Յատկանշական ու իւրայատուկ ձեւով նշելու համար Հայ սկաուտի օրը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ծրագրեցին եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն հետ կազմակերպեցին զանազան աշխատանքներ, որոնք գործադրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու կողմէ, իրենց յայտագիրներու ընթացքին, փետրուարէն մարտ երկարող 3 շաբաթներու ընթացքին:
Այս տարբեր բնոյթի աշխատանքները կ՛ամփոփուէին «Հայ սկաուտ եմ ու հպարտ» լոզունգին տակ ու անոնց նպատակն էր ապահովել մասնակցութիւնը անխտիր բոլոր մասնաճիւղերու ՀՄԸՄ-ական սկաուտներուն` փոքր մոկլիէն մինչեւ չափահաս երէց-պարմանուհին, տալ սկաուտութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը ազգային դաստիարակութեան ու ազգային արժէքներու պահպանման ծիրէն ներս եւ զարգացնել սկաուտական ու մարզական ոգիները:
Աշխատանքները ընթացք առին վառ պահելով ազգային եւ եկեղեցական արժէքները, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղէն սկաուտներ մասնակցեցան Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Տեառնընդառաջի տօնակատարութեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամները` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին: Իսկ զարգացնելու համար ազգային գիտելիքները` ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղը պատրաստեց մշակոյթի, գրականութեան եւ պատմութեան կապուած անհրաժեշտ գիտելիքներ ու պաստառներ, որոնք զետեղեցին ու զարդարեցին հայկական վարժարաններու միջանցքները:
Սկաուտական յայտագիրներուն ընթացքին իւրաքանչիւր մասնաճիւղի սկաուտները պատրաստեցին իւրայատուկ ձեռայիններ` զանազան վայրերու մէջ (ըլլայ իրենց ակումբներուն մէջ թէ տարեկան ձիւնագնացութիւններու ընթացքին) եւ յատուկ արարողութիւններով բարձրացուցին մասնաճիւղին դրօշակներն ու իրենց կարգին բարձրացնելով ՀՄԸՄ-ականի յատուկ հաւատարմութեան, խանդավառութեան եւ հնազանդութիւն ոգիները:
Կիրակնօրեայ սկաուտական յայտագիրներու ընթացքին, սկաուտական դաւանանքներէն մեկնելով, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ զանազան եւ իւրայատուկ միջոցներով ներկայացուց ու գործադրեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտական դաւանանքի կէտերը: ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղը հաճելի յայտագիրներով օրինակելի դարձաւ իր շրջապատին, ծառայութեան ոգիով տոգորուած եւ պարտք զգալով, սկաուտները օգնութեան ձեռք երկարեցին կարիքաւորներուն եւ աղքատին` անոնց պատրաստելով ու բաժնելով օրուան մը ճաշը: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի սկաուտները չմոռցան հայ ծերունին ու Հայ սկաուտի օրուան ուրախ առիթով այցելեցին ու հաճելի պահեր անցուցին հետերնին: Պահելով եւ պահպանելով մթնոլորտն ու միջավայրը` ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները լուսարձակի տակ առին վերամշակումի (recycling-ի) կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտները հաւաքաբար աշխատեցան մաքուր եւ ապահով միջավայրեր ստեղծելու իրենց ապրած շրջաններու մէջ` մաքրելով ու հաւաքելով շրջանի աղբերն ու ծառեր ցանելով:
Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կազմակերպեց յատուկ մարզական խաղեր ու մրցումներ: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի եւ Անթիլիասի սկաուտները իրարու դէմ կատարեցին պասքեթպոլի մրցում մը, ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդը, խմբապետները, արի-արենուշ եւ երէց-պարմանուհի քոյրերն ու եղբայրները ֆութպոլի խաղերով մրցեցան իրարու դէմ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի անդամները զանազան սկաուտական եւ մարզական խաղեր կազմակերպեցին:
Հայ սկաուտի օրուան աշխատանքները վերջ գտան հայ մշակոյթին, երգին, հայկական երաժշտութեան ու հայկական պարին տէր կանգնելու նուիրուած աշխատանքներով` մասնաճիւղային շուրջպարերով: Սկաուտները, մասնաճիւղի բարեկամներն ու ծնողները միասնաբար պարեցին` Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Անթիլիասի, Աժալթունի ու Այնճարի մէջ:
Հարկ է յիշել նաեւ, որ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ իր աշխատանքներուն քարոզչական աշխատանքները կատարեց ընկերային ցանցերուն վրայ, մանաւանդ Դիմատետրի միջոցով (աշխատանքներու նկարները Դիմատետրի վրայ զետեղելու կողքին) պատրաստելով Հայ սկաուտի օրուան յատուկ զանազան աշխատանքներու տեսերիզներ, որոնք մեծ արձագանգ ձգեցին, տարածուեցան աշխարհի բոլոր կողմերն ու գնահատուեցան Դիմատետր գործածողներուն կողմէ:
Հայ սկաուտի օրուան նուիրուած 3 շաբաթներու վրայ երկարող բոլոր աշխատանքները կատարուեցան հաճելի, զուարթ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ` հաւատարմօրէն գործադրելով Շաւարշ Քրիսեանի, Յովհաննէս Հինդլեանի ու Գրիգոր Յակոբեանի ու ապա ՀՄԸՄ-ի նպատակը` պատրաստել ֆիզիքապէս տոկուն, իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր հայեր, տիպար քաղաքացիներ, «կամաւոր բանակ»-ի անդամներ, որոնք պատրաստ են պաշտպանելու հայոց լեզուն, հայ ինքնութիւնը, հայ մշակոյթը, հայոց պատմութիւնն ու ազգային բոլոր արժէքները: