ԶՈՄ-ի «Զաւարեանական էջ»-ի յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ ընկերներ Արամ Սոմունճեանի, Նարէ Աղասարգիսեանի, Խաժակ Թապաքեանի, Շանթ Տերունեանի եւ Սէրուժ Կիտանեանի հետ` ներգաղթի ու արտագաղթի եւ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման նիւթերով :
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ.- (1) Ի՞նչ են այն գործօնները, որոնք պատնէշ կը կանգնին դէպի Հայաստան ներգաղթին:
(2) Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը: Լիբանանէն արտագաղթը ինչպէ՞ս կը դիտես:
ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ.- (1) Հայաստանի վերանկախութենէն ի վեր շատ արծարծուած է ներգաղթի կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Արդեօք պէ՞տք է զանգուածային ձեւով կազմակերպել ներգաղթը: Արդեօք Հայաստանը կարելիութիւնը ունի՞ կարճ ժամանակի ընթացքին ընդունելու մեծ թիւով նոր բնակչութիւն: Կարգ մը մարդիկ ինքնակամ վերադարձած եւ հաստատուած են ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ: Սակայն ինչո՞ւ անոնց թիւը մեծ չէ:
Իւրաքանչիւր հայու երազն է հաստատուիլ հայրենիքի մէջ եւ ապրիլ մայր հողին վրայ: Բայց այսպիսի երազի մը իրականացման դիմաց կան բազմաթիւ դժուարութիւններ: Նախ, սփիւռքահայը, իբրեւ տարագիր ժողովուրդ, տեղափոխուելէ կը խուսափի, որովհետեւ իր ենթագիտակցութեան մէջ տակաւին վառ կը մնայ տեղահանութեան եւ գաղթականութեան արհաւիրքը: Ան չ՛ուզեր սփիւռքի մէջ հիմնած կեանքը ձգել, վերադառնալ Հայաստան եւ ոչինչէն նոր կեանք ստեղծել: Այսպիսի մտավախութիւն մը կարելի է յաղթահարել միայն գիտակից որոշումով: Երկրորդ, հարցը պէտք չէ միայն դիտել սփիւռքի դիտանկիւնէն: Հայաստան այսօր պատրաստ չէ ընդունելու ներգաղթող մեծ թիւով հայութիւնը: Հայաստանի բնիկ ժողովուրդը այսօր կը դիմէ արտագաղթի աւելի բարօր կեանք ապրելու համար, տրուած ըլլալով, որ տնտեսական եւ ընկերային պայմանները շատ վատ են, անգործութեան տոկոսը բարձր եւ աշխատավարձերը` անբաւարար: Երրորդ, Հայաստանի պետութեան պարտականութիւնն է նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել աշխուժացնելու եւ քաջալերելու համար ներգաղթը: Սփիւռքահայութեան հայաստանեան անցագիրներու տուչութիւնը առաջին քայլ մըն է, որ կրնայ դիւրացնել Հայաստան վերահաստատուիլը:
Վերջապէս, Հայ դատի արդար լուծման, բռնագրաւուած հողերու վերատիրացման եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի ստեղծման մէջ սփիւռքը հիմնական եւ կարեւոր դեր ունի եւ այս իսկ պատճառով պէտք է զգուշ ձեւով մօտենալ ներգաղթի գաղափարին` միշտ ի մտի ունենալով այն, թէ այսօրուան իրավիճակին մէջ հզօր Հայաստան ունենալու հիմնական գրաւականը սփիւռքի հզօրութեան մէջ է:
(2) Վերջին տարիներուն լիբանանահայութիւնը յուզող հիմնական հարցերէն մէկը Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը պահպանելն է: Այս հարցի արծարծումը բաւական ուշ սկսաւ, երբ արդէն Պուրճ Համուտը բաւական պարպուած էր իր հայ բնակիչներէն: Որեւէ շրջանի կամ քաղաքի դիմագիծը կը ձեւաւորէ այդ շրջանի կամ քաղաքի բնակչութիւնը, այս պատճառով ալ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը պահպանելու համար պէտք է անոր բնակչութիւնը ըլլայ հայ: Բայց այսօր այդ չէ պարագան: Այսօր բնակչութեան կարեւոր մէկ տոկոսը ոչհայեր են` լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ` ոչ լիբանանցիներ: Որպէս Պուրճ Համուտի մէջ չբնակող անձ` ես ինծի իրաւունք չեմ կրնար տալ ստիպելու ոեւէ անձի հոն բնակիլ, սակայն Պուրճ Համուտի դիմագիծը պահպանելու միակ ձեւը շրջանը հայերով բնակեցնելն է: Պուրճ Համուտ ցերեկները տակաւին համեմատաբար ունի հայեցի դիմագիծ, սակայն երեկոյեան, երբ շուկան փակուի, կը կորսնցնէ այս դիմագիծը: Ուրեմն, միակ լուծումը Պուրճ Համուտը հայերով վերաբնակեցնելն է` նորոգելով եւ կառուցելով բնակարանային յարկաբաժիններ: Ամսական դրութեամբ, տօնէ տօն, քանի մը ժամուան տեւողութեամբ ձեռնարկներ կազմակերպելը չի վերականգներ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը: Պէտք է նաեւ անդրադառնալ հարցի պատճառներուն: Ինչո՞ւ Պուրճ Համուտը կը կորսնցնէ հայեցի իր դիմագիծը: Այս հարցումին պատասխանը պէտք չէ փնտռել ուրիշներու մօտ: Հիմնական պատճառը մենք` լիբանանահայերս ենք: Մենք ենք, որ մեր խանութներն ու տուները ոչ հայերու կը ծախենք կամ վարձու կու տանք: Մենք ենք, որ Պուրճ Համուտը ձգելով` ուրիշ աւելի «հանգստաւէտ» շրջաններ կ՛երթանք բնակելու: Առ այդ, հարցի լուծումը բաւական բարդ է, եւ շատ ուշ սկսած ենք մտածել անոր մասին:
ՆԱՐԷ ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- (1) Ինչպէս գիտենք, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին լիբանանահայութիւնը մեծ թափով սկսած է դիմել արտագաղթի: Նոյն քայլին կը դիմեն նաեւ սուրիահայեր, որոնք գալով Լիբանան եւ չդիմանալով այստեղի վատ պայմաններուն` ստիպուած կ՛արտագաղթեն այնպիսի երկիրներ, ուր կրնան աւելի հանգստօրէն ապրիլ եւ որոշ ապագայ մը կառուցել:
Բազմաթիւ են պատճառները, որոնք կը մղեն լիբանանահայութիւնը արտագաղթի: Նախ` երկրի անկայուն վիճակը. պայթումներ, վտանգ, քաղաքական անվերջանալի հարցերու ու պատերազմի մնայուն վախ: Անձ մը ինչպէ՛ս կրնայ մտածել լաւ ապագայի մը մասին, երբ միշտ վախի կամ վտանգի մէջ է: Կեանքի, ուսման, բժշկուելու, ապրուստի սղութիւն: Իսկ այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ անգործութիւնը: Երկրին մէջ այնքա՛ն բնակիչ լեցուած է (իր կարողականութենէն աւելի), որ այլեւս շատ դժուար կը դառնայ, մանաւանդ սուրիահայերուն, գործի մը ձեռնարկելը կամ նոյնիսկ աշխատանոցի մը մէջ գործի ընդունուիլը ընտանիք մը ապրեցնելու համար: Չմոռնանք նաեւ խտրութեան հարցը. ոմանք, կարող անձեր ըլլալով հանդերձ, կը մերժուին, իսկ ուրիշներ, որոնք նոյնքան կարող չեն, կ՛ընդունուին, որովհետեւ լաւ բարեկամ մը կամ լաւ կապեր ունին ընկերութեան մը մէջ: Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տնտեսական վիճակը ամէնէն հիմնական տուեալներէն մէկն է ընտանիքի կամ անձի մը ապրուստին համար, պարզ է, որ մարդիկ արտագաղթի ձեռնարկեն այս վատ պայմաններուն մէջ, փնտռելով վայր մը, ուր կրնան օգտուիլ տարբեր տեսակի դիւրութիւններէ եւ որոշ չափով տեսնել ապագայ մը` իրենք իրենց ու իրենց ընտանիքին համար:
Ընդհանրապէս, արտագաղթողները կը նախընտրեն երթալ դէպի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա կամ ուրիշ երկիրներ, ուր իրենց դիւրութիւններ կրնան տրուիլ: Նաեւ` վայրեր, ուր կրնան գործի ձեռնարկել եւ տեղ մը հասնիլ, յառաջընթացի մէջ մնալ: Երկիրներ, ուր իրենց զաւակները կրնան լաւ ուսում ստանալ եւ աշխատանքի առիթ ունենալ: Ընդհանրապէս, Հայաստան վերադարձի տարբերակը նկատի չեն առներ: Թէեւ վստահաբար ոմանք շատ կը փափաքին հոն հաստատուիլ, սակայն նախապաշարուած Հայաստանի ցած ամսականներու հարցով` կը խուսափին դարձեալ տնտեսական հարցերու մէջ մտնելէ եւ կը դիմեն օտար երկիրներ: Կը կարծեմ, որ հիմնական պատճառը այս է: Կը հաւատամ, որ անոնց մէջ կան շատեր (թէեւ` ոչ մեծամասնութիւն), որոնք որոշ ուսում ստանալէ եւ լաւ գործի փորձառութիւն շահելէ ետք պիտի վերադառնան Հայաստան եւ ունենալով զօրաւոր հիմք մը` պիտի կարենան նոր գործերու ձեռնարկելով հաստատուիլ այնտեղ եւ Հայաստանը աւելիով զարգացնել:
(2) Պուրճ Համուտը այն վայրն է, ուր յետցեղասպանութեան հայերը կրցած են առնել իրենց առաջին քայլերը Լիբանանի մէջ: Այն վայրն է, ուր հայերը յառաջ գացած են, արհեստ սորված, դպրոցներ ու եկեղեցիներ կառուցած, կեդրոններ հիմնած, եւ ձեւով մը` իրենց փոքր «Երկիր»-ը ստեղծած: Եւ այս բոլորը` կանգուն մնալու համար… բոլոր դժուարութիւններուն հանդերձ, իրենց հայ ինքնութիւնը, հայկական մշակոյթը, «Երկիր»-ի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը չկորսնցնելու համար:
Այսօր, տարիներէ ի վեր հայեցի դիմագիծ ունեցող այս քաղաքը սկսած է փոխել իր գոյնը: Ամէնէն հիմնական պատճառներէն մէկը մահմետականներու, քիւրտերու կամ ընդհանրապէս օտարներու թիւի աճն է Պուրճ Համուտի մէջ: Այնքան բարձր է անոնց թիւը, որ այլեւս կարգ մը շրջաններու մէջ անոնք դարձած են մեծամասնութիւն: Պուրճ Համուտը այնպիսի շրջան մըն է, ուր իւրաքանչիւր հայ պէտք է հանգիստ զգայ, սակայն այդ հանգստութեան զգացումը հետզհետէ կը մարի, կը ստեղծուի անապահով վիճակ, օրէ օր կ՛աճի օտար դէմքերու թիւը: Այս տուեալը կարեւորագոյն պատճառն է, որ կը մղէ հայ ընտանիքները դուրս գալու Պուրճ Համուտէն եւ ապրելու համար համեմատաբար աւելի հանգիստ վայրեր փնտռելու: Լուծո՞ւմ… Միշտ լսած եմ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք մահմետականութեան թիւը բաւականին նուազած էր Պուրճ Համուտի մէջ եւ յանձնախումբեր գործի անցած էին շրջանի հայեցի դիմագիծը պահպանելու համար: Շէնքեր կը գնէին, կը վերանորոգէին եւ կը ծախէին միայն հայ ընտանիքներու: Իսկ այսօր ի՞նչ… Կը լսենք: «Այբ» անձը իր բնակարանը վարձու տուաւ բազմանդամ քիւրտ ընտանիքի մը, «Բեն» անձը իր խանութը ծախեց մահմետական վաճառականի մը… Սխալ չհասկնանք, ըսածս այն չէ, որ Պուրճ Համուտը միայն ու միայն հայերուն կը պատկանի եւ օտարներու մուտքը բացարձակապէս արգիլուած պէտք է ըլլայ: Անշուշտ, յառաջ երթալու համար օտար երկրի մը մէջ, հարկաւոր է միշտ կապի մէջ մնալ երկրի մնացեալ քաղաքացիներուն հետ, հաղորդակցիլ ու գործակցիլ անոնց հետ: Բայց, հասած ենք ա՛յն վիճակին, ուր ամէն մէկ անձ ինքն իր շահերուն համար պատրաստ է «ծախելու» Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը: Արդեօք կարելի՞ է արգիլել օտարին ծախելու կամ վարձու տալու այս իրողութիւնը: Արդեօք միայն արգիլելով կրնա՞յ այս հարցը հետզհետէ փարատիլ: Կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր «արգիլուած» բառը դժուար թէ իր գործին ծառայէ: Հարկաւոր է վերակազմել այդ յանձնախումբերը եւ վերսկսիլ լուրջ աշխատանքի, որպէսզի առնուազն փրկուի տարիներէ ի վեր աճած Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը: Դժուար պիտի ըլլայ այս աշխատանքը, որովհետեւ արդէն իսկ բոլոր սխալները կուտակուած են:
Միայն օտարներու թիւի աճը չէ, որ պատճառ կը դառնայ հայեցի դիմագիծի կորուստին: Պարզ է, որ անձ մը ուզէ ապրիլ ամենահանգիստ պայմաններու մէջ: Տրուած ըլլալով, որ Պուրճ Համուտի մէջ կան տարբեր տեսակի դժուարութիւններ (ինքնաշարժ շարելու հարց, նեղ թաղեր, ոչ կազմակերպուած թաղերու եւ շէնքերու բաժանում, տեւական խճողում), հայ ընտանիքներ կը նախընտրեն փոխադրուիլ շրջաններ, ուր աւելի հանգիստ կարելի է ապրիլ: Ամբողջ քաղաք մը քանդելն ու վերակառուցելը անկարելի է անշուշտ: Սակայն կարելի է աւելի օրինաւոր կերպով հսկել թաղերուն եւ ինքնաշարժերու եռուզեռը կազմակերպել, կարելի է մատչելի պայմաններով բնակարաններ հայթայթել նորակազմ ընտանիքներու համար, քաջալերելով, որ անոնք հաստատուին Պուրճ Համուտի մէջ եւ լքելով` չստիպուին փնտռել ուրիշ լուծումներ:
ԽԱԺԱԿ ԹԱՊԱՔԵԱՆ.- (2) Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնք կը մղեն լիբանանահայերը գաղթելու դէպի օտար երկիրներ: Առաջին հերթին, երկրին քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը չեն քաջալերեր քաղաքացին, որ մնայ Լիբանան, տրուած ըլլալով, որ ոչ մէկ բարելաւման յոյս կայ: Հետեւաբար վտանգաւոր է նաեւ ներդրում կատարել այնպիսի երկրի մը մէջ, որուն մօտիկ ապագան փայլուն տնտեսական վիճակ մը չի խոստանար: Երկրորդ, ոեւէ մէկը գաղթի չի դիմեր, երբ ունի լաւ գործ մը եւ, հետեւաբար, լաւ եկամուտ մը: Սակայն Սուրիոյ պատերազմէն Լիբանան ապաստանած հոծ բազմութիւնը թոյլ չի տար, որ լիբանանցին դիւրութեամբ գործ գտնէ, երբ սուրիացին յօժար է աշխատիլ շատ աւելի ցած աշխատավարձով եւ առանց ընկերային ապահովութեան, ինչ որ առաւելութիւն մըն է գործատիրոջ:
(1) Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստան չգաղթելու որոշումին, լիբանանահայերը կը նախընտրեն արեւմտեան աւելի զարգացած երկիրներ, ուր գործի առիթները աւելի են, եւ վճարումը աւելի բարձր` բաղդատած Հայաստանի: Տեղին է նշել, որ ապահովական կացութեան պատճառով գաղութը կրնայ Հայաստան չգաղթել` տրուած ըլլալով, որ Հայաստանն ալ բացառիկ ապահովական վիճակի մէջ չէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ըլլալուն պատճառով: Յատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ ռուսերէն գիտնալու կարիքը այդտեղ գործի մը ընդունուելու համար, ինչ որ առիթ չ’ընծայեր լիբանանահայերուն գործ գտնելու Հայաստանի մէջ:
ՇԱՆԹ ՏԵՐՈՒՆԵԱՆ.- (2) Լիբանանահայերը գաղթի կը մղեն բազմաթիւ գործօններ: Կարգ մը լիբանանահայեր պարզապէս Լիբանանը չեն կրնար նկատել իբրեւ իրենց տունը, միշտ իրենք իրենց օտար կը զգան Լիբանանի մէջ… Այլ լիբանանահայեր եւ մանաւանդ երիտասարդներ երկրէն դուրս կ՛ելլեն գործ փնտռելու նպատակով, որովհետեւ շատ մը գործերու համար դուրսը աւելի լաւ ամսականներ կարելի է ճարել: Կան ուրիշ լիբանանահայեր ալ, որոնք պարզապէս Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն վիճակէն եւ անապահովութենէն կը փախչին` յուսալով, որ աւելի լաւ եւ աւելի հանգիստ կեանք մը կը գտնեն դուրսը:
(1) Հայաստան ներգաղթի մասին կարելի է ըսել, որ հոն չեն երթար, որովհետեւ իրենց երազած տնտեսական բարգաւաճ վիճակը չեն գտներ Հայաստանի մէջ, տրուած ըլլալով, որ շատ գործերու առիթներ չկան Հայաստան, անշուշտ կարելի է ուրիշ բաներու մասին ալ խօսիլ, ինչպէս` Հայաստանի եւ Լիբանանի հայերուն մտայնութեան տարբերութիւնը… Կարգ մը լիբանանահայեր երկար տարիներ Հայաստանի մասին երազելէ ետք, յուսախաբ կ՛ըլլան, երբ Հայաստանը կը տեսնեն, որովհետեւ մեծ տարբերութիւն կը զգան Հայաստանի եւ Լիբանանի հայերուն միջեւ, որ պարզապէս բարբառի տարբերութիւն մը չէ, այլ` ընդհանուր ապրելաձեւի եւ մտայնութեան:
ՍԷՐՈՒԺ ԿԻՏԱՆԵԱՆ.- (1) Լիբանանէն գաղթելու հարցը բաւական խրթին է, անշուշտ տնտեսական գործօնները ունին իրենց դերը մանաւանդ անգործութիւնը, ասկէ անդին` երկրին վիճակը, որուն ամենապարզ օրինակը` աղբի տագնապը, երկրին աղտոտութիւնը եւ այլն… Իսկ դէպի Հայաստան չներգաղթելու երեք պատճառ կրնամ ներկայացնել. առաջինը, որ որոշ ընտանեկան դաստիարակութեան մը պատճառով մասամբ համոզուած չեն ներգաղթի գաղափարին, երկրորդը` Հայաստանի տնտեսական վիճակը, որ գրաւիչն է, իսկ երրորդը` գործ գտնելու առիթներու սակաւութիւնը Հայաստանի մէջ: