Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մարտ 1920. Ազրպէյճանի Հայասպանական Ծրագիրը Եւ Արցախի Հայութեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ruins_of_armenian_part_of_shusha_after_1920_pogrom_2

Մարտ 22-ը, 96 տարի առաջ, սեւ ու կարմիր թանձր գոյներով յատկանշուած ողբերգական տարեթիւ մը դարձաւ Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի երկարամեայ պատմութեան մէջ:

22 մարտ 1920-ին Արցախի հայութիւնը ընդհանուր զինեալ ապստամբութեան դրօշ պարզեց մուսաւաթական Ազրպէյճանի դէմ, որ աչքերը յառած Թուրքիոյ եւ համաթրքական հին ու նոր ցնորքին անձնատուր` անգամ մը եւս ձեռնարկած էր հայութիւնը իր հայրենի բնօրրանէն տեղահանելու եւ ազգային մաքրազտման` ցեղասպանութեան ենթարկելու… ծանրագոյն ոճրագործութեան:

Անդրկովկասի հայութեան կարեւորագոյն օճախներէն Շուշին գլխաւոր զոհը եղաւ ազերիական հակահայ մոլուցքին հիմնովին քարուքանդ եղաւ ու հրկիզուեցաւ հայոց հպարտութեան խորհրդանիշ քաղաքը:

22 մարտ 1920-ի ազերի թաթարներու հակահայ նկրտումները նոր երեւոյթ չէին: 1905-ին եւ 1918-ին եւս հայրենի Արցախին դէմ թաթարական յարձակումներ գործուած էին: Զոյգ թուականներուն ալ, արիւնալի ընդհարումներ արձանագրուած էին ազերի թաթարներու եւ հայերու միջեւ: Երկու պարագաներուն ալ ռուսական եւ թրքական ծաւալապաշտական ախորժակները գրգռիչ դեր խաղացած էին` Անդրկովկասի մէջ հայեւթաթար դարաւոր համակեցութիւնը ազգամիջեան հակադրութեան, թշնամանքի եւ արիւնահեղութեան անդունդը գլորելու առումով, այլեւ` տարածաշրջանը մեծապետական հակակշռի տակ պահելու մղումով:

Այս առումով, 22 մարտ 1920-ի ազերիական նախայարձակումը եւ Արցախի հայոց ընդհանուր ապստամբութիւնը նոր էջ մը բացին թաթարեւհայ ազգամիջեան ընդհարումներու արիւնալի պատմութեան մէջ:

Առաջին անգամ ըլլալով Արցախի հայութիւնը զինեալ ապստամբութեան դիմեց` ազերիական լուծը թօթափելու եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումով ու հաստատակամութեամբ:

Այդպէս օդէն ինկած անակնկալ որոշում մը չէր Արցախի հայոց ապստամբութիւնը: Իր հիմնադրութեան օրերէն իսկ այսպէս կոչուած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մուսաւաթական իշխանութիւնները հետեւողականօրէն յառաջ մղեցին հայկական տիրական ներկայութեան ազգագրական քարտէսը փոխելու, հայերը կոտորելով եւ հեռացնելով` հայկական տարածքները յափշտակելու եւ իւրացնելու «ազգային մաքրազտումի» իրենց քաղաքականութիւնը:

Ազերի թաթարներու հայատեացութիւնը հրահրելով եւ խուժան ամբոխի միջոցով հայ բնակչութիւնը խժդժութեանց ենթարկելով` մուսաւաթականները քայլ առ քայլ յառաջ մղեցին այդ քաղաքականութիւնը: Հայերու դէմ պարբերական յարձակումները, սպանութիւնները եւ ալանթալանը մնայուն կենսակերպի վերածուեցան մուսաւաթական Ազրպէյճանի մէջ: Եւ որքան մօտեցաւ խորհրդային իշխանութեանց Անդրկովկասին «վերատիրանալու» պահը, այնքան կատաղի դարձան մուսաւաթականները` հակահայ իրենց «մաքրազտումի» քաղաքականութեան մէջ:

Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ, 19 փետրուար 1920-ին, Ազրպէյճանի մուսաւաթական ղեկավար Սուլթանովը վերջնագիր ներկայացուց Արցախի Հայոց ազգային խորհուրդին` «շտապօրէն վերջնական լուծում տալու Արցախը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը ընդունելու հարցին»:

Արցախի Հայոց ազգային խորհուրդը, 23 փետրուարէն մինչեւ մարտի 4, գումարեց իր 8-րդ համագումարը եւ որոշեց մերժել Սուլթանովի վերջնագիրը: Աւելի՛ն. համագումարի պաշտօնական պատասխանը դատապարտեց մուսաւաթական իշխանութիւնները, որ առանց Ազգային խորհուրդի հաւանութեան` ազերի զօրքեր մտցուցած էր հայկական տարածքներուն մէջ եւ փետրուար 22-ին լայնածաւալ խժդժութեանց` կոտորածներու եւ հրկիզման ենթարկած էր անզէն հայերն ու անոնց բնակավայրերը` Խանքենտի եւ Ասկերանի շրջաններուն մէջ, ինչպէս եւ` Շուշի-Եւլախ ճանապարհին:

Մինչ Սուլթանովի կառավարութիւնը կատաղօրէն հակազդեց համագումարի մերժումին եւ անմիջապէս պահանջեց Ազգային խորհուրդին լուծարումը` իբրեւ իրաւական եւ օրինական ոչ մէկ հիմք ներկայացնող մարմինի, Արցախի հայութեան կողմէ ընտրուած ներկայացուցչական մարմինը դիւանագիտական յատուկ նախաձեռնութեան մը դիմեց` Դաշնակից ուժերու դիւանագիտական լիազօրներուն, Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ Անդրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեանց լիազօրի ներկայութեան` յայտարարելով, որ Արցախի հայութիւնը պիտի պարտաւորուի ինքնապաշտպանութեան իր օրինական իրաւունքը զէնքով հաստատագրելու, եթէ մուսաւաթական իշխանութիւնները շարունակեն իրենց հակահայ «ազգային մաքրազտում»-ի քաղաքականութիւնը:

Այդպէ՛ս էր, որ Սուլթանովի կառավարութեան անդրդուելի կամակորութեան հակադարձելով` 22 մարտին Արցախի հայութիւնը պարզեց ընդհանուր ապստամբութեան դրօշը:

Ազերիները անշուշտ պատրաստուած էին եւ հայոց ապստամբական առաջին գործողութիւնները ռազմադաշտի վրայ պարտութեամբ վերջ գտան: Հետեւեցան լայնածաւալ ազերիական յարձակումներ: Շուշիի գլխաւոր մասը կազմող հայկական թաղերը քար ու քանդ եղան, հազարաւոր անզէն հայերու արիւն հեղուեցաւ եւ հայկական տուներն ու խանութները կողոպտուեցան եւ կրակի տրուեցան… աւելի քան հազար հայեր Շուշիի մէջ ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան:

Սկզբնական այդ պարտութենէն հերոսական Արցախի հայութիւնը արագօրէն վերականգնեցաւ: Բուռն կռիւներ մղուեցան Արցախի ամբողջ տարածքին եւ, հակառակ ազերիական կանոնաւոր զօրքի թուական ու ռազմական գերազանց ուժին, հայկական ուժերը կրցան ետ մղել Սուլթանովի բանակը եւ ազերի խուժանը: Մինչեւ ապրիլի կէսերը շարունակուեցան զինեալ ընդհարումները: Զանգեզուր գտնուող Դրոն իր զօրամասերով հասաւ Արցախի օգնութեան եւ հայոց ապստամբութիւնը, գոնէ ժամանակաւորապէս, յաղթանակով պսակուեցաւ:

Ըստ պատմական գիտութիւններու դոկտոր եւ փրոֆեսէօր Հրանտ Աբրահամեանի, «… միայն 1918-1920-ին Արցախի մէջ ոչնչացուեցաւ 59 գիւղ, սպաննուեցաւ 25 հազար մարդ (արցախահայութեան 20,1 տոկոսը), անօթեւան մնաց 37 հազար բնակիչ, փոշիացաւ 7000 տնտեսութիւն, փակուեցաւ կամ ոչնչացուեցաւ երկրամասի ֆապրիքներու եւ արհեստանոցներու 90 տոկոսը, մոխրացաւ հայոց Շուշին (տես` «Խորհրդային Ղարաբաղ», 1930, թիւ 31):

«Ազրպէյճանցի պատմաբանները միշտ ալ կեղծած են եւ հասարակութենէն թաքցուցած են Շուշիի ցեղասպանութեան բուն պատճառներն ու հետեւանքները: Ակնյայտ է, որ անցեալին Շուշին, Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն ետք, Անդրկովկասի տնտեսական եւ մշակութային երրորդ զարգացած կեդրոնն էր: Ասիկա չէր կրնար բաւարարել ազրպէյճանցիները, ուստի անոնք Շուշին հայաթափելու ծրագիր մշակեցին եւ սկսան իրագործել 1905-1906 եւ 1920 թուականներուն: Ամենասարսափելի ջարդերը տեղի ունեցած են 1920 թուականի մարտի 23-ին, երբ մէկ օրուան ընթացքին ցեղասպանութեան զոհ գնաց քաղաքի հայութիւնը` անոր իսկական եւ պատմական տէրը:

«Ազրպէյճանը 1919-ի երկրորդ կէսին եւ 1920-ի առաջին ամիսներուն իր ռազմական ուժերը տեղակայեց Արցախ-Ղարաբաղի ռազմավարական բոլոր կէտերուն վրայ: Ազրպէյճանը կը ձգտէր Արցախի դէմ օգտագործել ոչ միայն ազերի ասկեարներն ու սպաները, այլ նաեւ` Ղարաբաղի նահանգապետ, քիւրտ Խոսրովբէկ Սուլթանովի ծննդավայր Հաճի Սամլուի քիւրտերէն կազմուած հրոսակները, ինչպէս եւ` մուսաւաթական բանակին մէջ ծառայող նախկին ցարական բանակի ռուս սպաները:

Այդ օրերուն Ղարաբաղ-Զանգեզուրի, ինչպէս եւ Հայաստանի հարցը լուծելու համար «Իթթիհատ» փանթուրքական կուսակցութիւնը Ազրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան տրամադրեց հանրապետութեան հարուստներէն հանգանակած մէկ միլիառ ռուբլին, կազմակերպեց 200 հազարնոց բանակ եւ զայն օգտագործեց հիմնականին մէջ հայութեան դէմ (նոյնը, գ. 42711, թ. 241): Մուսաւաթական Ազրպէյճանը իր դահիճներէն կը պահանջէր «լայն ծաւալով եւ մի քանի ուղղութիւններով զինաթափել ու իրեն ենթարկել Ղարաբաղ-Զանգեզուրը» (նոյնը, գ. 249, թ. 139):

« …Գանձակէն մինչեւ ՄուսուլմանլարԶանգեզուր սկսան պատերազմական գործողութիւններ: Թուրքազրպէյճանցիները Թարթառի ուղղութեամբ փորձեցին ներխուժել Ջրաբերդի (այժմ` Մարտակերտ, Ա.) շրջանը: Սակայն հայ պաշտպաններու հուժկու հարուածներէն ետ շպրտուեցան եւ Ջրաբերդը մնաց անառիկ: Ջրաբերդցիները օգնութեան հասան նաեւ գիւլիստանցիներուն ու խաչէնցիներուն: Ազրպէյճանի մուսաւաթական յարձակումներն անյաջողութեամբ վերջացան նաեւ Դիզակի ու Վարանդայի պարագային:

«Այդ օրերուն ամէնաողբերգական իրադարձութիւնները տեղի ունեցան Շուշի քաղաքին մէջ: 1920-ի մարտ 23-ին քաղաք մտաւ քրտական ջոկատը: Սուլթանովի հրամանով նախօրօք քաղաքի թուրքերուն բաժնուած էր նաւթ եւ լուցկի` հրամանի պարագային վառելու հայերու տուներն ու հասարակական կառոյցները: … Մահմետական մոլեռանդ խուժանը, ասկեարներու եւ թուրք սպաներու գլխաւորութեամբ, ներս կը խուժէ քաղաքի հայկական թաղամասերը, կը հրդեհէ, կը կողոպտէ տուները, խանութները, հասարակական շէնքերը, անխնայ կը կոտորէ անպաշտպան բնակչութիւնը, կը բռնաբարէ կիներն ու աղջիկները:

Մուսուլման սպաները, որոնք կը գիշերէին հայերու տուներուն մէջ, կը սպաննեն տան բնակիչները, տունը կը վառեն եւ գոռուն-գոչիւններով կը նետուին փողոց: Այդ գեհենի ականատեսը յետոյ պիտի գրէր. «… Իսկ այն, ինչ Շուշիի մէջ կատարուեցաւ, նկարագրել անկարելի է. լուսաբացին` ժամը 4-ին, կիսահագնուած… հայկական հրդեհի ալիքներուն միջէն, գնդակներու տարափի տակ մի կերպ, շուրջս խիտ մառախուղ, գուցէ եւ հրաշք օգնութեամբ կարողացայ բակերով ու նեղ փողոցներով ճանապարհ գտնել դէպի Քարինտակ գիւղը, որով եւ ազատուեցանք վերահաս մահէն» (նոյնը, ֆ. 4041, ց. 1, գ. 103, թ. 14):

«Տեղի ունեցած այդ ցեղասպանութենէն մի քանի օր անց, Արցախէն Հայաստանի կառավարութեան ուղարկուած հաղորդագրութեան մը մէջ ըսուած է, որ Շուշիէն Քարինտակ ճամբով ցած իջած եւ Վարանդա ու Դիզակ գացած են 56 հազար մարդ: Ըստ այդ հաղորդումին` քաղաքը մնացած հայերէն 3000-ը սպաննուած են փողոցներու մէջ (նոյնը, ֆ. 4033, ց. 5, գ. 461, թ. 145146): Յայտնի վիճակագիր Բախշի Իշխանեանի հաշուումներով, այդ օրերուն միայն Շուշիի մէջ զոհուած է 8988 հայ («Յառաջ», 1-04-1920)»:

96 տարիներ անցած են պատմական ծանրակշիռ այդ ժամանակաշրջանէն: Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարը շատ փուլերէ անցաւ, մինչեւ որ 1988-ի իր նորագոյն պոռթկումով նուաճեց իր իրողական ազատագրումը ազրպէյճանական լուծէն:

Վերանկախացեալ Արցախի հայութեան հետ ողջ հայաշխարհը այսօր կը նշէ ազերիական լուծին դէմ Արցախի հայոց պատմական առաջին ապստամբութեան տարեդարձը: Եւ Արցախի հայութեան հետ բոլորս կը յայտարարենք ի լուր աշխարհին, թէ Ազրպէյճան ոչ մէկ իրաւունք ունի հայկական Արցախը բրտօրէն իր կազմին մէջ առնելու եւ անարգ լուծի ենթարկելու…

Մարտ 1920-ին արեան մէջ խեղդուած, թալանուած ու հրկիզուած Շուշին անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնայ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ:

Ազերիական լուծին «վերադարձը» բացառուած է ամէն գնով:

22-26 մարտ 1920-ի Շուշիի ջարդերը փաստօրէն կրկնուեցան Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ քսաներորդ դարավերջին` մերօրեայ աշխարհին յուշելով, որ երբ անպատիժ կը մնան ցեղասպանութիւնները, անոնք ուղղակի «քաջալերանք» կը դառնան… ցեղասպաններու ժառանգորդներուն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>