ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հենրիկ Մխիթարեան միջազգային ճանաչում նուաճած մարզիկ է ու հպարտութեան աղբիւր` ոչ միայն ոտնագնդակի սիրահարներուն համար:
Մխիթարեանի երկրպագուներու շարքին եմ եւ կը գնահատեմ այս երիտասարդին ոչ միայն մարզական գերազանց վարպետութիւնը, այլեւ իր հայրենասիրութիւնը` Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր կատարած ազգօգուտ գործունէութեամբ դրսեւորուած:
Մխիթարեան երեւոյթը, որուն կողքին նաեւ սկսած են փայլելու հայ այլ ֆութպոլիստներու անուններ, այդ մարզական ոլորտը աշխուժացնելու եւ հայ պատանիներուն մէջ միջազգային չափանիշներով մրցունակութեան ոգի ներշնչելու կարեւոր գործօն մը դարձած է` անկախութեան շրջանի առաջին տարիներուն կաթուածահար վիճակի մատնուած հայկական ֆութպոլին նոր կեանք ու աւիշ ներարկելով:
Անգլիական եւ գերմանական լրատու աղբիւրներէն հպարտօրէն կը տեղեկանանք, թէ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Տորթմունտի «Պորուսիա» խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան անգլիական յայտնի «Արսենալ» խումբին ուշադրութեան կեդրոնը դարձած է: Տեղափոխութեան արժէքը կը գնահատուի 27 միլիոն եւրօ:
Բազմաթիւ պատանիներու երեւակայութիւնը բոցավառող, մարզական կրթանքին հանդէպ անոնց ոգեւորութիւն հաղորդող, առողջ ապրելակերպին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնող, ընդհանրապէս փայլուն ապագայ մը կերտելուն հանդէպ նոյնիսկ ամէնէն թշուառ ընտանիքներու երեխաներուն համար յոյսի փարոս դարձող կերպար մըն է Մխիթարեան:
Ամէնէն կարեւորը, անշուշտ, իր հաւատարմութիւնն է հայրենիքին հանդէպ, առաւել` պարտքի զգացողութիւնը, որ զինք կը մղէ ամէն առիթով Հայաստան ու Արցախ այցելելու, բարեգործութիւններ կատարելու եւ յաճախակի հանդիպումներ ունենալու փոքրիկ մարզասէրներու հետ:
Մխիթարեանի նման ընդօրինակելի կերպարներու առաւե՛լ մեծ թիւի պէտք ունինք, որպէսզի անոնք չէզոքացնեն օլիկարխներու «յաջողակ» կերպարներուն բացասական ներշնչումները: