Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պահելով Տրամաբանութիւնը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

History_Vaho

Մալխասեան բառարանը «պատմագրութիւն» բառը կը բացատրէ երկու ձեւով. առաջին` պատմութիւն գրելը, ասպարէզ մը, որ կը պատկանի Հերոդոտոսի նման պատմագիրներու, եւ երկրորդ` գրուած պատմութիւնը: Սակայն իսկութեան մէջ ո՞վ է, որ կը գրէ պատմութիւնը: «Յաղթողները», կը պատասխանէ Նափոլէոն Պոնափարթ: Ուինսթըն Չըրչիլ այդ տեսակէտին համակարծիք ըլլալով` կը նշէ. «Պատմութիւնը ինծի նկատմամբ ազնիւ պիտի գտնուի, որովհետեւ մտադիր եմ զայն ես գրել»: Այս տեսակէտը միայն կարգ մը քաղաքագէտներունը չէ. ափրիկեան ասացուածք մը եւս կ՛ըսէ. «Մինչեւ առիւծներուն իրենց սեփական պատմաբանները ունենալը, որսի պատմութիւնները պիտի փառաբանեն որսորդները»: Ճշմարտութիւն մը, որ կ՛արտացոլայ նաեւ մեր պատմագիրներուն Մովսէս Խորենացիին ու միւսներուն մօտ, որոնք կը գովերգէին իրենց պատուիրատու տոհմերը: Ի զուր չէ, որ Մարք Թուէյն կը գրէ. «Այն մելանը, որով ամբողջ պատմութիւնը գրուած է,   պարզապէս հեղուկ նախապաշարում է»: Ահաւասիկ իրականութիւնը այն «պատմագրութեան գործընթաց»-ին, որուն կ՛ակնարկէր Վարագ Գեթսեմանեան իր «Պահելով պատմական տրամաբանութիւնը» յօդուածին մէջ, նշելով, որ չկայ քաղաքական մեկնաբանութիւն, որ պայմանաւորուած չըլլայ պատմագրութեան գործընթացներով:

Եթէ 15-րդ դարուն ազգը իբրեւ քաղաքական սկզբունք գոյութիւն չունէր, նոյնը կարելի չէ ըսել այդ սկզբունքին սկզբնաղբիւրին ու արմատին` ազգին մասին: Մովսէս Խորենացին իր «Պատմութիւն հայոց» բարացուցական խորագիրով պատմագրութեան սկիզբը կը գրէ. ««Թեպէտ եւ եմք ածու փոքր եւ զօրութեամբ տկար եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ,  սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհի, եւ արժանի գրոյ յիշատակի»: Յստակ է, թէ պատմահայրը այդ «եմք»-ով եւ «մերում»-ով կ՛ակնարկէ այն ազգին, որուն պատմութիւնը գրելու առաքելութիւնը ստանձնած էր եւ անոր անունով կոչած` իր գիրքը: Եթէ կար ժամանակ, որ գերմանացիներն ու ֆրանսացիները ընդամէնը բարբարոս ցեղախումբեր էին, այդ չի նշանակեր, որ այլուր ազգեր գոյութիւն չունէին: Անցեալ յօդուածիս մէջ արդէն նշած էի հրեայ ժողովուրդի ՔԵ 66-73 թուականներուն ըմբոստութիւնը ընդդէմ Հռոմէական կայսրութեան, ինչպէս նաեւ ՆՔ 480 թուականին սպարտացիներուն եւ 499-449 թուականներուն յոյներուն անկախութեան պահպանման համար յաղթական պատերազմը` ընդդէմ ներխուժող պարսկական կայսրութեան: Գերմանական եւ ֆրանսական ցեղախումբերու օրինակը նաեւ հետաքրքրական է այլ առումով: Այդ ցեղախումբերը ազատութեան եւ անկախութեան սիրոյն կատաղի պայքար մղեցին իրենց շրջաններ ներխուժող Հռոմէական կայսրութեան դէմ: Պատմական իրողութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ բռնագրաւումը ինքըստինքեան ժխտական ու մերժելի երեւոյթ մըն է եւ հարկ չկայ ազգ-պետութիւն կամ նոյնիսկ ազգ ըլլալու` զայն իբրեւ այդպիսին ընկալելու համար: Չկայ եւ չէ եղած ժողովուրդ մը, որ օտար ուժի մը տիրապետութիւնը ընդունի իբրեւ բնական եւ օրինական երեւոյթ: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ կը ձգտի կերտելու իր անկախ պետութիւնը, սակայն ձգտումին եւ այդ ուղղութեամբ «լուրջ եւ մեծածաւալ փորձ կամ աշխատանք» կատարելուն միջեւ կայ լեռ ու ձոր: Ահա թէ ինչո՛ւ Գեթսեմանեանի ակնարկած «օսմանեան հայերու»-ն մօտ կարելի չէ գտնել այդ ձգտումին գործնական արտայայտութիւնները: Սակայն այդ ձգտումին գոյութիւնը ակներեւ է Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ետք, Կիլիկեան թագաւորութեան հիմնումի փաստին մէջ: Այդ ձգտումը չ՛ազդուիր ժամանակէն, եթէ առողջ ու իր ինքնութեան գիտակից ու տէր է խնդրոյ առարկայ ազգը, եւ երբ ենթակայական  ու առարկայական պայմանները նոյնիսկ մասամբ համընկնին,  արդիւնքը կ՛ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

Գեթսեմանեան 1453-ին Պոլսոյ բռնագրաւումը կը կոչէ «օսմանցիներու մուտքը Պոլիս»` ստեղծելով այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ խօսքը Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին կրկնօրինակին մասին է: Իսկութեան մէջ Պոլսոյ գրաւումը անոր բնակչութեան համար Ծաղկազարդ մը չէր, այլ` սպանդ, քանդում ու սուգ: Իսկ այն պնդումը, թէ կատարուածը ո՛չ բռնագրաւում էր եւ ո՛չ ալ ազատագրում, կու գայ միայն ընդգծելու ստեղծուած ծաղկազարդեան տօնախմբութեան անհեթեթ վարկածը:

Հեղինակը իր վերջին յօդուածին մէջ ինծի վերագրած է պնդումներ, որոնք գոյութիւն չունին «Ազդակ»-ի 16 մարտի թիւով լոյս տեսած «Բռնագրաւումի «օրինականութեան» մասին» խորագրեալ յօդուածիս մէջ: Օրինակ` հետեւեալ հաստատումը. «Եթէ բռնագրաւման գաղափարը ինքնին արդիական պատմաքաղաքական եզր մըն է, անիկա պէտք է որ գրուած ըլլայ բռնագրաւող ուժերուն կողմէ»: Իրականութեան մէջ այդ տողը կը յիշեցնէ Գեթսեմանեանի «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները» յօդուածին մէջ տեղ գտած «Բռնագրաւման գաղափարը ինքնին արդիական պատմաքաղաքական եզր մըն է, որ կարելի չէ կիրարկել վաղժամանակակից շրջանի պատմութեան քննարկման համար» տողը, որուն առարկած էի. «Անձնապէս ծանօթ չեմ պատմագրութեան սկզբունքներուն, սակայն այստեղ յստակ է, որ այդպիսի սկզբունք մը եթէ նոյնիսկ կայ, ապա գրուած է բռնագրաւող ուժերուն կողմէ»: Յստակ է, որ խօսքս բռնագրաւման ժխտական ընկալումը շինծու եւ երեւոյթը բնական եւ ընդունելի նկատելու ծառայող այդ «կանոն»-ին մասին էր:

Նաեւ զարմանքով կարդացի հետեւեալ տողը. «Ո՞վ է այն դատաւորը, որ ըսէ, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը ապօրինի է, որովհետեւ «բռնագրաւած» է այս կամ այն քաղաքը, իսկ հունգարականը կամ ռուսականը` օրինական, որովհետեւ ընդամէնը 10 տարածք բռնագրաւած է եւ ոչ` 15»: Ո՞վ այդպիսի անհեթեթ գաղափար մը իր մտքովն իսկ կ՛անցընէ: Բոլոր կայսրութիւններն ալ ապօրինի են եւ այդ է անոնց անխուսափելի ճակատագրին` իմա քայքայման գլխաւոր պատճառներէն մէկը: Եւ այո՛, չկայ անկողմնակալ ու անաչառ դատաւոր մը, որ անոնցմէ մէկը նկատէ օրինական:

Վ. Գեթսեմանեան երբ կը խօսի «օսմանցիի» գաղափարին մասին, կը նշէ, որ հայկական պատմագրութեան մէջ օսմանցին յաճախ նոյնացուած է «թուրքին հետ` տարանջատելով հայերը, արաբներն ու պալքաններու ժողովուրդները «օսմանցիի» գաղափարէն»,  աւելցնելով. «Ի դէպ, կան բազմաթիւ պատմական եւ պատմագրական ակադեմական լուրջ աշխատութիւններ, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ այս ժողովուրդներու միատեղմամբ է, որ պէտք է ըմբռնել «Օսմանեան կայսրութեան» մը գաղափարը: (…) «Հեղինակը կը կատարէ այն,  ինչ որ ակադեմական շրջանակներու մէջ ճանչցուած է որպէս ազգութիւններու նախաստեղծ (primordial)  գոյութեան միտքը: Այս տեսութիւնը (որ արդէն մերժուած է) կ՛ըսէ, թէ հայերը, թուրքերը կամ որեւէ այլ ազգութիւն պատմութեան ամենասկզբնական ժամանակներէն մինչեւ տուեալ ժողովուրդներու ազգ-պետութիւններու կերտումը ունեցած են ազգային քաղաքական գիտակցութիւն եւ պետականութիւն ստեղծելու քաղաքական բաղձանք եւ ասոր շնորհիւ է, որ 19-րդ կամ 20-րդ դարուն կարողացած են ստեղծել իրենց անկախ պետականութիւնը»: «Արդէն մերժուա՞ծ», իսկ որո՞ւ կողմէ, այդ վերոնշեալ «բազմաթիւ պատմական եւ պատմագրական ակադեմական լուրջ աշխատութիւններ» կատարած «ակադեմական»-ներո՞ւն, ըստ որոնց, հայերը «օսմանցի» էին եւ յանկարծ 19-րդ եւ 20-րդ դարուն (օտար պետութիւններու դրդումո՞վ) դարձան հայ… Իսկ այդ «ակադեմական լուրջ» աշխատութիւններու հեղինակներուն համար հայոց հազարամեայ պատմութիւնը ի՞նչ է, ընդամէնը` երեւակայածին առասպե՞լ:

«Պահելով պատմական տրամաբանութիւնը» յօդուածին հեղինակը վերջաւորութեան կ՛ընդունի, թէ եւրոպական եւ այլ երկիրներու մէջ եւս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստեր կան, սակայն քիչ ետք անդրադառնալով գրած այն տողիս, թէ թրքական աղբիւրները կը ծառայեն միայն պատմական փաստին մասին վկայութիւնները հարստացնելու եւ ոչ թէ` անհեթեթ կերպով փաստուածը փաստելու, կը գրէ. «Բայց այս «փաստուած փաստ»-ը ուրկէ՞ եկաւ: Ո՞վ փաստեց, եթէ ոչ` ակադեմականներու այն խումբը, որ կեդրոնանալով օսմանեան արխիւներուն վրայ` ստեղծեց Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութիւնը: Միթէ օսմանեան փաստաթուղթերու ընդմէջէն չէ՞, որ հաստատուեցաւ օսմանեան կառավարութեան ցեղասպան նպատակը կամ մտադրութիւնը, նախապայման մը` միջազգային օրէնքով սահմանուած, եղեռն մը` ցեղասպանութիւն որակելու համար»: Այս տողերը կը կարծեմ, որ անտեղի թերագնահատում մըն են ոչ օսմանական լայնածաւալ արխիւներուն, ատոնց վրայ պատմաբաններու կատարած աշխատանքին ու ատոր կարեւորութեան: Ինչ կը վերաբերի օսմանեան փաստաթուղթերու օրինականութեան հարցին, ապա անոնց իրաւական արժէքը ծնունդ չառներ անոնց ինքըստինքեան օրինականութենէն, այլ` անոնց աղբիւրէն կամ հեղինակէն, որուն դէմ յարուցուած դատին ընթացքին է, որ պիտի ներկայացուին անոնք: Այստեղ կարեւորը այն չէ, թէ մենք զայն կը նկատե՞նք օրինական, թէ՞ ոչ, կարեւորը մեր վերաբերմունքը չէ, այլ` հակառակորդինը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>