Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ուրախալի Է, Որ Սփիւռքահայ Մեր Կառոյցներուն Մէջ Կայ Համազգայինի Նման Միութիւն Մը, Որ Լուրջ Արուեստ, Լուրջ Մշակոյթ Հետապնդող Է» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

IMG_0888Այս ամսուան սկիզբը լիբանանահայութիւնը ուրախութիւնը ունեցաւ ըմբոշխնելու հայ աշուղական հարազատ երգն ու երաժշտութիւնը, որոնց լաւագոյն առաքեալները` «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթի անդամները Լիբանան այցելեցին, ներկայացուցին այն, որուն իսկական ծարաւը ունէր լիբանանահայը, որ ապրեցաւ հարազատութեամբ եւ վայելեց զայն: Բայց եւ այնպէս այս համոյթին ու յատկապէս անոր հիմնադիր փրոֆեսէօր Թովմաս Պօղոսեանի առաքելութիւնը աշուղական երգերը պահպանելու եւ զանոնք մեկնաբանելու մէջ չի կայանար, այլ կ՛երթայ շատ աւելի հեռուները`պեղելու աշուղական երգն ու երաժշտութիւնը, ուսումնասիրելու զայն, պահպանման մեծ աշխատանք տանելու, ինչպէս նաեւ ճիգ ի գործ դնելու` այս բոլորը իբրեւ հարազատ ու արժէքաւոր աւանդ յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու:

«Ազդակ»-ի հետ փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանի ունեցած զրոյցը կը տարբերէր սովորական զրոյցներէ, որովհետեւ անիկա լի էր գաղափարներով, ոգիով ու եռանդով անձի մը, որ կ՛ապրի հայկական հարազատ մշակոյթով, կը տագնապի անոր պահպանման ի խնդիր եւ հետամուտ է ամէնուրեք զայն հասանելի դարձնելու: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարբեր նիւթերու, որոնց առանցքը հայ աշուղական արուեստն էր, շեշտը դրուեցաւ արհեստավարժ ու հարազատ հայ երգն ու երաժշտութիւնը պահպանելու կարեւորութեան վրայ` իբրեւ սերունդներու հայապահպանութեան կարեւոր կռուան:

Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

Sa-(171)_32416

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ խօսինք «Սայաթ Նովա» համոյթի ստեղծման նպատակներուն մասին, ի՞նչ առաքելութեան կոչուած է ձեր համոյթը, եւ այդ ճամբուն վրայ մինչեւ օրս ի՞նչ իրագործումներ կատարած էք:

ՓՐՈՖ. ԹՈՎՄԱՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը ստեղծուած է 1927 թուականին, մեծատաղանդ երգիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Շարա Տալեանի կողմէ: Առաջին կազմը շատ փոքրաթիւ եղած է, ընդամէնը` 5 հոգի, տարիներու ընթացքին աւելնալով` դարձած են տասը հոգի, իսկ 1942 թուականին Շարա Տալեանը անցած է օփերայի թատրոնի ասպարէզ եւ խումբը յանձնած է իր աշակերտին, սանին, հետագային եւս ժողովրդական արուեստագէտ, մեծ երգիչ, աշուղական արուեստի մեծ մեկնաբան Վաղարշակ Սահակեանին, որ խումբը ղեկավարած է 30 տարի, մինչեւ 1972 թուականը: 1971 թուականին ես բախտ ունեցայ ընդունուելու այդ անսամպլը, սակայն տարի մը ետք դադրեցաւ խումբը գործելէ: Անցան 20 տարիներ, որոնց ընթացքին ես ստացայ ճեմարանական կրթութիւն, յետոյ բանասիրական, ապա` Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: Բաւական ուսումնասիրական աշխատանք կատարելով աշուղական արուեստին վերաբերող` ինքզինքս պատրաստ զգացի վերականգնելու «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի համոյթը, որուն վերականգնումը իմ երազանքս էր:

Այսպէս, 1992 թուականին կարողացանք մեր շուրջ համախմբել տաղանդաւոր արուեստագէտներ, աշուղական արուեստը սիրող, կրող երաժիշտներ ու երգիչներ եւ 28 փետրուար 1992 թուականին վերականգնեցինք  «Սայաթ Նովա» համոյթը:

Հայ ժողովուրդի երաժշտական մշակոյթի ամէնէն հզօր բնագաւառներէն մէկը աշուղական արուեստն է. այս իրողութենէն մեկնելով` փափաքեցանք վերականգնել այս համոյթը` առանձնայատուկ խումբ մը, որ բացառապէս կը զբաղի հայ աշուղական արուեստի քարոզչութեամբ, մեկնաբանութեամբ, զայն տարածելով, ներկայացնելով մեր ժողովուրդին:

Sa-(299)_32416

Այս 24 տարիներուն համոյթը իր կատարողական թղթապանակին մէջ հաւաքեց 500 երգ, որոնց վրայ պարբերաբար աշխատանք տարուեցաւ, մինչեւ որ կատարելագործուեցան, սրբագրուեցան եւ դարձան համոյթի կատարողական ցանկի նիւթերը: Բացի համերգային գործունէութենէն, համոյթը դարձաւ հիմք` ստեղծելու «Սայաթ Նովա» մշակութային միութիւնը 1995 թուականին` նպատակ ունենալով մէկտեղել մեր աշուղական արուեստը, ուսումնասիրել զայն, անոր քարոզչութիւնը կատարել եւ փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն: Այդ նպատակի իրագործման ուղիին վրայ մենք հասկցանք, որ պէտք է նաեւ հիմնել դպրոց, հաստատութիւն, ուր նոր սերունդներուն պիտի ուսուցանուի այս արուեստը: Երկու տարի ետք` 1997 թուականին  հաստատուեցաւ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը, ուր 19 տարիներուն ընթացքին երաժշտական կրթութիւն ստացած են 2 հազար տղաք ու աղջիկներ, որոնք Ջիւանիի դպրոցին մէջ ուսանելէ ետք իրենց կրթութիւնը կը շարունակեն Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական երաժշտական հաստատութիւններուն մէջ: Միեւնոյն ժամանակ ստեղծեցինք նաեւ Հայ աշուղներուն միութիւնը, եւ երեք տարի ետք «Սայաթ Նովա» մշակութային միութիւնը հիմնադրեց նաեւ աշուղագիտական կեդրոն, ուր կը հաւաքուի հայ աշուղական արուեստի հնարաւոր առաւելագոյն ժառանգութիւնը եւ տեղեկատուութիւնը: Այն, ինչ որ մեր ձեռքին տակ չունինք, կը հաւաքենք եղած տարբեր գրադարաններու, արխիւներու մէջ եղած նիւթերուն աղբիւրները, կ՛ուսումնասիրենք անցեալի մեծ աշուղները, կը փնտռենք անոնց մոռցուած գործերը, զանոնք կատարելով` կը ներկայացնենք մեր ժողովուրդին:

Յաճախ կը յայտնաբերենք մոռցուած աշուղներու անուններ, եւ բարեբախտաբար, նաեւ` անոնց ստեղծագործութիւնները, որոնց վրայ կրկին աշխատանք կը տանինք, կը մեկնաբանենք ու կը հրամցնենք ժողովուրդին: Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը ունի սկզբունքները, որոնք խստօրէն կը պահպանուին, որովհետեւ ասիկա դպրոց մըն է, որ կոչուած է մեր արուեստը ներկայացնելու բացառապէս հայերէնով, հայեցի կերպով, որուն առանցքը մեր ազգային հնչերանգը պէտք է ըլլայ` հայ երգը զերծ պահելով օտար որեւէ ազդեցութենէ, իբրեւ հիմք ունենալով Կոմիտասի սկզբունքները եւ հայ ժողովուրդի մշակութային մեծագոյն հարստութիւնը` մեր մայրենի լեզուն:

«ԱԶԴԱԿ».- Համոյթը այսօր քանի՞ հոգի կը հաշուէ:

Թ. Պ.- Համոյթի անդամներուն թիւը 25 է, անիկա ընդգրկուած է Հայաստանի Հանրային ռատիոյի կազմին մէջ: Կան 11 նուագողները, իսկ մնացեալները երգիչ-երգչուհիներ են:

