Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Համակարգային Արմատական Փոփոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

$
0
0

2016khatchig-Der-Ghougassian Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխման գործընթացը սկսած է: Անցեալ 6 դեկտեմբեր 2015-ի ժողովրդային հանրաքուէով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, երկիրի կիսանախագահական վարչակարգէն հարիւր տոկոսով խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցնելու ի նպաստ քուէարկած է մասնակցողներուն 63,4 տոկոսը: Հետեւաբար անցումի գործընթացը ծայր առած է, եւ անցումը իր բնոյթով անկասկած որ համակարգային է: Նման իրադարձութիւն եւ հեռանկար որեւէ երկրի ու հասարակութեան համար քաղաքական գործընթացի մասնակցութեան խանդավառութեան փաստ է ընդհանրապէս` անկախ նախաձեռնութեան թեր կամ դէմ կարծիքներու տոկոսէն, որովհետեւ նման համակարգային բարեփոխումի հեռանկար ե՛ւ քաղաքական շրջանակներու, ե՛ւ շարքային քաղաքացիի ընթացիկ կեանքին մէջ կը նշանակէ դրական թէ ժխտական իմաստով փոփոխութիւններ, որոնց համար սպասելի է, որ անոնք նախապատրաստուելու սկսին որոշումի կայացումէն անմիջապէս ետք:

Գիտենք, որ Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէն նման խանդավառութիւն չստեղծեց: Ընտրողներու հազիւ յիսուն տոկոսը մասնակցեցաւ հանրաքուէին: Եւ եթէ միջազգային դիտորդներու հաստատմամբ, հանրաքուէի արդիւնքին օրինականութիւնը կասկածի տակ չի դրուիր, նուազ մտահոգիչ պէտք չէ ըլլան այն բազմաթիւ խախտումները, որոնք հրապարակային կերպով մատնանշուեցան եւ դատապարտուեցան ոչ միայն հանրաքուէին ընդդիմացողներուն կամ «Ոչ»-ի այլընտրանքի կողմնակիցներուն, այլ, ի պատիւ իրենց, «Այո» այլընտրանքին համար քարոզարշաւ կատարած եւ խախտումներու ականատես քաղաքացիներու իսկ կողմէ: Այս մէկը կը կարեւորուի ոչ միայն դերակատարներու արդարամտութիւնը ընդգծելու համար, այլ նաեւ ու մասնաւորաբար` ի հետեւումն ժողովրդավար բարոյագիտութեան ամենահիմնական հասկացողութեան, որ որեւէ նպատակ, թէկուզ եւ` ամենայն բարիք խոստացող, չի կրնար իր անհրաժեշտութիւնը արդարացնել, եթէ անոր հասնելու միջոցները չեն համապատասխաներ օրէնքի խստիւ գործադրման: Բայց անկախ հանրաքուէի արդիւնքէն` սահմանադրական փոփոխութիւններու հաստատ հեռանկարը չ՛արտացոլացներ անոր պատրաստուելու նախանձախնդրութիւնը: Այլ խօսքով, ե՛ւ հանրաքուէի, ե՛ւ անոր յաջորդած այս հանգրուանին քաղաքացիական հասարակութեան մէկ կարեւոր հատուածին մօտ անտարբերութեան առկայութիւնը կը մնայ տիրական:

Կարելի է մտածել, որ այս մէկը հետեւանք է հանրաքուէին ընդդիմացած հատուածներու աշխուժութեան: «Ոչ»-ի զօրաշարժի անդրադարձի ժխտումը, անշուշտ, մեծամտութիւն է: Պէտք է ընդունիլ, որ ընտրողներու որոշ հատուածի մը մօտ առնուազն սահմանադրական փոփոխութիւնները Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վրայ մնալու համահաւասարելու քարոզչութիւնը, որ, բնականաբար, հանրաքուէի նախաձեռնութեան էութիւնը գիտակցաբար եւ չարակամօրէն կը խեղաթիւրէր, իր որոշ հետեւանքը ունեցաւ: Սակայն այս չի նշանակեր, որ հանրաքուէին դրականօրէն քուէարկողները նախագահի կամ իշխող կուսակցութեան իշխանութեան վրայ յաւերժացնելու այլընտրանքին կողմնակից էին: Բայց յատկապէս սահմանադրական փոփոխութեան եւ հարիւր տոկոսով խորհրդարանական վարչակարգի սկզբունքին համոզուած եւ ի սկզբանէ անոր յանձնառու քաղաքական ուժին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար (ինքնա)քննադատական քննարկման խնդիր պէտք է ըլլայ համակարգային բարեփոխումի բարիքը, անոր ամենախոստմնալից այլընտրանքը ըլլալու համոզումը ժողովրդային զանգուածներուն ազդեցիկ կերպով փոխանցած ըլլալը: Ի դէպ, հակառակ հանրաքուէի աւարտին եւ գործընթացի սկիզբին, ընտրողներու 49-է աւելի տոկոսին անտարբերութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ հարիւր տոկոսով խորհրդարանական կառավարման վարչակարգի ճիշդ այլընտրանք ըլլալու համոզման քարոզարշաւի շարունակումը:

Կարեւոր չէ, թէ ինչո՛ւ նախագահը անձնապէս եւ Հանրապետական կուսակցութեան մէկ կարեւոր, թերեւս մեծամասնական հատուածը տարիներ ընդդիմանալէ ետք համոզուեցան խորհրդարանական վարչակարգի իմաստութեան: Այս մէկը չի նշանակեր ժխտել անձնապէս նախագահ Սարգսեանի զօրակցութեան կենսական կարեւորութիւնը, ոչ ալ` Հանրապետականին անկեղծ ճիգը հանրաքուէի «այո» այլընտրանքին ի նպաստ: Ոչ ալ շատ ժամանակ պէտք է վատնել հասկնալու համար, որ տակաւին մօտիկ անցեալին ՀՅ Դաշնակցութեան եօթը կէտերուն զօրակցած ընդդիմութեան ուժերը յանկարծ կարծիք փոխեցին եւ կուսակցութիւնը այպանեցին իշխանութեան կողմն անցած ըլլալուն համար: ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստանի անկախացման առաջին օրէն իսկ քաղաքական ծրագիրի մաս կը կազմէր խորհրդարանական վարչակարգը, եւ եթէ անոր հասնելու համար կրցաւ համոզել իր քաղաքական մշակոյթով, իսկ նախագահական համակարգին աւելի մօտիկ Հանրապետականին, ապա եւ ֆրանսական դարձուածքով` tant mieux:

Ցաւալի է, որ սնանկացած ամբողջատիրութենէն անցումի գործընթացին համար այնքան անհրաժեշտ բազմակուսակցականութիւն յառաջացնելու խորհրդարանական համակարգի ժողովրդավարականացման կարողականութիւնը ատենին չտեսան Հայոց համազգային շարժումի ղեկավարները: Թերեւս, եթէ 1990-ականներուն քաղաքական գործընթացը առաջնորդէր քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի շուտ կայացման, կարելի կ՛ըլլար անխուսափելիօրէն հաստատուելիք ազատ շուկայական տնտեսական համակարգը զերծ պահել մենաշնորհներէ եւ օլիկարխներէ: Թերեւս, եթէ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան օրերուն տնտեսական զարգացման անցողակիութեան գիտակից պահ մը սահմանադրական այս փոփոխութիւնը մէկ կողմ դրուած չըլլար, թէկուզ եւ` այդ օրուան նախագահի սկզբունքային մերժումի առկայութեան, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս, իրավիճակը տարբեր ըլլար այսօր: Այդ բոլորով հանդերձ, այսօր իրողութիւն է համակարգային փոփոխութեան գործընթացը եւ աւելի քան երբեք մարտահրաւէր է քաղաքացիները համոզելու, որ գրաւը պէտք է դնել անոր խոստացած աւելի մասնակցողական ժողովրդավարութեան վրայ, որպէսզի բարելաւուի իր կենսամակարդակը, որպէսզի վաշխառու դրամագլուխը իր իրաւունքները անպատիժ կերպով չբռնաբարէ, որպէսզի մենաշնորհը չունենայ հացին, ելեկտրականութեան, առողջապահութեան եւ գալիք սերունդներուն աւելի լաւ կեանքի գինը ճշդելու:

Նախքան Հանրապետական կուսակցութեան հետ ստորագրած համագործակցութեան համաձայնութիւնը, երբ Դաշնակցութիւնը իր եօթը կէտերու ծրագիրով կը ներկայացնէր նաեւ համակարգային այս փոփոխութեան պահանջը, յաճախ կը գործածուէր «արմատական» բառը: Անկախ իր բառարանային` բացատրութենէն` քաղաքական հասկացողութեամբ «արմատական»-ը հոմանիշ է ժողովրդական պայքարի, զանգուածներու մասնակցութեամբ վարէն սկսող շարժումի մը: Ընդհանրապէս «արմատական» փոփոխութիւնները իրենց բնոյթով յեղափոխական կ՛ըլլան: Ի դէպ, արդի ժամանակներու յեղափոխութիւններու երեւոյթը 18-րդ, 19-րդ եւ նոյնիսկ 20-րդ դարերուն միշտ ալ յանգած է ժողովրդային ներկայացուցչական համակարգերու, որքան ալ յետոյ կարգ մը յեղափոխութիւններ վերաճած են բռնատիրութեանց եւ ամբողջատիրութիւններու հաստատման, ինչպիսին է պարագան գրեթէ բոլոր այն յեղափոխութիւններուն, որոնք կատարուած են լենինեան յառաջապահ կուսակցութեան բնորդին հետեւումով: Ճիշդ է, որ Կանտիի, Մարթին Լուտեր Քինկի, Նելսոն Մանտելայի եւ աւելի ուշ, Արեւելեան Եւրոպայի այլախոհական շարժումի այլընտրանքները եկան ցոյց տալու, որ յեղափոխութիւնը անպայմանօրէն զինեալ պայքար չէ, ինչպէս քաղաքական ամբողջ մշակոյթ մը ցարդ կ՛ենթադրէր: Բայց այդ մէկը զանգուածային զօրաշարժով յառաջացած փոփոխութիւնը նուազ արմատական չէր դարձներ: Ի դէպ, այդ երեւոյթի գիտակցութեամբ է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջդիմական մտածողներ, ինչպէս` Ճին Շարփ, բանաձեւեցին «ժողովրդավարական յեղափոխութիւն» հասկացողութիւնը, եւ անոնց տեսութիւններուն հետեւումով առաջին անգամ ըլլալով Պելկրատի մէջ, 1999-2000 տարիներուն, ժողովրդային զօրաշարժի ճնշումին տակ իշխանութենէ հրաժարեցաւ Սլոպոտան Միլոսեւիչ: Իրողութիւնը նախընթաց մը ստեղծեց, եւ փորձառութեան յաջող կրկնումը` Վրաստանի այսպէս կոչուած «Վարդերու յեղափոխութեամբ», յառաջացուց այնպիսի խանդավառութիւն, որ ոմանք աւետեցին «գունաւոր յեղափոխութիւններ»-ու ժամանակաշրջանը… Այսօր գիտենք, որ այդ ճամբան բռնած բոլոր զանգուածային զօրաշարժերը, որքան ալ անկեղծ ըլլան իրենց ձգտումներուն մէջ, երբ չեն յաջողիր տեղական թէ միջազգային մեծ դրամագլուխի ֆինանսաւորման պայմանաւորումներէն ձերբազատիլ, լաւագոյն պարագային կիսայաջողութիւններ կ՛ըլլան` իրենց խոստացած վարչակարգային «արմատական» փոփոխութիւններուն իմաստով:

Հայկական իրականութեան մէջ, մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, յեղափոխութեան իմաստով երկու քաղաքական մշակոյթ կար: Առաջինը, որ մինչեւ այսօր տիրական է, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը, ազգային-ազատագրական շարժման հաւաքական յիշողութիւնն է, երկրորդը` Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած» բանաստեղծութեան ընդմէջէն արտայայտուած լենինեան բնորդն է, որ պարզ է, ժողովրդային փորձառութենէն չծնաւ, այլ պարտադրուեցաւ պոլշեւիկեան ամբողջատիրութեան կողմէ: Քսաներորդ դարու վերջաւորութեան, միջազգային համակարգի փոփոխութեան ոլորտին մէջ հայութիւնը, մանաւանդ` հայրենաբնակ հայութիւնը, ապրեցաւ երկու բնոյթի յեղափոխութիւն: Առաջինը Արցախի ազգային ազատագրական պայքարն էր` հարիւր տոկոսով հարազատ դարասկիզբի հայկական յեղափոխութեան բնորդին: Երկրորդը Հայաստանի անկախացման հոլովոյթն էր, որ օրին, հիմնականօրէն Հայոց համազգային շարժումի առաջնորդութեամբ հետեւեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ խորհրդային տարածքին արդէն սկսած զօրաշարժերու տարբերակին: Երկուքն ալ յաջողութեամբ պսակուեցան, սակայն պարզ է, Հայաստանի մէ՛ջ գործնականացուեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական անցումը, որ առաջին երեք տարիներուն ժողովրդավարական գրեթէ օրինակելի հոլովոյթ մը ըլլալէ ետք, 1994-ի աւարտին վիժեցաւ, երբ օրուան նախագահը գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին` ՀՅ Դաշնակցութեան արգիլումով կասեցուց խորհրդարանական առողջ բանավէճի հոլովոյթը եւ անարգել յառաջացաւ անկախ Հայաստանի վարչաքաղաքական եւ տնտեսական համակարգը նէօլիպերալի բացարձակ չափանիշներով հաստատագրելու իր ծրագիրին մէջ: Արդիւնքով ընթացք առաւ օլիկարխային այն հասարակարգը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր, որովհետեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն ետք տնտեսական քաղաքականութիւնն ու օլիկարխային համակարգը ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուեցան, այլ, ընդհակառակը, աւելի եւս խորացան:

Սկսած 1996-ի նախագահական ընտրութենէն, մինչեւ անցեալ տարի ծաւալած ժողովրդային բողոքի շարժումները` կու գան ցոյց տալու, որ Հայաստանի վարչաքաղաքական համակարգը եւ տնտեսական հասարակարգը անհրաժեշտ կը դարձնեն արմատական փոփոխութիւնները: Ժողովրդային ասացուածքով` շան գլուխը թաղուած է հարստութեան էապէս անարդար բաժանման իրողութեան մէջ: Ազատ շուկայականութեան դիմակ դրած մենաշնորհային դրամատիրութիւնը յանգած է հարստութեան ե՛ւ դասակարգային, ե՛ւ աշխարհագրական կեդրոնացման` հանրապետութիւնը վերածելով քաղաք-պետութեան եւ ժողովրդային խաւերու, ներառեալ` ծնունդ առած եւ զարգացման հոլովոյթ ապրող մասնագէտներու կազմած միջին դասակարգին, կենսամակարդակի բարելաւման եւ լաւագոյն ապագայի յոյսը հարկերու բեռին տակ ճնշելով: Այդուհանդերձ, սկսած 1994-ի «գունաւոր յեղափոխութեան» ֆոլքլորէն մինչեւ վերջին տարիներու զօրաշարժերը` Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն հասկացողութիւնը վերածուած է կա՛մ պատեհապաշտութեան, կա՛մ ալ արկածախնդրութեան: Պատահական չէ, որ ամէն անգամ, երբ առիթ ստեղծուած է, զօրաշարժը ներշնչող դէմքը կամ կազմակերպութիւնը չեն յաջողած զայն վերածելու քաղաքական հոլովոյթի, չըսելու համար, որ հիասթափեցուցած են իրենց հետեւորդները, առանց երբեք մոռնալու արտաքին սպառնալիքի առկայութիւնը, որքան ալ անիկա յաճախ շահագործուի որպէս զսպաշապիկ հասարակական բողոքներուն դէմ: Սահմանադրական փոփոխութեան գործընթացը, հետեւաբար, ամէնէն բանական այլընտրանքն է երկրի եւ ժողովուրդի իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր:

Սահմանադրական փոփոխութիւնը յեղափոխութիւն չէ, ժողովրդային գործընթաց է, որ պէտք ունի ժամանակի եւ, մանաւանդ, ընդհանուր համախոհութեան եւ փոխզիջումի: Ատով հանդերձ, սահմանադրական փոփոխութիւնը իրեն հետ պէտք է բերէ իրավիճակի արմատական բարելաւման համոզում, որ պէտք է հասնի ժողովրդային բոլոր խաւերուն եւ ապահովէ անոնց մասնակցութիւնը: Ի մասնաւորի, երբ նախաձեռնութեան ետին կանգնած է քաղաքական ուժ մը, որուն մշակոյթին մէջն է յեղափոխականութիւնը, որ իր ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ եւ ծրագիրով յանձնառու է ընկերային արդարութեան, եւ որ անցեալին, թէկուզ եւ շատ կարճ ժամանակի համար, ապրած է փորձառութիւնը խորհրդարանական վարչակարգի ճամբով ընկերային պետութեան ստեղծման ձգտելու: Այս հսկայ մարտահրաւէրն է, զոր Դաշնակցութիւնը միշտ դիմագրաւած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Այս մարտահրաւէրը չէ փոխուած Դաշնակցութեան իշխանութեան մաս կազմելով: Ընդհակառակը, աւելի սուր կերպով կը դրուի անիկա, որովհետեւ այլեւս հարց չէ ներկայացնել զայն միայն ընդդիմութեան դիրքերէն, այլ` փորձել գործով ցոյց տալ, որ կարելի է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>