Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» թերթի հաղորդումը Յորդանանի թագաւորին կատարած յայտարարութեան մասին որոշ կարեւոր լուսարձակներ կը բանայ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ ոչ անպայման Անգարայի ունեցած դերակատարութեան, այլ աւելի Ամմանի եւ գուցէ նաեւ արեւմտեան շրջանակներու այս խնդիրին ուղղութեամբ կատարուող բարձրաձայնումներուն վրայ: Ան նման յայտարարութիւն կատարած է 11 յունուարին` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին, սակայն անոր յայտարարութիւնը միայն վերջերս հրապարակուած է:
Նախ մէջբերենք լրատուութեան հիմնական բաժինը:
Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը կը կարծէ, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները դիտմամբ Եւրոպա կ՛ուղարկէ:
Քոնկրեսականներու հետ հանդիպումին ընթացքին Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտարարած էր, որ Թուրքիան ահաբեկիչներ կը նախապատրաստէ եւ Եւրոպա կ՛ուղարկէ: Բացի ատկէ, ան նշած էր, որ Թուրքիան կապ ունի ՏԱՀԵՇ-ի արտադրած քարիւղի առքուվաճառքին հետ:
«Ահաբեկիչներ Եւրոպա ուղարկելը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մաս կը կազմէ», ըսած է Ապտալլա Բ. թագաւորը:
Վերյիշեցման կարգով պէտք է մտաբերել, որ Յորդանան աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենայ ՏԱՀԵՇ-ի եւ ընդհանրապէս ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ արեւմտեան դաշինքին շղթայազերծած պատերազմին մէջ: Յորդանանեան օդանաւի մը խոցումը ահաբեկիչներուն կողմէ եւ անոր օդաչուին ողջակիզումը իրադրութիւններու հետեւողներուն մտապաստառին վրայ երկար ատեն պիտի շարունակեն պատկերացուած մնալ:
Պարզ է նաեւ, որ Յորդանանի ներգրաւումը այս դաշինքին մէջ առաւելաբար բրիտանական ներշնչանքներ եւ պատուէրներ ունի` նկատի ունենալով բրիտանական իշխանութիւններուն հետեւողական ազդեցութիւնը յորդանանեան քաղաքականութեան վրայ:
Այստեղ աւելի կը յստականայ բրիտանական թերթին կատարած բացայայտումը երկու ամիս առաջ կատարուած յայտարարութեան մը: Ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ փակ խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու ընթացքին նման միտքերու, մտածումներու եւ կանխազգուշացումներու այլ արձանագրութիւններ կան, որոնք կրնան հրապարակուիլ իրենց ատենին:
Հետզհետէ աւելի կ՛ընդգծուի արեւմտեան քաղաքական եւ պետական շրջանակներուն կողմէ Անգարայի ունեցած ուղղակի առնչութիւնը իսլամականներու ահաբեկչական շարժումներուն հետ: Պարզ է, որ նման կապեր եւ առնչութիւններ ո՛չ Արեւմուտքին, ո՛չ Եւրոպային եւ ո՛չ ալ նոյնիսկ «Տի Ինտիփենտընթ»-ի նման հեղինակաւոր լրատուամիջոցներուն համար գաղտնիք էին:
Խնդիրը անոնց հետզհետէ հրապարակայնացումն է, երբեմն կիսապաշտօն ձեւով կատարուած հրապարակումները. ի վերջոյ կանաչ եւ կարմիր լոյսեր կան այս առնչութիւնները շուքի մէջ ձգելու կամ բարձրաձայնելու:
Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը այս հիմնահարցին մէջ, իր քաղաքական գործնապաշտական բացատրութիւնը կրնայ ունենալ ոչ ամբողջական հասկացողութեամբ: Եւրոպան գումարներով կ՛ուզէ կասեցնել Թուրքիայէն գաղթականներու եւ ահաբեկչական կարողականութեան հոսքը դէպի իր տարածքները: Անգարան կը շարունակէ իր պայմանական մօտեցումները: Եւրոպայի անվտանգութիւնը գումարի դիմաց սակարկութեան տրամաբանութեան մէջ պահելով պատանդի կարգավիճակի քաղաքականութիւնը: Բայց գումարով չ՛աւարտիր այս խաղը:
Վիզային դրութեան վերացումը նաեւ այս պայմաններուն մէջ ներառելով, խորքին մէջ, նկատի ունենալով նաեւ Յորդանանի թագաւորին յայտարարութեան բովանդակային իմաստը, Թուրքիայէն Եւրոպա ահաբեկչական հոսքը առանց վիզայի դիւրացնելու պայմանն է, որ կը պարտադրուի Եւրոպային:
Թէ Եւրոպան կ՛որդեգրէ՞ նաեւ այդ քայլն ալ, կը մնայ տարակուսելի: Յստակ է, որ «հետզհետէ»-ի քաղաքականութիւնը Անգարայի ունեցած ժխտական դերակատարութիւնը բացայայտելու առումով պիտի շարունակուի: Թափով:
«Ա.»