ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Ստախօսութիւնը մահացու 7 մեղքերէն մէ՞կն է, ԹԷ՞ ոչ` վստահ չեմ:
Հաւանաբար` ո՛չ, քանի որ` նախքան հաղորդուիլը, խոստովանանքի ժամանակ, «Ստախօսութեամբ եւ մասամբ նորին» լսելս չեմ յիշեր: Անընդունելի եւ անհանդուրժելի ըլլալով հանդերձ, այնքան ալ մեծ յանցանք մը ըլլալու չէ, նայած` սուտի մեծութեան: Տարին անգամ մը, ապրիլ 1-ին, նոյնիսկ արտօնուած է, որպէս կատակ, փոքրիկ սուտեր գլորելը, ապա «Ապրիլ 1» ըսելով` «խոստովանիլ», թէ պարզապէս կատակ մըն է, եւ փոխանակ նեղուելու կամ ջղայնանալու` բոլորը միասին կը ծիծաղին:
Ապրիլ 1-ը միջազգայանօրէն «Կատակ-ստախօսութեան օր» ճանչցուած է:
Կը կարծուի, թէ այդ թուականին «տօնելը», կապ ունի քրիստոնէական օրացոյցի հին տոմարի փոփոխութեան ենթարկուելուն հետ, երբ 1582-ին ընդունուեցաւ, թէ տարին 365 օրերէ կը բաղկանայ, որոշ թիւով մարդիկ բաւական ուշ ըմբռնեցին այդ փոփոխութիւնը, թէ յունուար 1-ը Նոր տարի է, եւ շարունակեցին տօնել մարտի վերջին շաբաթէն մինչեւ ապրիլ 1` որպէս Նոր տարի: Այդ անձերը ծաղրանքի առարկայ դարձան իրենց տգիտութեան եւ յետամնացութեան պատճառով, եւ աւելի «յառաջադէմ»-ները սկսան թուղթէ ձկնիկներ կախել անոնց կռնակէն ու «ձեռք առնելու» նպատակով, կատակ սուտերով զուարճանալ:
Անգլիախօսները այդ օրը կ’անուանեն April Fool, իսկ ֆրանսախօսները` Poisson d’avril:
Մանկութեանս տարիներուն, մեզի համար շատ հաճելի էր այդ օր զիրար խաբելը, եւ ամենահաճելի պահը, դիմացինը կարենալ խաբելէ ետք, կ’աղաղակէինք` «Ապրիլ 1»: Հպարտ էինք, որ կարողացանք խաբել այնպիսի թուականի մը, երբ մարդիկ շատ աւելի զգուշ են, որպէսզի չխաբուին:
Ստախօսութեան մասին նոյնպէս միջազգայնացած, նշանաւոր առակ մըն ալ գոյութիւն ունի: «Ստախօս Միհրան»-ի պատմութիւնը, զոր կարիքը չեմ զգար պատմելու, քանի չկայ անձ մը, որ լսած չըլլայ այդ առակը, զոր մենք` հայերս, հայացուցած եւ հայկական անունով ալ մկրտած ենք նշանաւոր ստախօս «հերոս»-ը: Օտարներուն քով այդ ստախօսը անանուն է: Առակը ճանչցուած է որպէս «Տղան, որ գայլ կայ պոռաց» (The boy who cried wolf):
«Ստախօս Միհրան»-ի առակը հայերուս քով կը գործածուի որպէս բարոյագիտութիւն` փոքրերուն սորվեցնելու, թէ ստախօսը իր արդար պատիժը կը ստանայ, սակայն օտարներուն քով նոյն առակը (Cry Wolf) կը գործածուի որպէս հոմանիշ «սխալ ահազանգ»-ի:
* * *
Երբ դպրոցական աշակերտներ էինք, անմեղ, փոքր սուտերով կը փորձէինք վախցնել կամ քանի մը վայրկեանի համար մտահոգել մեր դասընկերները:
«Պրն. Բանեանը ուզեց, որ իր գրասենեակը երթաս. շատ ջղայնացած երեւոյթ մը ունէր»: Աշակերտը, մտահոգ, կ’ուղղուի գրասենեակ, սակայն բարի տնօրէնը արդէն կռահած է խաղը` աշակերտին մտահոգ դէմքէն: «Գնա՛, տղա՛ս, այսօր ապրիլ 1 է»: Ո՛վ գիտէ, քանի՞ հոգի այդ օր իր գրասենեակը այցելած է նոյն պատճառով:
Յիշելով հանդերձ այդ օրուան թուականը, երբեմն կը տատամսէինք: Չէինք կրնար զատորոշել սուտը իրականութենէն:
Սակայն այդ տարուան ապրիլ 1-ի «սուտ»-ը դարձաւ դժբախտ իրականութիւն մը:
Տակաւին յիշողութեանս մէջ թարմ է: Ապրիլ ամսուան առաջին օրն էր:
Խմբովին կեցած էինք Նոր Սիս թաղամասի «Ազիրեան» ակումբին մուտքի դրան առջեւ: Կը կատակէինք եւ զիրար խաբել կը փորձէինք:
Կը խաբէինք ու կը խաբուէինք:
Քիչ ետք մօտեցաւ մեր պատանեկան միութեան վարիչը եւ չափէն աւելի ազդուած դէմքով մեզի փոխանցեց այդ օր պատահած ողբերգութեան մը լուրը:
Դպրոցական պտոյտները, ընդհանրապէս մայիս 1-ին տեղի կ’ունենային:
Այդ տարին Էշրեֆիէի Աւետարանական կեդրոնական վարժարանի աւարտական դասարանը, ապրիլ 1-ին, դպրոցական պտոյտի մը գացած էր (5-11-րդ դասարաններ): Վերադարձին, Պհամտունի մօտերը, պասը ենթարկուած էր ահռելի արկածի մը, որուն զոհ գացած էին այդ տարուան շրջանաւարտ դասարանի գրեթէ բոլոր աշակերտները:
Չուզեցինք հաւատալ եւ ապրիլ 1-ի «սուտ»-ի վերագրեցինք, սակայն երբ տարբեր անձերէ լսեցինք նոյն դժբախտ լուրը, համոզուեցանք, թէ անժխտելի իրականութիւն մըն էր:
Հրաշքով քանի մը հոգի միայն ազատեցան այդ ողբերգութենէն, անոնցմէ երկուքին տարիներ ետք ծանօթացայ Լոս Անճելըսի մէջ:
Երկուքն ալ յայտնի անուններ են լոսանճելըսահայութեան մօտ:
Յակոբ Յակոբեան` ՀԲԸՄ-ի «Մարի Մանուկեան» վարժարանի նախկին տնօրէն եւ Նազարէթ Գառնիկեան` գեղանկարիչ, Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի նախկին ուսուցիչ:
* * *
Չարագուշակ դէպքին օրը լաւ կը յիշեմ` ապրիլ 1, սակայն տարին չէի յիշեր, ուստի դիմեցի հրաշքով ազատած բարեկամիս` Նազարէթ Գառնիկեանին, որմէ ստացայ քանի մը մանրամասնութիւններ:
«1960-ի ապրիլ 1-ն էր: Այնճարէն կը վերադառնայինք: Երբ Սոֆար հասանք, շարժավարը կանգնեցուց ինքնաշարժը` ըսելով, թէ արգելակները լաւ չէին աշխատեր, եւ վտանգաւոր է այդ վիճակով շարունակել ճամբան: Բոլորս իջանք պասէն: Մտադիր էին ուրիշ պասով մը մեզ հասցնել դպրոց, սակայն հազիւ 10 վայրկեան անցած էր, երբ շարժավարը մեր պատասխանատու ուսուցիչին տեղեկացուց, թէ ամէն ինչ կարգին է, եւ ապահով կրնանք շարունակել մեր ճամբան:
Վերագրաւեցինք մեր տեղերը: Աշակերտութեան թիւը պասի նստարաններէն աւելի էր: Ստիպուած` քանի մը հոգի նստան գետինը: Ես անոնցէ մէկն էի:
Ճամբայ ելլելէ կարճ ժամանակ ետք, հասած էինք Պհամտուն, յանկարծ պասը սկսաւ չափէն աւելի արագ սուրալ: Զառիվայր էր եւ հետզհետէ աւելի ու աւելի կ’արագանար: Անկէ ետք բան չեմ յիշեր: Երբ աչքերս բացի, հիւանդանոցն էի:
Քանի մը օր ետք իմացայ դասընկերներուս մահուան լուրը:
Փրկուած էին գետինը նստողները միայն»:
Չկրցաւ շարունակել: Չուզեցի, որ շարունակէ: Կը զգայի իր հոգեվիճակը: Տարիներ ետք տակաւին չէր հաշտուած իր դասընկերներուն կորուստին հետ:
Խօսած ժամանակ այն տպաւորութիւնը կ’ունենայի, թէ այդ վայրկեանին պասին մէջն է եւ կը թաւալի դէպի անդունդ: Կը լսէ դասընկերներուն յուսահատ ճիչերը:
Ազդուած եմ նաեւ ես: Կարծես` իրենց հետ գտնուէի նոյն պասին մէջ եւ իրենց հետ միասին թաւալէի դէպի անդունդ:
* * *
Տարբեր հայկական եկեղեցիներու մէջ քով քովի շարուած են բաւական մեծ թիւով ճերմակ դագաղներ: Տեղի կ’ունենան դժբախտ զոհերուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնները:
Սուգի մէջ է լիբանանահայութիւնը:
Վստահաբար աղէտեալներուն հարազատները, լսելով այդ գոյժը, չուզեցին հաւատալ եւ ապրիլ 1-ի «կատակ»-ի վերագրեցին: Կը ցանկային, որ այդպէս ըլլար, սակայն երբ դաժան իրականութեան առջեւ գտնուեցան… Արդեօք գրիչով կարելի՞ է նկարագրել իրենց վիշտը, սուգը, յուսահատ վիճակը:
Դժուար է կորուստը: Շատ աւելի դժուար, երբ զոհերը երիտասարդներ են, առաւել` աննպատակ մահով յաւերժ բաժանումը:
Արցախի ազատամարտիկներու կորուստները, անոնց ծնողներուն եւ հարազատներուն կողքին, կը սգայ ողջ հայութիւնը, սակայն կը մխիթարուինք անոնց հերոսացումով: Զոհուելով վեհ նպատակի մը համար` անոնք կ’անմահանան:
Կը սգանք ապրիլ 1-ի զոհերուն կսկծալի մահը, սակայն կը ցաւինք անոնց երիտասարդ կեանքի աննպատակ կորուստին համար:
Շաբաթներով հայկական թերթերու առաջին էջի գլխաւոր լուրերու բաժնին մէջ կարդացինք այդ ողբերգութեան մանրամասնութիւնները եւ արկածեալներու կենսագրական տեղեկութիւնները:
Քանի մը ամիսէն, «զինուած» իրենց վկայականներով, պիտի երթային «Դէպի աղբիւրը լոյսին», սակայն այդ դժբախտ ապրիլ 1-ին գացին դէպի «խաւարի անդունդը»:
Ի՜նչ յոյսերով կը սպասէին դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, որպէսզի քաղէին իրենց երկար տարիներու աշխատանքին արդար պտուղը` երկրորդականի վկայականը, ապա մէկ մասը տարբեր համալսարաններու մէջ շարունակելով ուսումը` ստանար բարձրագոյն կրթութիւնը, իսկ ուրիշներ` նետուէին կեանքի ասպարէզ նիւթապէս օգտակար հանդիսանալու իրենց ծնողներուն եւ յարմար ժամանակին կազմելու հայ ընտանիքներ, ծնողներուն շնորհելու սիրասուն թոռներ, սակայն այդ անիրականացած երազները շատ կանուխ ցնդեցան:
Սգաւոր են աղէտեալներուն ընտանիքները: Սգաւոր են հրաշքով ազատած քանի մը աշակերտները: Կ’ողբան իրենց դասընկեր-դասընկերուհիներուն կորուստը: Սգաւոր է դպրոցին տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու դպրոցին աշակերտութիւնը:
Սգաւոր է Լիբանանահայութիւնը:
Ապրիլ 1: Այդ ցաւալի դէպքէն ետք, երկար տարիներ, շատեր, յիշելով այդ տխուր թուականը, նոյնիսկ չմտածեցին զիրար խաբել, թէկուզ որպէս կատակ:
Այդ տարուան, ապրիլ 1-ը դարձած էր նոր Ապրիլ 24 մը:
* * *
Լեւոն Շանթի խօսքերով` «Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով»:
Տարիները իրարու յաջորդեցին: Հրաշքով փրկուածներէն մէկ մասը ստացաւ բարձրագոյն ուսում, իսկ ուրիշներ նետուեցան կեանքի ասպարէզ: Ոմանք ստանձնեցին պատասխանատու ազգային պաշտօններ:
Ունեցան ծննդեան նոր թուական մը` ապրիլ 1:
* * *
Ներկայիս, շատ մը սովորութիւններու նման, ապրիլ 1-ին իրարու խաբելու սովորութիւնն ալ սկսած է անհետանալ:
Ապրիլ 1-երը կը յաջորդեն, սակայն հին օրերու նման չեն յիշատակուիր: Նոյնիսկ մոռցած ենք, թէ նման «կատակ օր» մը գոյութիւն ունէր:
Վերադառնալով ապրիլ 1-ի «կատակ-սուտ»-ին եւ իսկական սուտին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի տուած, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումին թուականը ապրիլ 1 չէր: 2007 թուականի ապրիլ 12-ն էր:
Եթէ դիպուածով մը ապրիլ 1-ին յայտարարած ըլլար, իր խոստումը չյարգած ըլլալու լաւ պատրուակ մը կրնար ունենալ` ըսելով, թէ պարզապէս ապրիլ 1-ի «կատակ-սուտ» մըն էր, եւ իր ամօթը (կը կասկածիմ եթէ ամչնալ գիտէ) ծածկելու համար զզուելի քմծիծաղով մը հաւանաբար բարձրաձայն ըսէր:
April Fool:
Ապրիլ 1, 1960:
Համահայկական երկրորդ սուգի օր, իսկ տարիներ ետք`
12 ապրիլ 2007:
Համահայկական յուսախաբութիւն:
Լոս Անճելըս, 2016