Ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրի մայրերը իւրայատուկ կերպով նշեցին Ս. Զատկուան տօնակատարութիւնը:
162 մայրեր, ընկերակցութեամբ խումբի պատասխանատուներուն, առաջին հերթին այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարանը, որպէսզի մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը նշեն մեր ազգի տարեց մայրերուն եւ հայրերուն հետ միասին եւ միեւնոյն ժամանակ ստանան անոնց օրհնութիւնն ու աղօթքները:
Մայրերը ճոխ մթնոլորտի մէջ ուրախացուցին պատսպարեալները` անոնց ներկայացնելով արտասանութիւններու եւ երգերու կոկիկ յայտագիր մը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական հաւկթախաղը:
Խումբի մայրերը, որպէս հիւրասիրութիւն տարած էին «Գարակէօզեան» կեդրոնի մէջ իրենց իսկ ձեռքերով պատրաստած պահքի յատուկ ուտելիքներ:
Շնորհակալական անկեղծ զգացումներու արտայայտութիւնները ակներեւ էին բուժարանի մէջ պատսպարուած մեր հարազատներուն դէմքերուն վրայ, որոնք զգացին, թէ իրենք երբեք լքուած չեն, այլ կան գուրգուրոտ սրտեր, որոնք միշտ կ՛անսան Քրիստոսի պատուէրին` կարեկցելու, օգնելու, լսելու եւ ուրախութիւն բաշխելու իրենց նմաններուն:
Ազունիէի այցելութենէն ետք մայրերը այցելեցին «Քսարա» գինիի գործարանը եւ աւարտին Այնճարի «Ժազիրէ» եւ «Քազինօ այն Այնճար» ճաշարաններուն մէջ ունեցան իրենց հաւաքական ճաշը:
Պտոյտի աւարտին մայրերը ստացան խորհրդանշական նուէրներ` տրամադրուած «Գարակէօզեան» հաստատութեան կողմէ:
Իսկ շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին Ընկերային բարգաւաճման ծրագրի մայրերու զաւակները` 140 աշակերտներ, «ԺՊԻՏ» բարեսիրական կազմակերպութեան տիկիններուն հովանաւորութեամբ, Տըպպայէի «Լը Մոլ» կեդրոնի «Սինեմոլ» սրահին մէջ դիտեցին «Քունկ ֆու փանտա» շարժապատկերը:
Շարժապատկերի աւարտին աշակերտները համախմբուեցան «Գարակէօզեան»-ի կեդրոնական սրահին մէջ եւ այնտեղ ունեցան իրենց կէսօրուան ճաշն ու աւանդական հաւկթախաղը:
Աւարտին աշակերտները ստացան խորհրդանշական նուէրներ` տրամադրուած «Գարակէօզեան» հաստատութեան կողմէ: