Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Եթէ Նորմալ Հայ Ես…

$
0
0

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Բարձր պաշտօնեաներու հոսքը, մեր անկախ հանրապետութիւններուն պարագային, ընդհանրապէս եղած է Ստեփանակերտէն Երեւան: Ռոպերթ Քոչարեանի Երեւան փոխադրութիւնը ու անոր Հայաստանի վարչապետ, ապա նախագահ դառնալու փաստը այնպիսի՛ նախընթաց մը ստեղծեց, որ անկէ ետք նմանօրինակ հոսքեր բնական եւ նոյնիսկ ակնկալելի երեւոյթ կը նկատուին:

Արցախի վարչապետներէն մէկը (Լէոնարդ Պետրոսեան) կը դառնայ Հայաստանի կառավարութեան անդամ, արտաքին գործոց նախարարը (Նայիրա Մելքումեան) կը դառնայ «Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարը (Մովսէս Յակոբեան) կը դառնայ Հայաստանի զինուած ուժերու շտապի պետի տեղակալ եւ այլն:

Հազուադէպ պարագաներու, սակայն, Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօն վարած անձ մը ինքնիր կամքով ու նախաձեռնութեամբ կը մեկնի Արցախ` նոյն պաշտօնը այնտեղ ստանձնելու համար:

Հայաստանի առողջապահութեան նախկին նախարար Յովհաննէս Քուշկեան ճիշդ երկու տարի առաջ ձգեց Երեւանը եւ մեկնեցաւ Արցախ, ուր ստանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը:

Քուշկեան ոչ միայն բժիշկ է, այլեւ Երեւանի մէջ ունի իր սեփական հիւանդանոցը (Էրեբունի), որ, պէտք է ըսել, Հայաստանի լաւագոյններէն է: Ան յայտնի ոչ մէկ պատճառ ունէր ձգելու Երեւանը եւ Արցախի մէջ պաշտօն ստանձնելու: Այո՛, գործի բերումով, այս երկու տարիներուն ընթացքին ան յաճախ Երեւան այցելեց, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ան օրինակելի քայլ մը առաւ իր մասնագիտութիւնը, փորձառութիւնն ու կապերը Արցախին ուղղակիօրէն ծառայեցնելու ուղղութեամբ:

Հիմա ան հրաժարած է իր պաշտօնէն ու կը վերադառնայ Երեւան: Խօսքեր կան, թէ ան դարձեա՛լ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնին կրնայ նշանակուիլ: Նոյնիսկ եթէ ճիշդ են այդ խօսքերը, այժմ Արցախ աւելի՛ շատ պիտի օգտուի իրմէ, որովհետեւ ան տեղւոյն վրայ խորապէս ծանօթացած է Ղարաբաղի ժողովուրդի առողջապահութեան խնդիրներուն ու կարիքներուն:

«Հետք»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Քուշկեան հետեւեալ խորիմաստ բանաձեւումով բացատրած էր իր Արցախ մեկնելու որոշումը. «Եթէ նորմալ հայ ես, պէ՛տք է անպայման մի բան անես Ղարաբաղի համար»:

Այո՛…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>