Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Վերամտածել Քաղաքացիական Առողջ Դաստիարակութեան Մասին» Թեմայով Սեմինար Հայկազեան Համալսարանէն Ներս

$
0
0

IMG_3554

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաքի, Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր սեմինար մը` «Վերամտածել քաղաքացիական առողջ դաստիարակութեան մասին» թեմայով: Սեմինարը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահէն ներս, հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ին, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան եւ Լիբանանի կենսոլորտի եւ արդարադատութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կրթական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու տնօրէններու, ներկայացուցիչներու, համալսարանական դասախօսներու եւ ուսանողներու:

Սոյն սեմինարը կազմակերպուած էր «Քանատիէն ժուրնըլ աֆ սայընս, մաթեմաթիքս էնտ թեքնոլոճի էտիուքէյշըն» հանդէսի յատուկ թիւի հրապարակման առիթով: Յատուկ թիւը կ՛արծարծէ վերոնշեալ թեման եւ անոր խմբագիրներն են` դոկտ. Յակոբ Ա. Եագուպեան եւ դոկտ. Ճես Պազուլ:

Սեմինարին բացումը կատարեց եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ` դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ անդրադարձաւ կրթական համակարգերը որակական վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան` ի նպաստ առողջ անհատներու կազմաւորման: Այս ծիրէն ներս դոկտ. Էքմեքճի ի մասնաւորի շեշտեց քաղաքացիական կրթութեան վերապահուած դերին կարեւորութիւնը` փայլուն ապագայի կերտման ի խնդիր:

Իր խօսքին մէջ Ֆատի Եարաք անդրադարձաւ կրթական նախարարութեան ունեցած որոշիչ դերին` տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու գործընթացին մէջ եւ ընկերութեան մէջ անոնց գործօն մասնակցութիւնը ապահովելու գծով:

Սեմինարը վարեց Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան – Խիւտավերտեան: Յաջորդաբար խօսք առին` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Սաումա Պուժաուտէ, Քանատայի Ռեճայնա համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօս դոկտ. Ճես Պազուլ եւ Հայկազեան համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան: Դոկտ. Պուժաուտէ ներկայացուց վերոնշեալ հանդէսի յատուկ թիւը եւ կատարեց իր վերլուծական նկատողութիւնները` անոր վերաբերեալ: Դոկտ. Պազուլ ներկայացուց հանդէսի յատուկ թիւէն բխած կիրարկուելի առաջարկներ` կրթական համակարգերու եւ դաստիարակութեան մարզին վերաբերող: Իսկ դոկտ. Եագուպեան խօսեցաւ տուեալ հանդէսի թիւէն բխած կիրարկելի առաջարկներու մասին` կրթական քաղաքականութիւններու մշակման ոլորտէն ներս:

Սեմինարի յաջորդ օրը նոյն թեմայով վարժողական աշխատանքային հանդիպում մը տեղի ունեցաւ` մասնակցութեամբ լիբանանեան վարժարաններէ ուսուցիչներու, դասանիւթերու համակարգողներու եւ համալսարանի ուսանողներու: Աշխատանքային հանդիպումը վարեց դոկտ. Ճես Պազուլ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>