Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ատրպատական
Ատրպատականի Հայոց Թեմի
Պատգամաւորական Ժողովի
6-րդ Նիստը
11 մարտին Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի վեցերորդ նիստը` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Սրբազան հօր աղօթքէն ետք Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ դոկտ. Արա Մելիքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` վերյիշեցնելով անոնց, թէ ժողովուրդը ի՛նչ կը սպասէ իր պատգամաւորներէն:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ հրաւիրեց ժողովականները` միասնաբար խորհելու, խօսելու եւ գործելու Ազգային իշխանութեան դիմաց գտնուղ բազմաթիւ հարցերու շուրջ: Ան բարձր գնահատեց բոլորին կատարած աշխատանքը, յատկապէս` տարածաշրջանի դժուարին պայմաններու մէջ, թեմի նիւթականը ապահովելու եւ տարեսկզբին գնահատուած պիւտճէն ճշգրտօրէն բաւարարելու համար:
Թեմի խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Ճանանեանը ներկայացուց թեմի նիւթական հաշուետուութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր գործունէութեան երեք դաշտեր` Թաւրիզ, Ուրմիա եւ Սալմաստ գաւառները: Կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան ծրագրի ներկայացումը` գնահատելով եւ վաւերացնելով առաջարկուած պիւտճէի նախագիծը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կալուածական հարցերուն:
Նոր Ջուղա
Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէն
Տիգրան Զարգարեանի Հանդիպումը`
Կրթական Եւ Մշակութային Մարզի
Ներկայացուցիչներուն Հետ
Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի հրաւէրով Նոր Ջուղա ժամանած Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան 3 մարտին հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ կրթական եւ մշակութային մարզի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի պատասխանատու Վերգինէ Միրզախանեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ 2016-ին «Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի հիմնադրման 110-ամեակն է, եւ Ազգային գրադարանի տնօրէնին այցելութիւնը լաւագոյն սկիզբն է այս յոբելենական առիթին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Տիգրան Զարգարեան ելոյթ ունենալով` խօսեցաւ Ազգային գրադարանի գործունէութեան եւ այդ հաստատութեան կայքէջի առցանց հնարաւորութիւններուն մասին: Ան գնահատեց «Ներսէս Շնորհալի» գրադարանին գործունէութիւնը եւ անդրադառնալով Ազգային գրադարանի պատմութեան եւ գործունէութեան` նշեց, որ Ազգային գրադարանը, որպէս հայ գիրքի պահոց, աշխարհի տարածքին ամենամեծ հաստատութիւնն է:
Տիգրան Զարգարեան անդրադարձաւ գիրքերու եւ մամուլի թուայնացման անհրաժեշտութեան եւ նշեց թուայնացուած գրականութեան օգտագործման առաւելութիւններն ու թերութիւնները:
Ան նաեւ ներկաներուն առցանց ծանօթացուց Ազգային գրադարանի կայքէջին եւ թուայնացուած գիրքերու եւ մամուլի հաւաքածոյէն օգտուելու միջոցները:
Միացեալ Նահանգներ
«Խոստումը» Ժապաւէնի Գլխաւոր
Դերասանները «Օսքար»-ի
Թեկնածուներ Կը Նկատուին
Վերջերս շարժապատկերի աշխարհին նուիրուած www.indiewire.com կայքին վրայ քննադատ Օլիվըր Լիթըլթըն գրեց, թէ Թերի Ճորճի բեմադրած` Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ժապաւէնի գլխաւոր դերակատարները` «Ֆայթըր» ժապաւէնի համար «Օսքար» մրցանակին արժանացած Քրիսչըն Պէյլ եւ «Կոլտըն կլոպ» մրցանակի արժանացած Օսքար Այզիք, 2017-ի «Օսքար»-ի «Գլխաւոր դերակատար» անուանակարգի թեկնածուներէն կրնան ըլլալ:
Քըրք Քըրքորեանի «Թրասինտա» ընկերութեան հիմնած «Սըրվայվըլ փիքչըրզ» («Վերապրումի պատկերներ») անունով ընկերութեան առաջին ձեռնարկը հանդիսացող սոյն շարժապատկերի նկարահանումը արդէն իսկ ամբողջացած է: ժապաւէնը կը ներկայացնէ սիրոյ պատմութիւն մը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն:
«Հայաստան, Իմ Սէր» Ժապաւէնը
Պիտի Ցուցադրուի Փասատինայի
Եւ Նորթ Հոլիվուտի Մէջ
Ռումանացի-ամերիկացի բեմադրիչ Տայանա Էնճըլսընի` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն տեղի ունեցած դէպքերուն վրայ հիմնուած «Հայաստան, իմ սէր» ժապաւէնը 15 ապրիլէն սկսեալ պիտի ցուցադրուի Փասատինայի եւ Նորթ Հոլիվուտի «Լեմլի» սրահներուն մէջ:
Տայանա Էնճըլսըն բեմագրութեան հեղինակն է, ինչպէս նաեւ` ժապաւէնի դերակատարներէն մին:
Հայ ընտանիքի մը պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող սոյն շարժապատկերին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ Շաքէ Թուխմանեան, Արման Նշանեան եւ Նազօ Պրաւօ:
Յայտնենք, որ Էնճըլսըն վերջերս մեծարուած էր «100 ԼԱՅՎԶ» նախաձեռնութեան կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը իւրայատուկ ձեւով նշելուն համար:
Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ`
Նուիրուած Թալէաթի Ահաբեկման 95-Ամեակին
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի ՀԵԴ-ի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին, 12 մարտին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյ` նուիրուած վրիժառու հայորդի Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի ահաբեկման 95-ամեակին:
ՀԵԴ-ի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Դալար Եփրեմեան:
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Ֆրեզնօն պէտք է վերադառնայ իր նախկին հմայքին եւ միասնաբար ո՛չ մէկ ճիգ պէտք է խնայել` սլացքը ուղղելու դէպի կազմակերպ եւ կայուն գաղութ:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան:
Էտ Ռոյս Ստացաւ «Մխիթար Գօշ» Մետալ
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով «Մխիթար Գօշ» մետալը յանձնեց արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ հայամէտ քոնկրեսական Էտ Ռոյսի:
Նախքան մետալի յանձնումը` Գ. Յովհաննիսեան հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերով զբաղող յանձնախումբի անդամներուն հետ, նաեւ քննարկումներ ունեցաւ քոնկրեսականներ Ճոն Շիմքուսի (Իլինոյս նահանգ) եւ Ճուտի Չուի (Քալիֆորնիա) հետ:
Էտ Ռոյս նման պատիւի արժանացած է հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առումով ունեցած նշանակալի աւանդին համար:
Եւրոպա
«Եղեռն` Եղեռնէն Ետք» Ցուցահանդէսը
Պիտի Շրջի Եւրոպայի Մէջ
Վերջերս ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի կապերու պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան յայտնեց, թէ «Եղեռն` եղեռնէն ետք» ցուցահանդէսը, որ ներկայացուեցաւ 29 փետրուարէն 4 մարտ Եւրոխորհրդարանին մէջ, պիտի շրջի Եւրոպայի մէջ եւս:
Յայտնենք, որ Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած էր 1 մարտին, շատ յաջող անցած էր: Մէկ շաբթուան ընթացքին ցուցադրուած են 32 մեծ լուսանկարներ, որոնք ստեղծուած էին յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած կառոյցին կողմէ: Շուրջ 1000-է աւելի այցելուներ դիտած են ցուցահանդէսը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս իրականացած «Եղեռն` եղեռնէն ետք» ծրագիրին համար ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան «Հայկեան» յատուկ մրցանակի արժանացուցած է պատմաբան, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը:
Վրաստան
Ուխտագնացութիւն` Ախալցխայի
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի
12 մարտին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մտնելու յիշատակին առիթով վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինը, առաջարկութեամբ եւ աջակցութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, ուխտագնացութիւն կազմակերպեց Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հինաւուրց եկեղեցի, ուր քաղաքի հոգեւոր հովիւ Յակոբ աբղյ. Սահակեան մատուցեց Ս. պատարագ: Օրուան պատգամը տուաւ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդութեան Ախալցխայի շրջանի յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Թորգոմ քհնյ. Վարդանեան: Ուխտաւորները այցելեցին նաեւ Ախալցխայի «Քոյր եւ եղբօր» մատուռը եւ Ս. Նշան եկեղեցի: Անոնք հիւրընկալուեցան Ախալցխայի երիտասարդական կրթա-մշակութային կեդրոնին մէջ: Կեդրոնին աշխատանքները համակարգող Էդուարդ Այվազեան ներկայացուց երիտասարդական կեդրոնին գործունէութիւնը եւ անդրադարձաւ ապագայ ծրագիրներուն: Երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին միասնաբար ձեռնարկներ կազմակերպելու:
Ուշ երեկոյեան ուխտաւորները վերադարձան Թիֆլիս:
Նշանաւոր Հայը`
«Հայարտուն» Կեդրոնին Մէջ
19 մարտին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Էվերեսթ գագաթը նուաճած Լեւոն (Լեովա) Սարկիսովի հետ: Հանդիպումին նպատակն էր Թիֆլիսի հասարակայնութեան ծանօթացնել հերոս լեռնագնացին կեանքի դրուագները:
Թիֆլիսի հայերու միութեան նախագահ Միխայիլ Թադևոսով ներկայացուց Լեւոն Սարկիսովի կեանքի ուղին, որ նուիրած է լեռնագագաթները մագլցելուն: Մաքառումներով լեցուն անոր կեանքի ճանապարհը պսակուած է Խորհրդային Միութեան աւելի քան եօթը հազար բարձրութեան գագաթները նուաճելու յաղթանակով: Բանախօսը շեշտեց այն իրողութիւնը, որ Էվերեսթ լեռը նուաճած երեք հայերէն մէկը եղած է Լեւոն Սարկիսով:
Լեւոն Սարկիսով խօսք առնելով` պատմեց լեռնագնացի ծանր, բայց յաղթանակներու բերկրանքով լեցուն կեանքի մասին: Ներկաները դիտեցին լեռնագնացութեան մասին պատմող ժապաւէններ, որոնցմէ մէկը նուիրուած էր 1999 թուականին Էվերեսթը նուաճելուն, ուր 61-ամեայ լեռնագնաց Սարկիսով մտաւ «Կինես»-ի գիրքի մէջ:
Հայ առասպելին երկար տարիներու կեանք մաղթեցին երիտասարդ լեռնագնաց Լանա Ադամովան եւ երաժիշտ Արտեմ Կիրակոզովը, իսկ բանաստեղծուհի Մարինա Կիրակոսեան-Մոսեսովան կարդաց Սարկիսովին նուիրած իր բանաստեղծությունը:
Վիրահայոց թեմի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ հոգևոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Ղուշչեան Լ. Սարկիսովը անուանեց երիկնքի մօտեցած, հոգեպէս հարստացած եւ երկնային մաքրութեամբ ապրող մարդ, որ հոգիի ամրապնդման, անյաղթահարելի կամքի եւ վախը յաղթահարելու օրինակ է:
Ռուսիա
Ռուսիոյ Պատմութեան Պետական
Թանգարանին Մէջ Հայաստանի Նուիրուած
Ցուցահանդէսի Բացում
Վերջերս Ռուսիոյ պատմութեան պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. լինելիութեան լեգենդներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էին հայ ժողովրդի հազարամեակներու պատմութեան վկայութիւնները: Այցելուները հնարաւորութիւն ունին
ծանօթանալու 160 եզակի նմոյշներուն, որոնք բերուած էին Մատենադարանի, Հայաստանի պատմութեան եւ Ս. Էջմիածնի թանգարաններէն եւ կը ներկայացնէին հայկական հարուստ մշակոյթը:
Ցուցահանդէսը այցելած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ անոր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Մետինսքի: Բացման հանդիսութեան Յասմիկ Պօղոսեան նախարարութեան ոսկիէ մետալով պարգեւատրեց Ռուսիոյ պատմութեան թանգարանի տնօրէն Ալեքսէյ Լեւիքինին:
Այս առիթով հրատարակուած է նաեւ ցուցահանդէսի պատկերագիրքը, ուր ներկայացուած են հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը: Առանձին բաժնով անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային: Որպէս խօսուն վկայութիւններ` ցուցահանդէսի այցելուներուն ներկայացուած է ցեղասպանութեան պատճառով աւերուած, հրկիզուած ու թալանուած յուշարձաններու լուսանկարները:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 12 յունիս:
Գերմանիա
Գերմանիոյ Հայոց Թեմի
Նոր Ընտրութիւնները
5-6 մարտին Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդանիստ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմական-պատգամաւորական տարեկան հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան թեմի 15 համայնքներէն շուրջ 35 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ թեմի հոգեւոր դասը` նախագահութեամբ Գարեգին արք. Պեքճեանի:
Երկօրեայ ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր զանազան հարցեր, ինչպէս` առաջնորդարանի եւ անոր հետ առնչուած համայնքներու 2015-ի գործունէութեան տեղեկագիրները եւ նիւթական հաշուետուութիւնները, առաջնորդարանի հոգեւոր գործունէութիւնը, փոխյարաբերութիւնները Հայաստանի դեսպանութեան եւ գերմանահայ զանազան հաստատութիւններու հետ եւ թեմական մարմիններու նոր ընտրութիւնները:
Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցան քննարկումներ եւ կատարուեցան զանազան առաջարկներ:
Թեմական խորհուրդին անդամ ընտրուեցան` Սօսի Շայեր, տոքթ. Սարգիս Ատամ, տոքթ. Ֆրետ Միրզախանեան, Արա Վարդանեան, Սերովբէ Օտապաշեան, Գրիգոր Սաղլամեր, Վազգէն Ուրախեան եւ Ռոպէր Ելեկեն, իսկ հաշուեքննիչ մարմինի անդամ ընտրուեցան` Հիլտա Տէյիրմենճի եւ Ռիթա Գրիգորեան:
Աւարտին Գարեգին արք. Պեքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց թեմական մարմիններու նախորդ տարիներու անդամներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր անդամները: