Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Նամակ Երկրէն. Ցրտահարութիւն Եւ Թրքական Բանջարեղէն

$
0
0

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այս տարի գարունը շուտ ժամանեց Հայաստան: Փետրուարի վերջերուն արդէն իսկ եղանակը բաւականին մեղմացած էր, եւ բազմաթիւ մարդիկ ուրախ էին, որ բնակարաններու ջեռուցման համար այլեւս մեծ գումարներ պիտի չվճարէին կազի եւ ելեկտրականութեան ընկերութիւններուն: Ծառերն ալ սկսած էին ծաղկիլ` գարնանային ջերմ տրամադրութիւն տարածելով ամէնուր: Դժբախտաբար, սակայն, մարտի կէսերուն, եղանակը դարձեալ փոխուեցաւ, ու ցուրտի ալիք մը Հայաստան թափանցելով` Արարատեան դաշտի գիւղական համայնքներուն մէջ մեծ վնասներ պատճառեց: Ընդամէնը երկու երեք օրերու վրայ երկարող ցուրտի ալիքը գիշերային ժամերուն ջերմաստիճանի կտրուկ անկում յառաջացուց Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, իսկ Արարատեան դաշտի եւ նախալեռնային գիւղական համայնքներուն մէջ ցանքերու եւ ծառերու ցրտահարութեան պատճառ դարձաւ: Փճացան մասնաւորաբար ծիրանի եւ կեռասի ծառերուն ծաղիկները եւ հազարաւոր գիւղացիներ, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, «կոտրած տաշտակի առջեւ» մնացին անօգնական ու յուսահատ:

Նոյն օրերուն Դանիայէն աշխատանքային այցով Երեւան ժամանեց գործընկերս` Փիթըրը: Նախքան Հայաստան գալը` ան կարդացած էր Ցեղասպանութեան մասին եւ ինծի ուղարկած ելեկտրոնային նամակներուն մէջ հպարտութեամբ կը յիշէր դանիացի իր հայրենակիցները` Մարիա Եագոպսընն ու Քարէն Եփփէն, որոնք 1915-ին բազմաթիւ հայ կեանքեր փրկած էին` անապատներէն ու այլ վայրերէ որբեր հաւաքելով ու անոնց ապաստան տալով: Երեւան հասնելուն պէս, դեռ օդակայանէն հազիւ դուրս եկած էինք,  Փիթըր ցանկութիւն յայտնեց առաջին հերթին այցելելու Ցեղասպանութեան թանգարան: Յաջորդ օրը, նախքան մեր աշխատանքային ծրագիրներուն անդրադառնալը, Փիթըրին տարինք Ծիծեռնակաբերդ: Նահատակներու յիշատակին համար  անմար կրակին առջեւ ծաղիկներ զետեղելէ ետք Փիթըր մտաւ Ցեղասպանութեան թանգարան եւ Քարէն Եփփէի եւ Մարիա Եագոպսընի նուիրուած բաժինները ուսումնասիրելէ ետք խոնարհեցաւ անոնց լուսանկարներուն առջեւ:

Մէկ ժամ յետոյ ճամբայ ելանք դէպի Իջեւան, Տաւուշի մարզկեդրոն, ուր պիտի հանդիպէինք մարզպետարանի աշխատակիցներուն եւ դպրոցներու տնօրէններուն` կրթական ծրագիրներ քննարկելու համար: Սկսանք զրուցել Ցեղասպանութեան եւ հայ¬թուրք յարաբերութիւններուն մասին, ապա անդրադարձանք առօրեայ հարցերու, եւ պատմեցի, թէ ինչպէ՛ս հազարաւոր հայ գիւղացիներ մեծ վնասներ կրեցին վերջին օրերուն Հայաստան ներթափանցած ցուրտի ալիքին պատճառով: Նկատի ունենալով, որ մեր ճանապարհն ու օրը երկար էին, որոշեցինք խանութէ մը ուտելիք գնել եւ յետոյ առանց կանգնելու շարունակել ճանապարհը մինչեւ Իջեւան:

Հայկական համով հաց ու պանիր վերցուցինք եւ ուղղուեցանք բանջարեղէններու բաժին` վարունգ ու լոլիկ գնելու:

«Շեֆ ջան, լաւ կը լինէր էս կողմ չգայիք, ձեր սրտովը չի լինելու», ըսաւ մեր վարորդը` Վլադը: «Սաղ ապրանքները թրքական են… վարունգ, բամիդոր, նարինջ: Հայկական էլ կայ էն կողմում, բայց սրանք թրքական են, տեսէք տուփերի թրքերէն գրութիւնները…»:

Դեռ բարկութիւնս արտայայտելու բառերու որոնումին մէջ էի, Վլադ փորձեց զիս հանդարտեցնել. «Չնեղանաք, շե՛ֆ ջան, սաղ խանութներում նոյնն ա, հլա դեռ անցած ամիս հայկական վարունգն ու լոլիկը աւելի թանկ էին: Եթէ բերողները վերեւներից չլինեն, էդ թրքական բանջարեղէնը մեր երկիր չի մտնի: Նրանց բան չենք կարող անել»:

Թրքական ապրանքներով ողողուած շուկաներ շատ կան Հայաստանի մէջ, բայց թրքական բանջարեղէնի առաջին անգամ կը հանդիպէի, թէեւ այս մասին հայկական մամուլին մէջ յաճախ տեղեկութիւններ հաղորդուած էին:

Այս մասին` յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>