«ԱԶԴԱԿ».- Օգտաշատ եւ ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը ձեռնարկած էք երգարաններու պատրաստութեան, քանի մը հատը լոյս տեսած են արդէն, իսկ միւսները նախապատրաստական հանգրուանի մէջ են: Խնդրեմ` խօսինք այս կարեւոր աշխատանքին մասին:

Թ. Պ.- Աշուղագիտական կեդրոնը արդէն հրատարակած է բազմաթիւ ժողովածուներ` ժամանակակից աշուղներու ստեղծագործութիւններէն կազմուած, բայց վերջին շրջանին մենք հիմնադրեցինք մատենաշար մը` «Գանձարան հայ աշուղական երգերու», որ 20 կամ աւելի հատորներու մէջ պիտի ամփոփէ հայ աշուղական արուեստի ցանկալի բոլոր գանձերը: Արդէն իսկ հրատարակած ենք երեք հատոր, առաջինը` «Սայաթ Նովա խաղեր», Սայաթ Նովայի լեզուով կոչած ենք գիրքը, երկրորդ` «Սայաթ Նովան աշուղների խաղերին մէջ», որ աննախադէպ ժողովածու մըն է, ուր ամփոփուած են հարիւր տարուան ընթացքին` 1913-էն մինչեւ 2013 Սայաթ Նովային ձօնուած 60 երգեր, 50 աշուղներու կողմէ ստեղծուած: Երրորդ հատորը 19-րդ դարու նշանաւոր աշուղ Սազայիի երգերու ժողովածուն է, իսկ չորրորդը, որ տպարան պիտի յանձնուի արդէն, Աշուղ Ջիւանիինն է:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Պէյրութ կատարած ձեր այցելութեան եւ ձեր ունեցած շատ արժէքաւոր ու երկար ատենէ սպասուած ելոյթներուն մասին, որոնց ծարաւը ունէր լիբանանահայութիւնը: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

Sa-(558)_32416

Թ. Պ.- Մենք շատ լաւ տպաւորութիւն կազմեցինք. Պէյրութի մեր հայրենակիցները ջերմութեամբ ընդունեցին «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի համոյթը, նոյնիսկ եղան տարակարծութիւններ այն մասին, որ ազգային-հայրենասիրական երգերը քիչ մը աւելի էի, բայց ըսեմ, թէ այդ երգերը եւս հայ աշուղներուն հեղինակած գործերն են, մեր համոյթը իր ժանրէն դուրս չի գար, այսինքն մենք հեղինակային երգեր չենք կատարեր: Բայց նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ մեզ հրաւիրած էր Համազգայինը, մեր ենթադրութեամբ, շատ փափաքելի պիտի ըլլար ունկնդրել ազգային-հայրենասիրական երգերը: Խորքին մէջ հայ աշուղական երգարուեստի ներկապնակը այնքան հարուստ է, որ մենք եթէ փորձենք քանի մը համերգով ներկայացնել բազմազանութիւնը միայն, մեր ժամանակը կրկին չի բաւեր: Բայց հասկցանք, որ լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս կ՛ակնկալէ լսել «Սայաթ Նովա» համոյթի աշուղական սիրոյ երգերը, այդ պատճառով ալ միւս համերգներու մեր ծրագիրը կազմեցինք առաւելապէս սիրոյ երգերով:

Ժամանակները այս փոփոխութեան մէջ բազում արժէքներ, լուրջ արժէքներ նահանջեցին եւ տեղի տուին աւելի անորակութիւններու, սակայն, ի պատիւ Համազգային մշակութային միութեան, ես կ՛ուզեմ յատուկ կերպով շեշտել, որ հայրենիքէն հեռու Համազգայինը մօտ 90 տարի, որ արդէն իսկ շուտով մէկ դար պիտի ըլլայ, կրցած է իր հաստատուն կեցուածքը պահել ազգային արուեստի բարձր արժէքներուն նկատմամբ եւ բացառապէս խրախուսելով մայր հայրենիքէն եկող լուրջ արուեստի ներկայացուցիչները: Այս հանգամանքը շատ կարեւոր է եւ մեզի համար ձեւով մը յենարան է սփիւռքի մէջ այն առումով, որ մեր գաղութներուն մէջ միայն տեղ չեն ունենար այն մարդիկը, որոնք կ՛երթան սփիւռքի մէջ անարժէքութիւններ տարածելու, այլ սփիւռքահայ մեր կառոյցներուն մէջ կայ Համազգայինի նման միութիւն մը, որ լուրջ արուեստ, լուրջ մշակոյթ հետապնդող է:

«ԱԶԴԱԿ».- Փաստօրէն Համազգայինի երիտասարդական հաւաքի (ֆորում) մասնակիցներն ալ ամէն տարի Հայաստանի մէջ գործադրած իրենց ծրագիրով կ՛այցելեն ձեր կեդրոնը, ժամեր կ՛անցընեն ձեզի հետ` ծանօթանալով հայկական աշուղական արուեստին: Նման նախաձեռնութիւններ ինչո՞ւ կարեւոր են, Հայաստան այցելող երիտասարդութիւնը հայկական հարազատ մշակոյթին ծանօթացնելը որքանո՞վ հիմնական կը նկատէք հայապահպանման իմաստով: 

Թ. Պ.- Ողջունելի է Համազգայինի երիտասարդներուն այդ նախաձեռնութիւնը, մենք եւս ուրախ կ՛ըլլանք իրենց այդ այցելութեամբ: Նման նախաձեռնութիւններ կարեւոր են ճիշդ այնքան, որքան կարեւոր է, որ հայրենիք եկած երիտասարդը իր աչքերով տեսնէ այն նուիրական արժէքները, որոնք զինք պիտի տանին հարազատ ժողովուրդին պատմութեան խորքերը, մեր դարաւոր հազարամեակներու վանքերն ու ամրոցները, բերդերը, տաճարները, մօտէն տեսնելու այն  նուիրական արժէքները, որոնք մեր ժողովուրդի գոյութեան խարիսխներն են` Արարատ լեռը, Սուրբ Էջմիածինը եւ այլն: Ճիշդ այդպէս ալ մայր հայրենիքի մէջ անոնք լաւագոյնս կ՛առնչուին մեր մայրենիին, կրնան ներկայ ըլլալ լուրջ արուեստներու տաճարներուն մէջ (օփերա, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահ, Սենեկային երաժշտութեան տուն, Սնդուկեանի մայր թատրոն) ներկայացուող բարձրակարգ արուեստներու, արհեստավարժ երաժշտական խումբերու ելոյթներուն: Այս բոլորը միասնաբար պիտի նպաստեն անոնց` ազգային դիմագիծը պահպանելու, աւելցնելու սէրը, բազմապատկելու հետաքրքրութիւնը ազգային մշակոյթին ու պատմութեան հանդէպ:

«ԱԶԴԱԿ».- Այսօր տարածուած նորոյթի նման բան մըն է երգերու, յատկապէս երաժշտութեան վերամշակումը, որպէսզի աւելի ընդունելի ըլլայ ժամանակակից արուեստասէրներուն կողմէ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին` իբրեւ հարազատին կառչած անձնաւորութիւն:

Sa-(659)_32416

Թ. Պ.- Ես իմ սկզբունքներովս ու կեցուածքներովս աւանդապահ մարդ եմ, բայց եւ այնպէս` յառաջադէմ: Մենք իրաւունք չունինք նոյն տեղը կանգնած տոփել, մենք մեր ուսերուն ունինք մշակութային հսկայ բեռ, սակայն պէտք է կարենանք այդ բեռը նորովի, նաեւ այսօրուան ճաշակի պահանջներէն մեկնելով ներկայացնել: Լաւագոյն օրինակը Օֆելիա Համբարձումեանին դուստրն է` Տաթեւիկ Յովհաննիսեանը, որ ճազի միջոցով մեր ազգային երաժշտութիւնը կը ներկայացնէ միլիոնաւոր օտարներու, որոնց համար ախորժելի է ճազային մեկնաբանութիւնը, եւ այս տաղանդաւոր հայուհին կրցաւ մեր ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը ճազի ճամբով հասցնել միլիոնաւոր այլազգի ունկնդիրներու: Ասիկա ո՛չ միայն գովելի է, այլ իսկական հպարտութիւն է: Կողմ եմ, կը խրախուսեմ ու կը քաջալերեմ բոլոր անոնք, որոնք կրնան այդ աշխատանքը ընել, Սայաթ Նովային ու մեր բոլոր մեծերուն երգը, մեղեդին բարձր ճաշակով, արհեստավարժ մօտեցումներով ներկայացնել այլ ժանրերու մէջ:

Բայց եւ այնպէս սիրողական աշխատանքը ինծի համար ընդունելի չէ, ով ինչպէս կ՛ուզէ, կը փափաքի, այդպէս երգն ու երաժշտութիւնը ներկայացնելը շատ վնասակար է, որովհետեւ սիրողական մակարդակի անձերու այդ մօտեցումները չեն կրնար դրական ազդեցութիւն ունենալ արհեստավարժ ազգային երաժշտութեան արժէքներու պահպանման ազնիւ գործին վրայ: Ընդհակառակը, անոնք կրնան խանգարել: Այդ պատճառով ալ կարեւոր է, որ այդ աշխատանքը տանին արհեստավարժ, համապատասխան լուրջ կրթութիւն, բարձր ճաշակ ունեցող, ստեղծագործող արուեստագէտները:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կարելի է սիրողական մակարդակի վրայ եղած այս հոսքը կասեցնել, որպէսզի անիկա վնասակար չդառնայ, եւ հարազատին վրայ դնել շեշտը: 

Թ. Պ.- Ասոր միակ հակակշիռը սիրողականին կողքին ըստ արժանւոյն բարձր արուեստով արժէքը ներկայացնելն է, որպէսզի անձ մը ընտրութեան կարելիութիւն ունենայ: Եթէ ունենաս երկու գաւաթներ, որոնցմէ մէկուն մէջ մեղր լեցուած է, իսկ միւսին մէջ` պղտոր, անդուր հոտով ջուր, մարդ անպայման մեղրովը կը վերցնէ: Ուստի պէտք է քաջալերել արհեստավարժ արուեստները` այդպիսով կասեցնելով անարժէքութիւններու երթը: Այլապէս ուրիշ արգելքներու միջոցները մեր ժամանակներուն սխալ է, չի գործեր:

«ԱԶԴԱԿ».- Աւարտին` ձեր խօսքը սփիւռքահայութեան, յատկապէս` լիբանանահայութեան, որ օտար հողի վրայ կը փորձէ իր մշակոյթին կառչած մնալ եւ շարունակել իբրեւ հայ ապրիլ:

Թ. Պ.- Առիթը օգտագործելով` կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել Համազգային մշակութային միութեան, որ առիթ ու կարելիութիւն ստեղծեց «Սայաթ Նովա» աշուղական երգի համոյթին գալու Լիբանան եւ մեր ժողովուրդին ներկայացնելու հայ աշուղական դասական արուեստը իր բարձունքին վրայ: Շնորհակալ եմ Համազգայինին` իր լուրջ եւ բարձրարուեստ կեցուածքին համար, իր ընտրութիւններով անիկա եղած է ու կը մնայ ճշմարիտ ճամբուն վրայ: Իսկ մեր հայրենակիցներուն կը մաղթեմ, որ Աստուած խաղաղութեան եւ երջանկութեան մէջ պահէ Լիբանանի այս բարեխնամ երկիրը եւ լիբանանցի բարի արաբ ժողովուրդը, որուն գիրկը հանգրուանած են մեր հայրենակիցները Եղեռնի այդ ցաւալի օրերէն մինչեւ այսօր, եւ կերտած են ու կը կերտեն իրենց գեղեցիկ ու ազգային կեանքը, ազգային, հասարակական, հոգեւոր կառոյցներու մէջ` խաղաղութեան ու ապահովութեան պայմաններու մէջ: Թող Աստուած օրհնէ Լիբանանն ու Լիբանանի ժողովուրդը եւ պահպանէ բոլոր հայրենակիցները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>