Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նշմար. Վերջին Գամը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Vaho_32916

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 29 մարտին ձեռնարկեց Միացեալ Նահանգներ այցելութեան մը, որուն պաշտօնական նպատակը Ուաշինկթընի մէջ հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան նուիրուած վեհաժողովին մասնակցութիւնն է: Սակայն մինչեւ 2 ապրիլ երկարող այցելութեան իսկական նպատակը Թուրքիոյ եւ մասնաւորաբար անոր նախագահի վարկին բարելաւումն է:

Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան իսկական նպատակը այժմէն իսկ կարելի է ձախողած նկատել: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մերժեց անոր հետ հանդիպում ունենալ, ինչպէս նաեւ մերժեց Մերիլենտի մէջ անոր կողքին մասնակցիլ մզկիթի մը բացումին: Այդ կորսուած երկու կարեւոր առիթներն ալ նպաստաւոր պիտի ըլլային Էրտողանի վարկի առնուազն առերեւոյթ եւ ժամանակաւոր բարելաւման համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 28 մարտին առանց որեւէ բարդոյթի հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը հանդիպումէն առաջ ընդգծեց, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու «կարեւոր գործընկեր մըն է: ՕԹԱՆ-ի դաշնակից մըն է» եւ գովաբանեց սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու երեւոյթը: Քերրիի եւ Օպամայի կեցուածքներէն ի յայտ կու գայ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ կիրարկուող` Թուրքիոյ եւ Էրտողանի միջեւ յստակ տարբերակումը: Օպամայի կեցուածքը Էրտողանի անձին դէմ է եւ ոչ թէ Թուրքիոյ: Ճեֆրի Կոլտպըրկ Օպամայի հետ իր ունեցած շարք մը հարցազրոյցներուն վրայ հիմնուելով «Տի Աթլանթիք»-ի մէջ բացայայտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Էրտողանը կը նկատէ «ձախողած ղեկավար մը եւ մենատէր մը»: Սակայն Օպամայի կողմէ Էրտողանի հետ հանդիպման մերժումը անձնական հակակրանքի մը արտայայտութիւնը չէր միայն, այլ նաեւ մերժումը վերջինիս վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, մասնաւորաբար մամլոյ ազատութեան դէմ շղթայազերծած արշաւին: Էրտողանի հետ հանդիպումն ու անոր կողքին մզկիթի բացում կատարելը պիտի մեկնաբանուէր իբրեւ մենատիրական ու հալածախտական այդ քաղաքականութեան հաւանութեան նշան մը: Աւելի՛ն, Եւրոպայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի շղթայազերծած յարձակումներուն իսլամութեան նկատմամբ ստեղծած ժխտական տրամադրութեանց եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրապայքարի մթնոլորտին մէջ դեմոկրատական նախագահին մզկիթի մը բացումին մասնակցութեան երեւոյթը կրնար ժխտական անդրադարձ ունենալ նախագահական աթոռի դեմոկրատական թեկնածուի ընտրապայքարին վրայ:

Այս բոլորը բաւարար չնկատելով` թրքական իշխանութիւնները դիմեցին իրենց նպատակը ականահարելու քայլի մը: Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան նախօրեակին թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարի եւ թերթի Անգարայի գրասենեակի պատասխանատու Էրտեմ Կիւլի դատավարութեան ներկայ գտնուած արեւմուտքցի հիւպատոսներուն երկիրներուն` Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Քանատայի եւ Լեհաստանի բողոքագիրներ ուղարկելու քայլը եւ հիւպատոսներուն հասցէին Թուրքիոյ նախագահի եւ վարչապետի մակարդակով կատարուած բուռն արտայայտութիւնները ոչինչով կը նպաստեն Թուրքիոյ նախագահին ամերիկեան շրջապտոյտի յաջողութեան: Թրքական իշխանութիւնները կացութիւնը մեղմացնելու փոխարէն զայն առաւել եւս վատթարացուցին` իրենց ձեռքով իսկ գամելով Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան դագաղին վերջին գամը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>