Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

Հանդիպում Հայաստանի Նախագահ
Սերժ Սարգսեանի Եւ ՀՅԴ
Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի Միջեւ

RA-President_ARF-Greece_32416

Յունաստան պաշտօնական այցելութեան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան նախագահի այցելութեան եւ հելլէն քաղաքական աւագանիին հետ հանդիպումներու հարցերը, հայ եւ յոյն գործակցութեան ոլորտները, Հայ դատի առնչութեամբ կատարուած աշխատանքները Յունաստանի մէջ ու նաեւ յունահայ գաղութը յուզող հարցեր: Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի հետ գործակցութեան` կառավարման գործընթացին շուրջ:

Յատուկ անդրադարձ եղաւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող իրադարձութեանց մասին, յատկապէս` Սուրիոյ տագնապին ու սուրիահայութեան շուրջ ու Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հայրենակիցներու առնչութեամբ: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ հայ եւ յոյն գործակցութեան ոլորտը ու յատկապէս նախագահի այցելութեան առիթով ստորագրուած համաձայնագիրները կրթական եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս, որոնք առաւել կ՛ամրապնդեն երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը:

ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի
Հանդիպումը Հայաստանի Կրթութեան Եւ
Գիտութեան Նախարար Լեւոն Մկրտչեանի Հետ

levon_Greece_32416

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յունաստան պաշտօնական այցելութեան առիթով անոր ընկերակցեցաւ նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նորանշանակ նախարար Լեւոն Մկրտչեան, որ այս առիթով հանդիպումներ ունեցաւ եւ համաձայնագիրներ ստորագրեց հելլէն իր պաշտօնակիցներուն հետ:

15 մարտին ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ հանդիպում ունեցաւ նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ կրթական համագործակցութեան ոլորտը` մասնաւորաբար հայագիտական ամպիոն հիմնելու ծրագիրը յունական համալսարաններէն ներս, որ պիտի նպաստէ հայոց լեզուի բարձրագոյն մակարդակի ուսուցման եւ կատարելագործման Յունաստանի մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յունահայ գաղութէն ներս գործող ամէնօրեայ եւ միօրեայ հայկական վարժարաններուն եւ յատկապէս ազգային վարժարաններու հայ ուսուցիչներու հելլէն պետութեան կողմէ վճարման հարցերուն, նաեւ` վարժարաններու դիմագրաւած հարցերուն:

Աթէնքի Եւ Քոքինիոյ Սկաուտական
Խորհուրդներու Կազմակերպութեամբ`
Դեղերու Հաւաք Ի Նպաստ
Գաղթականներու Եւ Չքաւորներու

Athens_tegh_32416

2015-ի նոյեմբերէն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետութիւնը, Աթէնքի եւ Քոքինիոյ տեղական խորհուրդներու եւ մասնաճիւղերու համագործակցութեամբ, կազմակերպեց դեղերու հաւաք` ի նպաստ գաղթականներու եւ չքաւորներու:

Արդարեւ, այս աշխատանքին շնորհիւ բաւական մեծ քանակութեամբ դեղորայք յանձնուեցաւ Աշխարհի բժիշկներ կազմակերպութեան Աթէնքի մասնաճիւղին: Գրասենեակի պատասխանատուներ` Ք. Քարտամիցի եւ Տ. Քուցաւլի ջերմօրէն ընդունած են պատուիրակութիւնը, որ այս առիթով ծանօթացած է կազմակերպութեան շէնքային կառոյցներուն, որոնք բաղկացած են պահեստանոցներէ, դարմանատուներէ եւ առժամեայ կեցութեան սրահէ մը:

Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի
Նմուշներու Ցուցահանդէս

Museium_Greece_32416Հայ-յունական մշակութային գործակցութեան ծիրէն ներս 14 մարտին Աթէնքի Բիւզանդական եւ քրիստոնէական արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. Արարատի ոգին» խորագրով քաղաքակրթական ցուցահանդէսի բացում:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած առարկաները վաղ հողագործութեան, մետաղագործութեան, խեցեղէնին, արհեստներու ու արուեստի վերաբերող եզակի կտորներ են` պեղուած բացառապէս Հայաստանի ներկայ տարածքէն, ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան բարձրարժէք գեղարուեստական նմուշներ, երկրպագութեան եւ ծէսի եզակի իրեր, ինչպէս նաեւ ձեռագրեր եւ կիրառական արուեստի առարկաներ` Հայաստանի տարբեր պատմական-ազգագրական շրջաններէն:

Ցուցահանդէսը բաղկացած է երեք բաժիններէ: Առաջին բաժնին մէջ ներկայացուած է հայկական քաղաքակրթութիւնը կանուխ պրոնզէ դարէն մինչեւ 20-րդ դարը. երկրորդին մէջ` ծանօթութիւն` հայկական մշակոյթի դերակատարութեան ու դիրքաւորման` փոփոխուող աշխարհի մէջ: Երրորդ բաժինը, որուն խորագիրն է «Կոչեմ ապրողաց», նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ կը խօսի տարագիր գերդաստաններու եւ մշակութային եղեռնի մասին:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի  մինչեւ 31 մայիս:

Համազգայինի Ալեքսանտրապոլսոյ Մասնաճիւղը
Կը Հրատարակէ «Փարոս» Պարբերաթերթը

Յունաստանի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ալեքսանտրապոլսոյ «Արամ Խաչատուրեան» մասնաճիւղը առաջին անգամն ըլլալով նոր էջ մը բացաւ հրատարակչական մարզին մէջ` մասնաճիւղի 4 հաշուող շաբաթաթերթ-պարբերաթերթը հրատարակելով:

Այս աշխատանքին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի նորակազմ վարչութեան անդամներուն` Մարիամ Փեթեւոսեան, Հրայր Տաղլեան, Գայեանէ Դաւիթեան, Սոֆիա Ամիրխանեան, Մարտուն Մամաճանեան: Խմբագրական գլխաւոր պարտաւորութեամբ լիազօրուած է վարչութեան քարտուղար, Լիբանանէն վերջերս Յունաստան հաստատուած Հրայր Տաղլեան, որ գրական ճաշակով, հետախուզող մտքով ու հետաքրքրութեամբ ձեռնարկած է այս գրասէր ու գրաճանաչութեան գործին:

Պարբերաթերթին անունը «Փարոս» է, հիմնադիր թիւին մէջ կայ խմբագրականը, Համազգայինի հիմնադրութեան, հիմնադիրներու եւ անցած ուղիի պատմութիւնը, հանճարեղ հայ գիւտարարներու կենսագրականներ, հայկական անցեալի պատմութեան գրած մարդոց մասին տուեալներ, հայկական նշանաւոր տօներու պատմութիւն ու դէմքեր, հայկական խօսքերու, դարձուածքներու նմուշներ, ծաղրանկարներ, Բարեկենդանի պատմութեան իմաստը եւ, վերջապէս, հայկական գիտելիքներու տուեալներ, ծանօթութիւններ: Փոքրիկ համայնագիտարան մը:

 

Կիպրոս

Սիմոն Այնեճեան Կը Ստանայ
«
Մովսէս Խորենացի» Շքանշան

SimonAynedjian_32416

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Կիպրոս կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ 16 մարտին Նիկոսիոյ Ազգային առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած կիպրահայ համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումի ընթացքին նախագահ Սարգսեան պարգեւատրեց կիպրահայ ազգային գործիչ Սիմոն Այնեճեանը «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

Պարգեւատրումը արդիւնք է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրապարակած հրամանագիրին, որ կը հաստատէ, թէ «Կիպրահայեր» թերթի խմբագիր, Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիմոն Այնեճեան կը ստանայ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ իր ներդրած նշանակելի աւանդին համար:

 

Փարիզ

ՀՅԴ-ի Կազմակերպած Արցախի Եւ
Հայկական Բանակի Զօրակցութեան
Ձեռնարկը

13 մարտին Փարիզի 9-րդ թաղամասի «Ռոսինի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Արցախի եւ հայկական բանակի զօրակցութեան ձեռնարկը:

Ալֆորվիլի պատանեկան երգչախումբին կատարողութեամբ Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Կալի Գապիլեան: Ան շեշտեց, թէ սոյն ձեռնարկը նուիրուած է հայրենի հողը իրենց կեանքի գնով պաշտպանած եւ նահատակուած հայ զինուորներուն յիշատակին: Գապիլեան անդրադարձաւ «Դէպի Երկիր» ծրագրին, որուն շրջագիծին մէջ կարելի եղած է վերանորոգել երիտասարդական չորս կեդրոններ` Բերձորի, Մարտունիի, Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Ան նաեւ ներկայացուց Արցախի մէջ «Նոր սերունդ»-ի գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ Արեւմտեան Եւրոպայի ԿԿ-ի անունով ելոյթ ունեցաւ Յարութ Մարտիրոսեան, որ անդրադառնալով թշնամիին կողմէ արցախեան պաշտպանութեան դիրքերու վրայ կատարուած անընդմէջ յարձակումներուն` յայտնեց, թէ հարկ է աշխատանք տանիլ, որպէսզի Ազրպէյճան վերջ տայ իր որդեգրած հակահայ քաղաքականութեան եւ նստի բանակցութեանց սեղան:

Tavit-Ishkhanian_Paris_31316

Արցախի խորհրդարանի անդամ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն Մարտակերտի շրջանի հայ զինեալ ուժերու հրամանատար Դաւիթ Իշխանեան  խօսք առնելով` շնորհաւորեց արցախեան շարժման 28-րդ տարեդարձը, նկատի ունենալով, որ այդ շարժումը նոր էջ մը բացաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ապա ան պատմական ակնարկ մը նետեց ղարաբաղեան ազատագրական պայքարին վրայ` 1988-էն սկսեալ, մինչեւ 2 սեպտեմբեր 1991` անկախ Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը, որ ամրապնդուեցաւ նոյն տարուան 10 դեկտեմբերին` համաժողովրդական հանրաքուէով: Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ նաեւ այն բաղադրիչներուն, որոնք Արցախի անվտանգութեան համակարգին մաս կը կազմեն` ռազմական, ազգաբնակչութեան, քաղաքական թէ տնտեսական տեսանկիւններէ, աւելցնելով, որ հակառակ Արցախի  քայքայող պատերազմին` բնակչութիւնը երբեք չէ ընկճուած եւ պատրաստակամ է դիմադրելու դժուարութիւններուն: Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի բնակչութեան վիճակագրական տուեալներուն` նշելով, որ  վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին բնակչութեան թիւը միայն 15 հազար աւելցած է: Դաւիթ Իշխանեան դրուատեց Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ ստեղծուած բարեկամական յարաբերութիւնները եւ կոչ ըրաւ շարունակելու պայքարը Արցախի անկախութեան եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Փրակա

Սուրիահայ Աւետիս Գաբրիէլեանի Ժապաւէնը
Պիտի Ցուցադրուի Փրակայի Շարժապատկերի Փառատօնին

avediskaprielian_32416

7-16 մարտին Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած 18-րդ «Մէկ աշխարհ» միջազգային վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնը։ Այս տարի 13 անուանակարգերու մէջ պիտի ցուցադրուին 123 ժապաւէններ 62 երկիրներէ: Ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին Չեխիոյ 34 քաղաքներու եւ Պրիւքսէլի մէջ: Այս տարի տեղի պիտի ունենան նաեւ քննարկումներ եւ պիտի ցուցադրուին ժապաւէններ` դպրոցական տարիքի երեխաներու համար:

Առաջին անգամ ըլլալով փառատօնին պիտի ներկայացուի 30-ամեայ սուրիահայ բեմադրիչ Աւետիս Գաբրիէլեանի «Առանց դռներու տուները» ժապաւէնը, որ նկարահանուած է Հալէպի մէջ քանի մը տարիներու ընթացքին եւ ցոյց կու տայ պատերազմի դէմքը: Գաբրիէլեան նկարահանումները կատարած է իրենց տան պատշգամէն: Ժապաւէնը այս տարի ցուցադրուած է նաեւ Պերլինի փառատօնին:

Փառատօնին տեղի  պիտի ունենան 26 ժապաւէններու համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնները, նաեւ պիտի ներկայացուին այս տարուան ամերիկեան «Օսքար»-ի առաջադրուած երեք ժապաւէններ:

Նշենք, որ միայն անցեալ տարի Կեդրոնական Եւրոպայի ամենամեծ վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին` «Մէկ աշխարհ»-ի ժապաւէնները դիտած է 123 հազար մարդ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Կ՛այցելէ
Հայ Ճարտարագիտական Խումբի
Ֆրեզնոյի Կեդրոնը

mills_32416

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան իր շրջապտոյտին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու միջազգային օժանդակութեան մարմինի յատուկ խորհրդական Ճեֆրի Փարեչանի, այցելեց Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խումբի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայ ճարտարագիտական խումբի նախագահ տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզի եւ գործադիր վարիչ Վարուժան Տէր Սիմոնեանի հետ:

Տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզ դեսպանին տեղեկութիւններ տուաւ Հայ ճարտարագիտական խումբին կողմէ անցեալ տարի Հայաստան հասած հիւանդութիւններու ախտաճանաչում կատարող աշխարհի առաջին անասնաբուժական շարժուն տարրալուծարանին մասին, որուն հետ տոքթ. Ճէյմզ Ռէյնըլտզ եւ Վարուժան Տէր Սիմոնեան այցելած են Հայաստանի 14 գիւղեր ու քաղաքներ` ընկերակցութեամբ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մասնագէտներու, նպաստելու համար հիւանդութիւններու տարածումը զսպելու աշխատանքին: Տոքթ. Ռէյնըլտզ ըսաւ, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի Հայաստանի 10 մարզերուն համար մէկական տարրալուծարան ապահովելու գծով:

Իր կարգին, Վարուժան Տէր Սիմոնեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի Արարատ հովիտին մէջ խաղողի որթատունկերու արմատները հարուածող հիւանդութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել անոր արագ տարածումը: Այս նպատակով Հայ ճարտարագիտական խումբի մասնագէտները մօտէն կը գործակցին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ` նման համաճարակներու առաջքը առնելու համար:

Խորհրդակցութիւններէն ետք դեսպան Միլզ առիթը ունեցաւ  այցելելու Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանը:

 

Չինաստան

Մհեր Սահակեան Ընտրուեցաւ Չինաստանի
Հայկական Համայնքի Նախագահ

 

Mher-Sahakyan_32416

6 մարտին Չինաստանի հայկական համայնքին մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ, որուն ընթացքին Մհեր Սահակեան ընտրուեցաւ համայնքի նախագահ: Մհեր Սահակեան գիտական հետազօտութիւն կը կատարէ Նանճինկի համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին մէջ:

Իր խօսքին մէջ Մհեր Սահակեան կոչ ուղղեց Չինաստանի հայկական համայնքին` շարունակելու ամրապնդել համայնքի միասնականութիւնը, ձեռնարկներ կազմակերպել, աշխուժօրէն մասնակցիլ համայնքի կեանքին, օգնել իրարու, պահպանել հայոց լեզուն եւ ազգային գաղափարները:

Չինաստանի հայկական համայնքը աշխուժ գործունէութիւն կ՛իրականացնէ: «Չինահայ» կայքը կը յայտնէ, թէ անհրաժեշտ է Չինաստանի մէջ բնակող հայերը միաւորել, հեռաւոր արեւելքի մէջ հայապահպանութեան նպաստել չին ուսանողներու` Հայաստանի մէջ ուսանելու համար կրթաթոշակ յատկացնել, Չինաստանի մէջ հայութեան պատմութեան վերաբերեալ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հետ կատարուող ուսումնասիրութիւնները զարգացնել, զարկ տալ Չինաստանի Հայկական ուսանողական միութեան գործունէութեան, հայ ուսումնասիրողներու եւ ուսանողներու առցանց գիտաժողով կազմակերպել եւ այլն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>