Ժամացոյցի դէմ մրցում մըն է, որ կը կատարուի Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ: Գաղտնի եւ դռնփակ հանդիպումներ… մէկ կողմէ` Մոսկուա- Երեւան եւ միւս կողմէն` Մոսկուա-Պաքու, եւ այդ ալ` քանի մը փուլով եւ տարբեր մակարդակի: Ի՞նչ է այս հանդիպումներուն մարաթոնին պատճառը, որուն մէջ երեք երկիրներն ալ առաջնահերթ դեր ունին:
Առաջին հերթին, տեղին է ամփոփ կերպով ներկայացնել այս հանդիպումներու շարանին յայտագիրն ու խօսակցութիւններու միտք բանին:
Վերջերս Մոսկուայի մէջ կայացաւ Փութին- Սարգսեան հանդիպումը, ուր ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկուեցաւ Արցախի սահմանամերձ շրջաններու պայթուցիկ կացութիւնը: Այս հանդիպման լոյսին տակ, եւ բաւական մը քննարկումներ կատարուելէ ետք, յառաջիկայ ամսուան սկիզբները Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը պիտի այցելէ Պաքու` իր պաշտօնակից Էլմար Մամետովի հետ քննարկելու համար Արցախի հիմնահարցը:
Մինչ այդ, նախքան այս հանդիպումը, հաւանական է, որ կատարուի այս տարուան առաջին Երեւան-Պաքու հանդիպումը, այդ ալ` Ուաշինկթընի մէջ, միջուկային անվտանգութեան խորհրդաժողովին առթիւ: Արդարեւ, երկու նախագահներն ալ` Սարգսեան եւ Ալիեւ, ներկայ պիտի ըլլան այդ խորհրդաժողովին եւ բնականաբար առիթը պիտի ըլլայ ստեղծելու… ապարդիւն եւ պարզապէս «փրոթոգոլային» բնոյթ ունեցող հանդիպում մը:
Ներկայ գոյավիճակով երբեք չի թուիր գոհ ըլլալ Պաքու, եւ յատկապէս նկատելով ռուսական ուժերու մասնակի հրաժեշտը Սուրիայէն` յարմար նկատած է խաղաքարտերը կրկին սեղանի վրայ բերել եւ վերատեսութեան ենթարկել կացութիւնը: Մամետիարով բազմիցս կը կրկնէ, թէ ներկայ գոյավիճակը ի վնաս իր պետութեան շահերուն է` շարունակ յայտնելով, թէ Հայաստան գրաւած է ազրպէյճանական տարաշրջաններ, եւ անպայման որ Պաքուին վերստին պէտք է որ յանձնուին գրաւուած բոլոր տարածքները:
Հոս, անգամ մը եւս վերատեսութեան ենթարկելով հանդիպումներու յայտագիրը, պէտք է նշել, թէ Մոսկուայի մէջ կատարուած Փութին-Սարգսեան հանդիպումէն մօտ շաբաթ մը առաջ` մարտ 3-ին, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինը այցելեց Պաքու եւ վերստին հաստատեց Ազրպէյճանի սպառազինման բնագաւառէն ներս ամբողջական համագործակցութիւնը:
Ուաշինկթընի մէջ կատարուելիք Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումէն ոչ մէկ յիշատակելի նորութիւն կամ փոփոխութիւն կարելի է սպասել: Այսպէս, ռազմաճակատներուն նման, գրասեղաններուն շուրջ ալ գոյավիճակը պիտի շարունակուի: Մոսկուան ալ այս գծով քաջատեղեակ է եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկեան նախաձեռնութիւնը ձախողեցնելու կամ չէզոքացնելու ոչ մէկ տրամադրութիւն ունի, քաջատեղեակ ըլլալով, որ պարզապէս երկու թշնամի երկիրներու ղեկավարներ պիտի հանդիպին եւ զրուցեն… վասն ոչինչի:
Սակայն մտահոգիչ երեւոյթը այն է, որ թէ՛ Պաքու եւ թէ՛ Երեւան շարունակ կը սարքաւորուին արդի զինուորական եւ ռազմագիտական կազմածներով: Մատակարարողն ալ միեւնոյն աղբիւրն է…