Մեծ եղեռնէն ետք հայութեան տեղահանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան ապրի օտարութեան մէջ: Անմիջական ներգաղթի մը փորձերը յաջող աւարտ չունեցան: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը եւ անոր արագ քայքայումը ստեղծեցին տարբեր իրավիճակներ, որոնց ընթացքին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ժողովուրդին ճակատագիրը վերջնականապէս մնաց անորոշ: Բնական էր, գաղութներու կազմութիւնը եւ բարգաւաճումը նկատի ունենալով, որ դէպի երկիր Արեւմտահայաստան վերադարձը կը թուէր անկարելի, իսկ Հայաստանի վարչական մեքենան կը հալածէր սփիւռքահայը, ի մասնաւորի` անոր դաշնակցական զանգուածը:
Այդ իրավիճակը շարունակուեցաւ: Գաղութները շարունակեցին բարգաւաճիլ ու զարգանալ:
Հիւրընկալ երկիրներու ընծայած կարելիութիւնները եւ դէպի Հայաստան կամ Արեւմտահայաստան վերադարձի անկարելիութիւնը ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ, որ աշխատասէր վերապրող հայը յաջողեցաւ ընտելանալ իր միջավայրին, բարգաւաճիլ անհատապէս: Ան սկսաւ ունենալ կայուն եկամուտ, հաստատուն գործ եւ տուն-տեղ: Այս անհատական զարգացումին յաջորդեց եւ յաճախ նպաստեց գաղութի կազմակերպումը եւ բնականաբար նոյն կայունութեան եւ հաստատման իրավիճակը ունեցաւ աւելի մեծ ծաւալով: Եղան ներդրումներ: Կառուցուեցան եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ: Գաղութը շէնցաւ:
1988-էն ետք, սակայն, իրավիճակը փոխուեցաւ: Արդարեւ, Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները եւ աւելի ուշ անոր անկախացումը պատճառ եղան, որ կացութիւնը բոլորովին շրջուի:
Այսպէս, սփիւռքահայութիւնը կ՛ունենար առիթ` վերադառնալու հայրենիք եւ շէնցնելու զայն: Այդ տրամադրութիւնն ալ ստեղծուեցաւ: Արդարեւ, Դաշնակցութեան վերադարձը դէպի Հայաստան, անոր այդտեղ գործունէութիւնը եւ թիւի աճը լաւագոյն ապացոյցներն են այդ տրամադրութեան: Սակայն Դաշնակցութեան արտաքսումը Հայաստանէն եւ անոր անորոշ անցումային կացութեան մէջ ընկղմիլը պատճառ դարձան, որ այս տրամադրութիւնը սկսի փոխուիլ:
1997-ին Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձով քաղաքական բոլոր պատճառները կը չէզոքանային:
1997-էն արդէն անցած են 19 տարիներ, որոնց ընթացքին բնական է, որ եղած են որոշ թիւով հայրենադարձներ, բնական է, որ ըլլան սփիւռք-Հայաստան կապեր եւ համագործակցութիւն: Բայց մէկ բան յստակ է, որ 19 երկար տարիներու ընթացքին տակաւին ստեղծուած չէ ընդհանուր տրամադրութիւն: Տրամադրութիւն` ապրելու հայրենիքով, շէնցնելով հայրենիքը, ներդրումներ կատարելով այդտեղ` վերադառնալու հայրենիք: Խօսքը որոշ դասակարգի հայրենակիցներու մասին չէ միայն: Խօսքը այն տրամադրութեան մասին է, որ կը ստեղծուի բոլոր դասակարգերու մօտ:
Սուրիահայութեան իրավիճակը լաւագոյն ապացոյցն է, որ մենք այդ տրամադրութիւնը չունինք, իսկ տրամադրութեան գոյութեան պարագային անգամ մշակած չենք հայրենադարձութեան վերաբերեալ ծրագիրներ:
Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` Հայաստանի ընձեռնած քաղաքական կարելիութիւնը մեր ուսերուն պարտք կը դնեն մշակելու հայրենադարձութեան նպաստող պայմաններ: Ճիշդ է, Հայաստանի տնտեսական վիճակը այսօր փայլուն չէ, արտագաղթի համեմատութիւնները շատ բարձր են, քաղաքական փտածութիւնը` համատարած, բայց վերջապէս մեզի առիթ կը տրուի հայրենիքը շէնցնելու: 1918-1920 ստեղծուած տրամադրութիւնը պէտք է վերստեղծուի այսօր: Այսօր չունինք Հայաստանը շէնցնելէ զատ այլընտրանք: Այդ աշխատանքը պէտք է ըլլայ հայրենիքը դարձնելով մեզմէ անբաժանելի մաս, իսկ անոր հարցերը` մեր սովորական առօրեան: Եթէ մենք կարողացանք գաղութները շէնցնել օտարութեան մէջ, պէտք է գտնենք ձեւերը այդ աշխատանքը տեղափոխելու նաեւ Հայաստան: Իսկ այս մէկը կը կարօտի նոր աշխատելաձեւի մշակման: Արդարեւ, 20-րդ դարու վերջին տասնամեակէն ետք նոր փուլ մը սկսած է, իսկ մենք պէտք եղած կազմակերպուածութեամբ չենք դիմաւորած այդ փուլը:
Արդէն ժամանակն է, որ գիտակցինք, թէ կը գտնուինք նոր փուլի մը մէջ եւ չշարունակենք պարզապէս վերարտադրել հին մարտավարութիւնները: