Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Նշմար. Արամ Նահապետին Օրինակով

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

001-Group

Եթէ իրլանտացի թատերագիր ու անհեթեթի թատրոնի ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչը` Սամուէլ Պեքեթ 1948-49 տարիներուն գրած չըլլար իր հռչակաւոր «Սպասելով Կոտոյին» գործը, վստահաբար այսօր պիտի գրէր «Վարձատրելով թուրք ոճրագործը» խորագրեալ գործ մը` ի տես այն այլանդակ զաւեշտներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Թուրքիա-Արեւմուտք «սիրաբանութեան» բեմին վրայ:

Եւրոպայի ժողովուրդները հաւանաբար Պեքեթի մը պէտք ունին տեսնելու համար այն ահաւոր անհեթեթութիւնը, որ իրենց գրպաններուն հաշուոյն կը ներկայացուի Մերքելներու, Քամերոններու, Հոլանտներու եւ Եւրոպական Միութիւնը կառավարող միւս «հանճարեղ քաղաքական մարդոց» կողմէ:

Բեմադրութեան նորագոյն արարը ցուցադրուեցաւ անցեալ շաբաթ, երբ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները սիրալի՜ր ժպիտներով հիւրընկալեցին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն եւ անոր խոստացան 6 միլիառ եւրօ, որպէսզի Թուրքիա վերընդունի ապօրինի կերպով եւրոպական երկիրներ հասած միջինարեւելքցի գաղթականները: Մանրամասնութիւնները երկրորդական են:

Եւ ահա Թուրքիա անգամ մը եւս հրապարակաւ կը վարձատրուի այն ոճիրներուն համար, զորս գործած է ու կը շարունակէ իրականացնել Միջին Արեւելքի մէջ, իր սահմաններէն ներս թէ դրացի երկիրներու հողերուն վրայ:

Արեւմուտքը ծափողջոյններով դիմաւորեց նախագահ Էրտողանի եւ գործակիցներուն այն «հնարքը», որուն ճամբով անոնք անցեալ տարի վերիվայր շրջեցին երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքը եւ ընդդիմադիր ուժեր բռնադատելով` խլեցին խորհրդարանի աթոռներուն մեծ մասը: Ընդդիմադիրներու ձայներն ու կոկորդները կտրելու արարքները շարունակուեցան, եւ Տաւութօղլուի հետ համաձայնագիրի ստորագրումի նախօրեակին իսկ ընդդիմադիրներու մէկ թերթը լռութեան մատնուեցաւ, այլախոհներու հետապնդումները սաստկացան աշխարհի աչքերուն առջեւ: Տակաւին, հարաւային շրջաններու եւ Սուրիոյ ու Իրաքի հիւսիսային գօտիներուն մէջ քիւրտերուն վրայ յարձակումները նուաճեցին ոճրային նոր գագաթներ, Ճիզրէի քանդումը շուքի մէջ ձգեց Արաբ Բունարի (Քոպանի) եւ Քեսապի ծանօթ դրուագները:

002-Turkey-Exch

Քիւրտերու հանդէպ թրքական ոճիրները Անգարայի կողմէ աշխարհին կը ներկայացուին «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»-ի պիտակին տակ: Թուրքիա նաեւ կը փորձէ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ մէկ զոհը ծայրայեղականներու ոճրային արարքներուն` յայտարարելով, որ Պոլսոյ կամ Անգարայի մէջ երբեմն տեղի ունեցող ոճրային ռմբահարումներուն ետին (բնականաբար` ոչ մէկ ատեն արդարանալի) կը կանգնին քիւրտերը եւ… «Իսլամական պետութեան» տարրերը: Վերջին բացատրութիւնը, ինքնին, Պեքեթի մը կը կարօտի առանձնաբար, որովհետեւ թզենիի ծառը տերեւաթափ եղած է եւ բացայայտ է, որ Թուրքիոյ պետական մեքենան տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ, կը զինէ եւ Սուրիա, Իրաք, Լիպիա, Եգիպտոս եւ այլ երկիրներ «գործի կը ղրկէ» ծայրայեղական զինեալները. իսլամութեան հետ կապ չունեցող այդ ծայրայեղականներուն ոճիրները յար եւ նման են թրքական այն վարմունքին, որ աշխարհին ծանօթ էր ենիչերիներու կազմութենէն առաջ եւ ետք…  Թուրքիոյ պետական աւագանին նաեւ ձեւերը գտած է առաւելագոյն չափով օգտագործելու նոյնինքն «Իսլամական պետութեան» հակակշիռին տակ առնուած տարածքներէն քարիւղի հսկայական մթերքներու մաքսանենգումը, որ տեղի կ՛ունենայ տիւ եւ գիշեր, Իրաքի ու Սուրիոյ հիւսիսային հողերէն, Հալէպի հիւսիսը գտնուող սահմանային «նրբանցքին» ճամբով, ինչ որ բացատրութիւն մը կու տայ, թէ Թուրքիա ինչո՛ւ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ Հալէպի շրջակայքը ծայրայեղականներու հակակշիռէն դուրս բերելու ճիգերուն, որոնց դրօշակիրը դարձաւ Ռուսիա` օդանաւային իր յարձակումներով եւ օդանաւ մըն ալ կորսնցնելով… Տակաւին, Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ ստեղծուած գաղթականներու ողբերգութեան ալիքները տարածուեցան եւրոպական երկիրներէ ներս` ստեղծելով ընկերային եւ միջմշակութային սուր տագնապներ, որոնց ահագնութեան ներքեւ ձեւով մը քողարկուեցան ոճրային խափանարարութեան այն արարքները, որոնց ներշնչումը կու գայ նոյնինքն ինքզինք իբրեւ զոհ ներկայացնող Թուրքիայէն: (Ծոցի արաբական կարգ մը երկիրներու վերագրուող մեղսակցութիւնը ունի տարբեր խորք, մինչդեռ Թուրքիա կը հանդիսանայ ուղղակի նախաձեռնող):

Կարելի է երկարել Թուրքիոյ բացայայտ ու իբր թէ քողարկեալ ոճիրներուն ու օրէնքի ոտնակոխման արարքներուն ցանկը. ատիկա ոչինչ պիտի աւելցնէ ոճրային պետութեան դիմագիծին վրայ:

Չի բաւեր յայտարարել, որ ծայրայեղական տարրերու կողմէ քրիստոնեաներու եւ իսլամներու դէմ գործուող ոճիրները ցեղասպանական արարք են: Պէտք է ուղեղները յատուկ ակնոցներով ու լուսարձակներով օժտել` տեսնելու համար Թուրքիոյ պետական մարդոց աղաղակող մեղանչանքները` ընդդէմ մարդկութեան, փոքրամասնութիւններուն եւ նոյնինքն սեփական ժողովուրդին: Կարելի չէ կուլ տալ եւրոպացի կամ ամերիկացի բարձրաստիճան անձնաւորութեանց ու ներկայացուցիչներու այն հաւաստիքները, իբր թէ ոճիրներուն ու մաքսանենգութեանց Թուրքիոյ մեղսակցութեան փաստեր չկան, մինչդեռ միջազգային յարգուած լրատու աղբիւրներ ու թերթեր գրեթէ ամէն օր աշխարհը կ՛ողողեն այդ փաստերով: Ճշմարտութիւնները տեսնելն ու ընդունիլը բաւարար չեն. պէտք է նաեւ առնել զսպիչ քայլեր, եւ ոչ թէ` վարձատրել ոճրագործները…

Այս բոլորին ականատես հայերս, որ բազմիցս կրած ենք թրքական ոճիրներուն ծանրութիւնը, այսօր, Ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձին, կոչուած ենք պետական, քաղաքական ու մամուլի բոլոր բազուկներով լուսարձակի տակ բերելու Էրտողաններու եւ Տաւութօղլուներու ոճրային քաղաքականութիւնը, քաղաքակիրթ աշխարհի ժողովուրդները հրաւիրելու, որ բաց աչքերով տեսնեն, թէ թրքական ինչպիսի՛ մեքենայութեան մը զոհերն են իրենց գրպանները, ուրկէ իրենց պետական ղեկավարները 6 միլիառ եւրօ կը խոստանան Թուրքիոյ, որ ահաւոր անմարդկայնութեամբ ահաւասիկ չարաշահութեան նիւթի վերածած է իր անմիջական մեղսակցութեամբ ստեղծուած մարդկային ողբերգութիւնը:

100-ամեակէն ետք բացուող նոր փուլին, թրքական ոճիրներուն բացայայտումը մեր պետական, դիւանագիտական, քաղաքական ու տեղեկատուական բոլոր ասպարէզներուն մէջ պէտք է ըլլայ օրակարգի մնայուն նիւթ:

Եթէ եւրոպացի ու արեւմտեան աշխարհի ժողովուրդները նոր Պեքեթի մը պէտք ունին քաղաքական աշխարհին մէջ ստեղծուած այս անհեթեթութիւնը դատելու համար, մենք պէտք է դիմենք մեր բազմադարեան պատմութեան հին էջերուն եւ օրինակ առնենք  Արամ Նահապետէն: Եւ ինչպէս որ Արամ Նահապետը իր թշնամիներէն Նիւքարը ճակատէն գամեց քաղաքի մուտքին, պարիսպին վրայ, այնպէս ալ մենք այսօրուան թուրք ոճրագործները պիտի գամենք արդարութեան պարիսպին վրայ, որպէսզի ժողովուրդներ տեսնեն իրականութիւնը եւ իրենց վարիչներէն պահանջեն վերջ տալ թրքական շանթաժներուն ենթարկուելու զաւեշտական անհեթեթութեան:

20 մարտ 2016

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>