Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը ընթացիկ ամսուան մէջ «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ը եւ Պի.Պի.Սի.-ն տարբեր յօդուածներով անդրադարձած են այժմ բռնագրաւեալ հայկական Անի քաղաքին: Պի.Պի.Սի.-ի կայքին մէջ 15 մարտ 2016-ին տպուած «Կայսրութիւնը, որ աշխարհը մոռցաւ» վերնագիրով յօդուածը (հեղինակ` Ժոզեֆ Ֆլահերթի) կը բովանդակէ բացառիկ գեղեցիկ նկարներ, որոնց ներքեւ հեղինակը ե՛ւ վաւերական բացատրութիւններ, ե՛ւ իր անձնական տպաւորութիւնը կը յայտնէ: «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ի մէջ հրատարակուած Փոլ Սալոփեքի յօդուածը Անի քաղաքին հետ նաեւ կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութեան: Կը ներկայացնենք հիմնական բաժիններ:
Ուրուականներու Քաղաք
– Դարերու ընթացքին, ըլլալով ենթակայ գլխապտոյտ պատճառող թագաւորութեանց եւ կայսրութեանց շարքի մը (բիւզանդականէն մինչեւ օսմանեան), Անի քաղաքը հիւրընկալած է հազարաւոր մարդիկ` դառնալով մշակութային հանգոյց եւ շրջանային պետութիւն` միջնադարեան Բագրատունեաց հարստութեան ժամանակաշրջանին: Այսօր Անին ահարկու ուրուականներու լքուած քաղաք մըն է, որ կանգնած առանձին լեռնադաշտի մը մէջ, Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան հեռաւոր լեռներուն վրայ, 45 քմ հեռու` սահմանային Կարս քաղաքէն: Երբ կը քալէք բազմաթիւ փլատակներու մէջէն, որոնք աւելի քան 90 տարիէ լքուած են` աւելի վատանալով, կը լսէք միայն քամիին ոռնացող ձայնը` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը գծող ձորին մէջ:
– Այցելուները Անի քաղաքի պատերուն մօտ կը դիմաւորուին աւերակներու համայնապատկերով մը, որ կը տարածուի երեք դարերու եւ հինգ կայսրութիւններու վրայ (հայկական բագրատունիներ, բիւզանդացիներ, սելճուք թուրքեր, վրացիներ եւ օսմանցիներ): Անիի բարձրաւանդակը կցուած է Ռուսիոյ, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պարտութիւն կրեց 1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմին: Ա. Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք օսմանեան թուրքերը կռուեցան վերագրաւելու համար հիւսիսային Անատոլուն, ու թէեւ անոնք վերատիրացան Անիին եւ շրջակայ տարածքին, բայց եւ այնպէս օսմանցիներուն պարտութենէն ետք ստիպուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձնելու զայն: Սակայն նոր յառնող Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շրջանը գրաւեց 1920 թուականի արեւելեան յարձակման ատեն:
– Ախուրեան գետը եւ հին կամուրջի մը փլատակները բնական սահման կը գծեն` հայ-թրքական տագնապալի յարաբերութիւնները պատկերելով: Երկու երկիրները երկար ատենէ տարակարծիք են, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ իրականացուած հայերու զանգուածային սպանութիւններու շուրջ, եւ Թուրքիա իր սահմանը Հայաստանի հետ պաշտօնապէս փակեց 1993-ին` հակադարձելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանի միջեւ տարածքային հակամարտութեան:
– Հայ-թրքական յարաբերութիւններու լարուած մթնոլորտին մէջ հնագէտներ եւ գործիչներ անդադար ջանքեր ի գործ կը դնեն փրկելու համար փլատակները: Պատմաբաններ Անիի կարեւորութիւնը` իբրեւ մոռցուած միջնադարեան արժէքի, շատոնց շեշտած են եւ ատոր շնորհիւ Անի այժմ ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի ժառանգութիւն կայքի փորձարական ցանկին: Քիչ մը բախտով եւ զգուշ վերականգնողական աշխատանքներով, որոնք սկսած են 2011 թուականին, կարելի կ՛ըլլայ կանխել ժամանակի ձեռքերը, աւերները:
– Հակառակ իբրեւ պատերազմի դաշտի Անիի պատմութեան` աւերակները նաեւ կը ներկայացնեն պատմութեան ամբողջ ընթացքին բազմաթիւ ժամանակահատուածներ, երբ քաղաքը տեսաւ մշակոյթներու եւ կրօններու ուշագրաւ փոխազդեցութիւն:
Ծիծեռնակաբերդը` Կոչ Յիշատակի,
Անին` Մոռացութեան Յուշարձան
Անին հայկական թագաւորութեան միջնադարեան մայրաքաղաքն էր` Մետաքսի ճամբու հիւսիսային «թեւքերին»: Անին 100 հազար բնակիչ ունեցող խոշոր քաղաք էր` յայտնի իբրեւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք: Հիմա Անիի լքեալ մայր տաճարն ու եկեղեցիները կը կորսուին կիզիչ արեւէն թոշնած խոտի մէջ:
«Հայերու մասին այստեղ նոյնիսկ չեն յիշեր», կ՛ըսէ ուղեկիցս` քիւրտ Մուրատ Եազար:
Իսկապէս այդպէս է: Թուրքիոյ կառավարութեան տեղադրած վահանակներուն վրայ ոչ մէկ բառ կայ այն մասին, թէ ո՛վ կառուցած է Անին:
Ծիծեռնակաբերդի բլուրը յիշատակի կոչ է, իսկ Անին դարձած է մոռացութեան յուշարձան:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ հիմա կը հերքեն «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւնը»: Պաշտօնական տեսակէտի դէմ ըլլալը մինչեւ հիմա անվտանգ չէ: Թէեւ հալածանքները դադրած են, սակայն իշխանութիւնները «ցեղասպանութիւն» բառը ազգին հասցուած վիրաւորանք եւ սադրանք կը նկատեն: Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ, Ա.) մէջ ես հարցազրոյց ունեցած եմ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, որ վերաբացուած է իբրեւ հայ-թրքական հաշտեցման ուղղուած փոքր քայլ:
Ինծի կը մօտենայ մարդ մը: «Դուք կը ճանչնա՞ ք Ցեղասպանութիւնը», կը հարցնէ ան` նայելով աչքերուս մէջ: Ես կը զարմանամ եւ կը պատասխանեմ, որ միայն կ՛աշխատիմ:
«Ինծի համար նոյնն է: Դուք կը ճանչնա՞ ք Ցեղասպանութիւնը», քանի մը անգամ ան այդպէս կը կրկնէ հարցումը:
«Բնաւ մի՛ մոռնաք ատիկա», կ՛ըսէ ան:
Սակայն մենք, անշուշտ, ի վերջոյ կը մոռնանք:
Խոսրով Ֆրանկեան կը բնակի Երեւանէն ոչ հեռու գտնուող տուներէն մէկուն մէջ: Անոր տան մէջ ցուրտ չէ, սակայն ան փաթթուած է ծածկոցի մէջ: Գլխուն ձեռագործ գլխարկ կայ, ձեռքերուն` բուրդէ ձեռնոցներ: Ան 105 տարեկան է: Ֆրանկեան հայոց ջարդերու վերջին վկաներէն է: Այս ծերունիները, որոնց թիւը այնքան քիչ է հիմա, կը յարգեն իբրեւ ազգային հերոսներ, որովհետեւ անոնք 1915 թուականի յանցագործութիւններու կենդանի օղակներէն մէկն են: Անոնք ժխտման կենդանի պատասխանն են:
«Ես 5 տարեկան էի, երբ թուրքերը եկան: Անոնք մեզ ղրկեցին լեռը»:
Ֆրանկեան եղած է Մուսա Լերան վրայ, ուր հայերը 40 օր դիմանալէ ետք հրաշքով կը փրկուին ֆրանսական նաւով: «Այգիները: Պապս թզենիներ ունէր, ամէն ծառ 5 մեթր էր: Հիմա այդ պտուղներուն համը կ՛ուզեմ փորձել, եւ` պապիս աճեցուցած պանաններուն»:
Ֆրանկեանի դուստրը գլուխը կ՛օրօրէ: «Ներողութիւն, հայրս շփոթած է», կ՛ըսէ ան:
Բայց Ֆրանկեան չէ շփոթած: Ես եղած եմ անոր հայրենիքին` Հաթայի (Ալեքսանտրեթ, Ա.) նահանգին մէջ: Ես տեսած եմ նարինջի եւ կիտրոնի բերքէն կքած այգիները: Ես կը քալեմ առանց տանիքի լքեալ հայկական տուներուն, մեռած այգիներուն եւ մզկիթի վերածուած եկեղեցիներու մօտէն: Կը նստիմ ընկուզենիի ստուերին, որ 100 տարի առաջ մահուան երթերուն մէջ կործանածներու ժառանգն է:
«Մենք կը կռուէինք հայերու դէմ, շատերը մահացան», կը պատմէ Սալեհ Էմրէ` Թաշքալէ գիւղի սպիտակամազ գիւղապետը: Ան շշուկով կ՛աւելցնէ. «Թերեւս այդպէս կարելի չէր: Ատիկա անոնց տունն էր»: Էմրէի ընտանիքը փոքր գումարով գնած է այս տունը հայերէն: Ան կու տայ անունները այն քաղաքներուն, ուր հայեր ապրած են` Վան, Փաթնոս, Աղրի: Հիմա այնտեղ հատուկենտ հայեր են մնացած են կամ ընդհանրապէս չեն մնացած:
Ես Երեւան կու գամ 24 ապրիլին` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Քաղաքը պաստառներու մէջ կորսուած է:
«Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Բայց ի՞նչ կը պահանջեմ:
Գիւմրիի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան կ՛ըսէ. «Հայաստանի մէջ չեն ատեր թուրքերը: Մենք հասարակ թուրքերու դէմ ոչինչ ունինք: Սակայն Թուրքիա պէտք է ամէն բան ընէ, որպէսզի վէրքերը բուժուին»:
Բայց ամէնէն զարմանալի պատմութիւնը, որ ես այստեղ լսեցի, ինծի երիտասարդ հայ մը պատմեց: «Ես շատ փոքր էի, թերեւս մէկ տարեկան: Հիւանդանոցին մէջ կը մահանայի: Կ՛ըսեն` թոքերս բորբոքած էին: Բժիշկները ոչինչ կրնային ընել: Մայրական բաժանմունքին մէջ թուրք կին մը (հաւանաբար ազրպէյճանցի) տեսած էր, որ մայրս կու լայ: Ան բռնած էր ոտքերէս եւ թեքած դէպի իրեն: Կարծես թէ ան զիս կը ծննդաբերէր նորէն: Ան 7 անգամ այդպէս ըրաւ եւ աղօթք կարդաց»:
Ե՞ւ: «Առողջացայ: Այդ թուրք կինը կեանքս փրկեց»:
Այդ պատմութիւնը զինուոր Արա Քեմալեան ինծի պատմած է սահմանամերձ խրամատներուն մէջ` փոշոտ, դեղին երկինքի տակ: Հայերը մինչեւ հիմա ազրպէյճանցիները թշնամիի անունով կը կոչեն` թուրք: Քեմալեան այդպէս կ՛անուանէ մանկաբարձ ազրպէյճանուհին: «Ես միշտ տանս խոհանոցին մէջ կրակը վառ կը պահեմ», կ՛ըսէ Վահանդուխտ Վարդանեան: Անոր տունը ճիշդ սահմանին վրայ է եւ կը նայի ուղղակի Անիին: «Այդպէս ես թուրքերուն կ՛ուզեմ ցոյց տալ, որ մենք տակաւին ողջ ենք»:
Հայաստանի սահմանամերձ Բագարան գիւղի բնակիչները Թուրքիոյ հետ սահմանին դրած են հսկայական խաչ մը, որ երեկոյեան ելեկտրական լոյսով կը վառի: Խաչը կը նայի թրքական կողմ, իսկ գիւղացիները երգեր կ՛երգեն կեանքի եւ յիշատակի մասին:
Ըստ «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ի,
Հայ Նկարիչները Լաւագոյններն Են
Ըստ «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ի կայքէջին, հայազգի նկարիչներ Վազգէն Մարտիրոսեանի եւ Կարէն Չախալեանի լուսանկարները ընտրուած են իբրեւ լաւագոյնները` օրուան եւ շաբթուան:
Կարէն Չախալեանի լուսանկարը ընտրուած է իբրեւ շաբթուան լաւագոյն լուսանկարը 24 փետրուարին, իսկ Վազգէն Մարտիրոսեանի նկարը իբրեւ օրուան լաւագոյն նկարը, ըստ կայքէջի խմբագիրներուն:
Մարտիրոսեան նշած է, որ լուսանկարը վաւերագրական է եւ ցոյց կու տայ երեխաներ` սուր եւ խորաթափանց նայուածքներով:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք» եւ «Պի.Պի.Սի.»