ կը փոխանցուի բերնէ-բերան միջոցով, յատկապէս` համբուրելով: Իսկ անուղղակի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ ժահրով հարուստ կղկղանքի գոյութեամբ: Ըմպելի ջուրը եւ սննդեղէնները կրնան վարակուիլ այս ժահրով, երբ անոնք ուղղակի հանդիպում ունենան ժահրոտ կղկղանքին հետ: Ճանճերը կը գործեն որպէս փոխադրամիջոց: Անոնք նստելէ ետք ժահրոտ կղկղանքին վրայ, կը փոխադրեն ժահրը ըմպելի ջուրերուն եւ կերակուրներու վրայ: Ուստի մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ Փոլիօ ժահրով վարակուիլ, երբ խմէ վարակուած ջուրը եւ կամ ուտէ վարակուած կերակուրները:
Փոլիօ ժահրը հասնելէ ետք կոկորդ, կը կեդրոնանայ մօտակայ աւշագեղձերու մէջ, ուր կը բազմապատկուի, ապա կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ, այսինքն տեղի կ՛ունենայ ժահրա-արիւնութիւն (viremia): Այս հանգրուանին կը յաջորդէ հակամարմիններու յառաջացումը եւ ախտանշաններու յայտնութիւնը: Ժահրը կը հասնի մարմնի ծայրամասային ջիղերուն (peripheral nerves) եւ նեարդային կեդրոնական համակարգին արեան ճամբով: Իսկ ծայրամասային ջիղերու ժահրերը կրնան ուղղուիլ դէպի ուղեղ եւ վարակել ուղեղը:
Այս հիւանդութեամբ վարակուող անձերու կղկղանքը 2-3 ամիս կը դառնայ Փոլիօ ժահրի շտեմարան: Անոնք կը դառնան կրողներ (carriers) եւ, հետեւաբար, այս ժամանակամիջոցին անոնք կրնան տարածել ժահրը եւ հիւանդութիւնը իրենց շրջապատին: Փոլիօ ժահրով վարակուած անձ մը դիւրաւ կը տարածէ այս ժահրը իր շրջապատին մէջ իր ախտանշանները սկսելէ 7-10 օր առաջ եւ վերջ:
Յղութեան ընթացքին մօր հակամարմինները կ՛անցնին արգանդի փառէն (placenta) դէպի սաղմ (fetus) եւ, հետեւաբար, նորածինը առաջին 3 ամիսներուն պաշտպանուած կ՛ըլլայ այս ժահրին դէմ:
Մանկական անդամալուծութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի երկու միջոցներով.
1. Կղկղանքի եւ կոկորդի-լործունքի քննութեամբ, ուր կըփաստուի Փոլիօ ժահրի գոյութիւնը:
2. Արեան քննութեամբ, ուր կը փաստուի Փոլիօ ժահրին դէմ հակամարմիններու գոյութիւնը:
Մանկական անդամալուծութեամբ վարակուած հիւանդներ, անկախ վերոյիշեալ ախտանշաններէն, կրնան ունենալ հետեւեալ բարդութիւնները.
1. Մարմնական ձեւափոխութիւններ (deformation), մասնաւորապէս` սրունքներու, բազուկներու, ձեռքերու եւ ոտքերու, որոնք հետեւանքն են անշարժութեան,
2. Ոսկրափխրում (osteoporosis) եւ ոսկրային կոտրուածքներ,
3. Թոքային բորբոքումներ, թոքատապ, թոքի ջրուռեցք (pleurisy) եւ շնչառական դժուարութիւն,
4. Սրտաբորբ (carditis),
5. Աղիքներու ծուլութիւն եւ փորի պնդութիւն,
6. Սրունքներու երակախցում (vein thrombosis),
7. Մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանք (shock):
Փոլիօ ժահրի վարակումով անդամալուծութեան մատնուող հիւանդներուն երկու երրորդը կ՛ունենայ մնայուն-յարատեւ որոշ մարմնական տձեւութիւններ, ձեւափոխութիւններ եւ տկարութիւներ: Իսկ բարդութիւններու մահացութեան տոկոսը (mortality rate) կրնայ հասնիլ 20-ի` չդարմանուելու պարագային:
Մանկական անդամալուծութեան դէմ յատուկ դարմանամիջոց չկայ, սակայն կը գործածուին կողմնակի նեցուկային (supportive) միջոցներ, օրինակ` ցաւազերծող դեղեր, մարզանք եւ վերականգնումի (rehabilitation) միջոցառումներ: Երիկամներու կամ թոքերու բորբոքումներու պարագային կը գործածուին հակամանրէական դեղեր: Իսկ ստոծանիի եւ կրծքավանդակի մկաններու անդամալուծութեան պարագային շնչառութեան օգնական սարքի (respirator) գործածութիւնը կը դառնայ պարտաւորիչ:
Հակառակ որ մանկական անդամալուծութեան դէմ յատուկ դարմանումի միջոց չկայ, բարեբախտաբար գոյութիւն ունի անոր դէմ յատուկ պատուաստ մը, որ շատ ազդու եւ արդիւնաւոր է: Բոլոր մանուկները ստանալու են այս պատուաստը: Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը մեծ ճիգ կը թափէ հիմնովին արմատախիլ ընելու համար այս հիւանդութիւնը` գործածելով Փոլիօ ժահրին դէմ այս պատուաստը: Աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ այս պատուաստի գործածութիւնը պարտադիր է: Մանկական անդամալուծութիւնը կանխարգիլելի է այս յատուկ պատուաստի գործածութեամբ: Պատուաստը գտնուեցաւ 1950-ին Ժոնզ Սալքի կողմէ: Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կը յուսայ, որ մինչեւ 2018 թուական մանկական անդամալուծութիւնը բոլորվին գոյութիւն պիտի չունենայ: