Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Բարի Լոյս 22. Լիբանանեան Գրաւոր Մամուլը Մարտահրաւէրի Դիմաց

$
0
0

AZTAG-TERT_32416

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Վերջին օրերուն լիբանանեան գրաւոր մամուլին մէջ մեծ պատմութիւն կերտած կարգ մը օրաթերթերու դիմագրաւած տնտեսական խոր տագնապը մեծ մտահոգութիւն յառաջացուցած է ժողովրդային եւ պետական շրջանակներու մէջ: Կառավարութեան նիստին, երկիրը տագնապեցնող այլ հարցերու կողքին, արծարծուած է նաեւ այս օրակարգը, եւ նոյնիսկ կառավարութիւնը յանձնառու եղած է հարցին լուծում ապահովելու ճիգերուն իր մասնակցութիւնը բերել: Թէ ինչքանո՞վ կառավարութիւնը այս հանգրուանին կը յաջողի այլ հսկայածաւալ ու յամեցող հարցերու կողքին հոս եւս ներդրում ունենալ, բնական է, որ կը մնայ հարցական: Մէկ իրողութիւն յստակ է սակայն, որ լիբանանեան գրաւոր մամուլը, որ իր վաւերական ու արժանաւոր տեղը եւ դիրքը գրաւած է արաբական մամուլին մէջ եւ անոր էջերը յորդած են միջինարեւելեան զարգացումներու հոլովոյթին պարզաբանումով, արաբական յեղափոխութիւններու եւ գաղափարաբանութիւններու մեկնաբանութիւններով ու վերլուծութիւններով եւ այս բոլորին կողքին լիբանանցի խմբագիր մեծ տիտաններ իւրայատուկ դիմագիծ տուած են ընդհանրապէս շրջանին ապրած պատմադրոշմ հանգրուաններուն, այսօր, այդ բոլոր հարստութիւններու տէր ու ժառանգորդ մամուլը  վտանգուած է:

Այս կացութիւնը կը յամենար տարիներէ ի վեր, սակայն մի՛շտ ալ ժամանակաւոր լուծումներով, թէկուզ քաղաքական հովանաւորութիւններու որդեգրումով, լիբանանեան մամուլը յաջողած էր դժուարութիւնները շրջանցել: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կարեւոր հանգրուաններու մամուլը յաջողած է նաեւ  լիիրաւօրէն ստանձնել իրեն վերապահուած 4-րդ իշխանութեան դերը` կարգ մը շարժումներու ծաւալման ու խորացման եւ նոյնիսկ իշխանափոխութիւններու գործընթացին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնելով:

Այսօրուան դրութեամբ թերթերու տնօրէնութիւնները արդէն յատուկ շրջաբերականներով եւ նամակներով այս դժուարութեան ահազանգային վիճակը փոխանցած են իրենց անձնակազմին եւ արդէն` սեղմումներու քաղաքականութիւնը սկսած է արագ կշռոյթով ընթանալ իբրեւ նախաքայլ փակումի: Թէեւ տնօրէնութիւններու եւ պատասխանատուներու կողմէ կը հաւաստիացուի, որ թերթերու ելեկտրոնային տարբերակները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը, այսուհանդերձ այդ մէկը խաբուսիկ կը թուի եւ կացութենէն շատ բան չի փոխեր:

Անշո՛ւշտ գրաւոր մամուլը, միջազգային գետնի վրայ, տագնապի մէջ է, եւ իրերու այս կացութեան մէջ պարզուած հոլովոյթը եւ իրավիճակը մտածել կու տան բոլորին, որ լիբանանահայ մամուլը նաեւ անմասն չէ այս մտահոգութիւններէն: Քննարկման ծիրը աւելի յստակացնելով` «Ազդակ»-ի ընթերցողը նաեւ պէտք է շատոնց տեղեկացուած ու ըմբռնած ըլլայ, որ իննսունամեայ կենսափորձ նուաճած «Ազդակ»-ի երթը միշտ ալ հեզասահ չէ ընթացած, սակայն ան յաջողած է իր արժանաւոր տեղը գրաւել սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ: Ան ստեղծած է քաղաքական-գաղափարական քննարկումներու առողջ միջավայր, արտադրած է պատկառելի մարդուժ, սատարած է գաղութային կեանքի աշխուժացման եւ համահայկական օրակարգերու պարզաբանման մէջ ունեցած է հիմնարար ազդեցութիւն:

Ներկայ ժամանակներուն նաեւ «Ազդակ» նոյն սկզբունքայնութեամբ  ու վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնն ու երթը, երբ անդին ականջալուր ու ականատես կը դառնանք շատ մը գաղութներու մէջ օրաթերթերու փակումին կամ շաբաթաթերթի ու պարբերականի վերածումին:

«Ազդակ»-ի գոյութիւնն ու երթը ինքնանպատակ չէ եղած օրին ու չէ՛ նաեւ այսօր: Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը թերթի պահպանման ու յառաջընթացին համար կը կատարէ իր կարելին: Կուսակցութեան բարձրագոյն ժողովները հանգամանօրէն կ՛անդրադառնան թերթի դերակատարութեան եւ պիւտճէական հաւասարակշռութեան առումով կ՛որդեգրեն յանձնառու որոշումներ: Օրաթերթի տնօրէնութիւն, խմբագրական եւ վարչական կազմեր ընձեռուած կարելիութիւններուն ամբողջական օգտագործումով եւ մեծ ճիգով արժանավայել կերպով տէր կը կանգնին «Ազդակ»-ի կոչումին եւ առաքելութեան շարունակականութեան:

Բնական է, որ «Ազդակ» նաեւ շարունակէ, այլ թերթերու նման, դիմագրաւել տնտեսական եւ մարդուժի տագնապ, բայց միաժամանակ ահաւասի՛կ թերթին յաւելուածները, բացառիկները, ելեկտրոնային տարբերակները, արագ լրահոսը կ՛ընդարձակեն «Ազդակ»-ի գործունէութեան տարածքը: Աւելի՛ն. հայաստանեան լուրերու, Հայ դատի վերջին զարգացումներու եւ համահայկական այլ օրակարգերու օրը-օրին տեղեկատուութիւնը եւ անոնց վերլուծութիւնը, գաղութի կեանքի համահունչ արձագանգումը «Ազդակ»-ը կը պահեն իւրայատուկ դիմագիծով  յստակ դերակատարութեան մէջ:

«Ազդակ»-ի առաքելութեան ընդարձակումով եւ գործունէութեան հեզասահ ընթացքով տագնապող եւ հետամուտ իւրաքանչիւր անհատ արժէ, որ նկատի ունենայ հետեւեալ հանգամանքները.

ա.- Պարզ ըսելով` սատարել «Ազդակ»-ի բաժանորդագրութեան եւ տարածման տարրական աշխատանքին եւ այս ձեւով նաեւ մասնակից դառնալ «Ազդակ»-ին գոյերթին ի սպաս դրուած հաւաքական ճիգին: Այստեղ անշուշտ երախտապարտ գործ կը կատարեն  մամուլի դերին ու առաքելութեան հաւատացող բարերարները, որոնց զօրակցութիւնը կարելի կը դարձնէ աշխատանքային ոլորտներու ընդարձակումը:

բ.- ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքին բանբերը ըլլալու կոչումն ու հանգամանքը ոչ մէկ ատեն արգելակած է «Ազդակ»-ի համահայկական դիմագիծը: Անոր էջերը միշտ ալ բաց են բոլորին դիմաց: «Ազդակ» նախանձախնդիր կը շարունակէ մնալ կարծիքներու այլազանութեան` այդ մէկը նկատի ունենալով իբրեւ յառաջդիմութեան եւ կառուցողականութեան հիմնական նախադրեալ անշուշտ` պահանջելով, որ գրիչին հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքն ու յանձնառութիւնը միշտ դառնան գերակշռող:

գ.- «Ազդակ» Դաշնակցութեան  օրկանը ըլլալէ անդին միջավայր է եւ այդ միջավայրը անփոխարինելի դպրոց է: Պէտք է մղել նորահաս սերունդը, որ կառչի այս դպրոցին` իբրեւ ընթերցող, յօդուածագիր, աշխատակից եւ ինչու չէ նաեւ հետագային` խմբագիր:

դ.- Յօդուածագրութիւնը տեսակէտներու բանաձեւումով կը յղկէ անհատին միտքը, զայն կը դարձնէ հարցերու հանդէպ աւելի յանձնառու եւ լուծումներու առաջադրման մէջ աւելի հեռատես: Վերջ ի վերջոյ ան սեփականատէրն է իր գրածին եւ այնտեղ արտայայտուած իր մտածումներուն: Հետեւաբար, այս իրողութիւնը զայն կը դարձնէ աւելի պատասխանատու:

Այս մտածումները եւ տեսակէտները ընթերցողին հետ կիսելով պիտի մաղթեմ բոլորին հաճելի ընթերցանութիւն եւ «Ազդակ»-ի ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին` յաջողութիւն:

Բարի լոյս բոլորին…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles