Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տեղեկատու

$
0
0

– Զաւարեան ուսանողական միութիւնը նախորդ քանի մը ամիսներուն ունեցաւ շարք մը զրոյցներ.

– Թիւֆենքեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Անդրանիկ Գասպարեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր` Միացեալ Նահանգներու մէջ 100-ամեակի աշխատանքները:

– Գրագէտ Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր` պոլսահայութիւնը:

– Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ` Ալիոշա Գաբրիէլեանի հետ:

– Չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը «Կրթութիւն Հայաստան» «Թիչ ֆոր Արմինիա»  կազմակերպութեան հաւաքագրման եւ ընտրութեան տնօրէն Թենի Աւագեանի հետ:

– Հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին աւելի քան 350 աշակերտներ մասնակցեցան ԶՈՄ-ի ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելումին եւ տեղեկութիւններ ու ցուցմունքներ ստացան համալսարաններու, մասնագիտութիւններու, կրթանպաստներու եւ ուսման վերաբերող այլ նիւթերու մասին:

– Ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը:

– Ուրբաթ, 15 յունուար 2016-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանագիտական եւ հայագիտական պատմագրութիւններու մերձեցումը. օրինակ մը` պոլսահայոց պատմութենէն» նիւթով զրոյցը, զեկուցաբերն էր Տանիէլ Օհանեան:

– Ուրբաթ, 22 յունուար 2016-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը` «ՀՅԴ գաղափարական ուղղութիւնները եւ անոնց մարտահրաւէրները այսօր» նիւթով: Զեկուցաբերներն էին Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Յովհաննէս Թասլաքեան:

– Ուրբաթ, 5 փետրուար 2016-ին տեղի ունեցաւ ԶՈՄTalks-ի լսարանը` թատերագիր Հրայր Գալեմքերեանի հետ, «The Consciousness is the Screen: The Inward Cinema» նիւթով, որմէ ետք ներկաները զրուցեցին նիւթին մասին:

– Երեքշաբթի, 23 փետրուար 2016-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԶՈՄTalks-ի լսարանը` օրուան բանախօսն էր Տէյւիտ Պարսամեան` «The Twighlight of Capitalism» նիւթով, որմէ ետք  բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, ապա մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ:

– Շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւարեան ուսանողական գրասենեակի կազմակերպած «Stand out Get Employed!» ձեռնարկը, որուն ընթացքին մասնակցողները ստացան օգտաշատ գիտելիքներ CV եւ cover letter գրելու շուրջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>