ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լիբանանահայ մամուլի երկու գործիչներ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք»-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան առանձին յօդուածներով անդրադարձած են Լիբանանի մէջ տպագիր մամուլին դիմագրաւած տագնապին` տեղական յայտնի թերթերու տխուր կացութեան լոյսին տակ, միեւնոյն ժամանակ արծարծելով հայկական տպագիր մամուլին սպասող ո՛չ այնքան փայլուն հեռանկարին հետ կապուած խնդիրներ:
Տպագիր մամուլը աշխարհով մէկ կը դիմագրաւէ նոյն խնդիրները. ընթերցողներու թիւի նուազում, որուն պատճառով կը նուազին նաեւ ծանուցումներէն ապահովուած եկամուտները, որուն իբրեւ հետեւանք` թերթերը կը պարտադրուին կրճատումներ կատարելու, անձնակազմ փոքրացնելու եւ լրատուական դաշտը սահմանափակելու, ի վերջոյ` իրենք զիրենք դատապարտելով ամբողջական դադրեցումի:
Ամերիկայի մէջ մե՛նք ալ ականատես ենք տեղական բազմաթիւ յայտնի թերթերու խեղճացման: «Ասպարէզ»-ն ալ, անշուշտ, զերծ չի կրնար մնալ այս դժուարութիւններէն, ու պէտք է ակնկալել, որ հետզհետէ անոր առջեւ կանգնած խնդիրները բարդանան ու բազմանան:
Այս հանգրուանին, շնորհիւ մեր բաժանորդներու հաւատարմութեան, շնորհիւ մեր հովանաւորներու եւ բարեկամներու նուիրատուութեանց, ինչպէս նաեւ` թերթի տարածման նոր նախաձեռնութիւններով եւ ծանուցողներու կարիքներուն հանդէպ ցուցաբերուած զգայուն վերաբերմունքով, կրցած ենք առնուազն ժամանակաւորապէս լուծել որոշ խնդիրներ` միաժամանակ պատրաստուելով անխուսափելիին, տպագիր տարբերակէն կամաց-կամաց առցանց ներկայանալու միջոցին:
Վերջին տարիներուն մեր առցանց մատուցումը քաջալերուած է, ու բնականաբար աւելցած է «Ասպարէզ»-ի կայքին վրայ ծանուցում զետեղելու հետաքրքրութիւնը:
Յամենայն դէպս տակաւին հեռու ենք առցանց ծանուցումներէն ինքնաբաւութեան հասնելու կարելիութենէն: Մինչ այդ մենք հաւատարմօրէն պիտի շարունակենք թերթի տպագիր հրատարակութիւնը, այնքան ատեն որ զայն գնահատողներ կան, այնքան ատեն որ մենք կը դիմանանք:
Կը վստահեցնենք նաեւ, որ տակաւին երկա՜ր դիմանալու ներուժը չի պակսիր մեզի: