2003 թուականին Փարիզի «F.V.W.» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց գեղատիպ հատոր մը` նուիրուած Ասատուրի անձին եւ արուեստին:
Ժերար Էքզիւրիկերա, որ արուեստի հանրածանօթ քննադատ է գեղանկարչական աշխարհին մէջ, ստորագրած է հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը Ասատուրի մասին:
Ասատուր ժամանակակից այն հայ արուեստագէտն է, որ կ՛ուղղուի դէպի միջազգային ճանաչում` շնորհիւ իր տաղանդին եւ յարատեւ աշխատանքին: Հոս նկատի չունինք անունները Գառզուի եւ Ժանսէմի, որոնք կը պատկանին որբերու սերունդին եւ փայլած են աւելի քան 40 տարիներ` նկարչական արուեստի երկնակամարին վրայ:
Գեղատիպ այս հատորը ճաշակաւոր եւ գունագեղ հրատարակութիւն մըն է` բաղկացած 223 մեծադիր էջերէ, 32×24 սանթիմեթր մեծութեամբ եւ կ՛ամփոփէ Ասատուրի քառասուն տարիներու վրայ երկարող ստեղծագործական հիմնական երեք երեսները. գծագրութիւն-փորագրութիւն (կրաւիւր), ջրանկարչութիւն եւ իւղանկարչութիւն:
Առաջին 16 էջերուն մէջ Ժերար Էքզիւրիկերա կը ներկայացնէ Ասատուր արուեստագէտը եւ անոր ինքնատիպ արուեստը: «Ասատուր խորհրդաւոր, իշխան գաղտնագրութեան, զուսպ, այլ խրոխտ նկարագիրով կը յայտնուի իբրեւ ամէնէն բծախնդիր վարպետը պատկերի, զոր կը խառնշտկէ, կը հոսեցնէ, կը միախառնէ, կը բաժնէ տակաւին` վերջապէս կանգնելու համար նոյնինքն իր էութիւնը:
Երկրորդ բաժինի 72 էջերուն մէջ ցոյց կը տրուին Ասատուրի գծագրութիւնները` թիւով եօթը, բայց մանաւանդ կրաւիւրները` 46 սեւ-ճերմակ եւ 27 գունաւոր, ինչպէս նաեւ անոնց կրած հոլովոյթը` 1970-էն մինչեւ 2001 թուական:
Երրորդ բաժինին մէջ ներկայացուած են Ասատուրի ջրանկարներն (46 գործ) ու իւղանկարները (22 գործ):
Գիրքը ուշադիր թերթատողը կ՛անդրադառնայ մէկ բանի. Ասատուր մեծ աշխատող մըն է, ծայր աստիճան բծախնդիր եւ իւրայատուկ տեսողութիւն ունեցող մեծ արուեստագէտ մը:
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Փարիզի «Քայիէ տ՛Ար» պատկերասրահին մէջ, ուր ներկայացուած էին Ասատուրի գործերը: Երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ ուշ ատեն խուռներամ բազմութիւն մը կը լեցնէր պատկերասրահը եւ նոյնքան բազմութիւն կը սպասէր դուրսը: Իսկական տօնական օր մըն էր Ասատուրի համար, որ նստած Ժերար Էքզիւրիկերայի քով` առանձին սեղանի մը առջեւ կը ստորագրէր, կը մակագրէր արուեստի սիրահարներուն համար:
***
Ասատուրի հետ ծանօթութիւնս սկսած է 1962-ին, Ֆլորանսի մէջ: Երկրորդ անգամ ըլլալով գացեր էի Իտալիա` Վերածնունդի վարպետները տեսնելու: Առաջին գործս եղած էր նախ երթալ Հռոմ ու տեսնել Միքելանճելոյի «Փիէթա»-ն` վերանորոգուած Ս. Պետրոս տաճարի մէջ: Այս անգամ ապակիէ «պատ» մը կը բաժնէր գլուխ գործոցը հանդիսատեսէն: 2,5 մեթր անդիէն դիտեցի ու ամբողջ մարմինս փշաքաղուեցաւ… Այնպիսի յաջող ձեւով վերանորոգուած էր, որ կարծես ձեռք դպած չըլլար Աստուածամօր դէմքին: Մինչդեռ առաջին տեսնելուս անհաւասարակշիռ մը մուրճի հարուածով մը ջարդած էր քիթն ու շրթունքները Տիրամօր: Ուրիշ միջոց չէր գտած խեղճը նշանաւոր դառնալու համար…
Հռոմը ձգելէ առաջ ուզեր էի տեսնել նաեւ հին Հռոմի պատին` Մուսոլինիի օրով զետեղուած հինգ հսկայ քարտէսները, ուր «Արմենիա» անունը կը տեսնուէր ըստ ժամանակաշրջաններու հռոմէական կայսրութեան հզօրութեան, բայց միշտ մեծ… միշտ հրաշափառ…
Երկրորդ հանգրուանս Ֆլորանսն էր: «Աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ քաղաքը». այս նախադասութիւնը իտալացիի մը համար նոյնն է, ինչ որ Չարենցի «Աշխարհ անցիր Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ»-ն` հայերուս համար: Հո՛ն ապրած էին ու ստեղծագործած նկարչութեան «երրորդութիւն»-ը կազմող հանճարները` Լէոնարտօ տա Վինչի, Ռաֆայէլ եւ Միքելանճելօ:
Այդ օրը, չեմ յիշեր ինչ օր էր, յատկացուցեր էի «Փալացցօ Իւֆիցցի»-ի, ուր կը գտնուին Վերածնունդի բազմաթիւ գեղեցիկ գործեր:
Կէսօրուան մօտ, պտոյտս աւարտած, երբ դուրս կ՛ելլէի գլխաւոր մուտքէն, դիմացս ելան երկու երիտասարդներ, որոնցմէ մին Լիբանանի Կաճառի ծանօթներէս` Անթուանն էր, իսկ քովի սեւ ու երկար մազերով, խոշոր, արտայայտիչ աչքերով երիտասարդը` Ասատուր Պզտիկեանը: Մեր լիբանանցի բարեկամը ծանօթացուց մեզ: Իր մասին լսեր էի աղօտ կերպով. կը յաճախէր Կիւվտէրի աշխատանոցը ու խմբական ցուցահանդէսի մը առիթով, որ փոլեմիք ստեղծած էր Պէյրութի մէջ, արաբ թղթակիցի մը ըսած էր. «Այո՛, լիբանանցի եմ, բայց նախ հայ եմ մինչեւ հոգիիս խորը»: Ան աչքի զարկած էր արդէն իր սուր գիծերով, որոնք հեռուէն կը յիշեցնէին Գառզուի գիծերը:
Ասատուր եւ իր բարեկամը Պէյրութի Իտալական մշակութային կեդրոնէն կրթաթոշակ մը շահելով, եկեր էին Իտալիա` ուսանելու: Կը յաճախէին Փերուճիա քաղաքի ակադեմիան ու այդ օր եկած էին Ֆլորանսը տեսնելու: Սակայն Ասատուրի նպատակը Փարիզ երթալ էր: Ըսաւ, թէ ծանօթ չունէր հոն: Անմիջապէս Փարիզի հասցէս տուի ու խոստացայ օգնել իրեն:
***
Երկրորդ հանդիպումս Ասատուրի հետ տեղի ունեցաւ Պէյրութ, 1963-ին, «Քարլթոն» պանդոկի մեծ սրահին մէջ, ուր ցուցահանդէս մը կու տայի: Բացման առաջին վայրկեաններն էին, երբ Ասատուր ամչկոտ մօտեցաւ, ձեռք թօթուելու հետս: Ֆլորանսի հանդիպումէն հազիւ տարի մըն էր անցած, բայց Ասատուր արդէն մաս կը կազմէր իմ համակրած անձերու խումբին: Դարձեալ խօսեցաւ Փարիզ գալու մասին: Վստահեցուցի զինք, որ պատրաստ էի իրեն օգնելու:
***
Մեր երրորդ հանդիպումը կայացաւ Փարիզի մէջ, 1964-ին:
Առտու մը, ժամը 8:00-ի ատենները դուռս զարնուեցաւ: Նստած` սուրճ կը խմէի փոքրիկ սենեակիս մէջ: Խորքին մէջ եօթներորդ յարկի վրայ սպասուհիի մը սենեակին կէսն էր. միւս կէսը կը զբաղեցնէր սպանացի ուսանողուհի մը: «Սենեակը» բաժնուած էր երկուքի` տախտակէ «պատով» մը, ստիպելով, որ ցած խօսէինք, եթէ չուզէինք, որ միւս կողմ բնակողը լսէր մեզ: Սակայն սենեակին դիրքը, Մետիսիս փողոցի վրայ, Լիւքսապուրկի պարտէզին դիմաց, նախանձը կը շարժէր բարեկամներուս: Սիթէի Հայկական տան մէջ երկար բնակելէ ետք, շնորհիւ ֆրանսացի բարեկամներուս, գտած էի այս «սենեակը»:
Երբ դուռը բացի, անակնկալի եկայ` տեսնելով Ասատուրը կանգնած, ամչկոտ դիրքով մը: Ներս հրաւիրեցի ուրախութեամբ ու առանց հարցնելու, թէ նախաճաշ ըրա՞ծ էր, թէ՞ ոչ, պատրաստեցի «քաֆէ օ լէ» եւ «թարթին» մը` կարագով եւ մեղրով: Այդ օրը իր բախտէն սաստիկ ցուրտ էր:
Ամբողջ օրը միասին անցուցինք: Լուծելիք երկու կարեւոր խնդիր ունէինք. առաջին` Ասատուրը արձանագրել Գեղարուեստից վարժարան («Էքոլ նասիոնալ սիւփերիէօր տէ պօ զ՛ար»), երկրորդ, այդ արձանագրութեան վկայականով դիմում կատարել Փարիզի Բարեգործականի գրասենեակը, որուն քարտուղարն էր մօրս հօրեղբայրը: Այդ գրասենեակին որոշումէն կախում ունէր Ուսանողական ոստանի Հայկական տան մէջ, որ կը կրէ «Մարի Նուպար» անունը, սենեակ մը ունենալու բախտը:
Որքան կը յիշեմ, երկու խնդիրներն ալ գտան իրենց լուծումը քանի մը օրէն եւ Ասատուր ունեցաւ սենեակ մը` ուսանողի մը հետ եւ սկսաւ յաճախել «Պօ զ՛ար»-ի փորագրութեան արուեստանոցը, ուր կ՛աշխատէի նաեւ ես:
Երբ առաջին անգամ գացի իր սենեակը զինք շնորհաւորելու, իր մահճակալին քովի սեղանին վրայ գտայ Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն եւ քարթապլ մը` գծագրութիւններու:
Մենք շարունակ միասին էինք. առտու` արուեստանոց, կէսօրին` «Պօ զ՛ար»-ի ճաշարանը, իրիկուան դէմ` Սեն Միշէլ պողոտայի վրայ սրճարան մը: Ասատուր յափշտակուած էր Փարիզի գեղեցկութիւններով, բայց մանաւանդ` փարիզուհիներով…
Քանի մը շաբաթ վերջ, երբ Ասատուր սկսաւ իր կրաւիւրները տպել եւ ստորագրել` Ասատուր Պզտիկեան, մտածեցի, որ Պզտիկեան ստորագրութիւնը կրնար զինք արգելքներու առջեւ դնել օր մը: Ատենին ոչ ոք զգուշացուցած էր զիս այդ ուղղութեամբ, երկրորդ` Պէյրութ սկսեր էի արդէն ստորագրել մականունս:
Փարիզի մէջ, այդ տարիներուն, օտար անուն մը լաւ չէր հնչեր ֆրանսացիներուն ականջին: Ի զուր չէր, որ Գառզու (Գառնիկ Զուլումեան) եւ Ժանսէմ (Ժան Սէմէրճեան) խոհեմ սեպած էին իրենց եանը ծածկել խելացի կերպով:
Արդ, առաջարկեցի ստորագրել միա՛յն Ասատուր, որ օտարներուն համար կը մնար խորհրդաւոր անուն մը, իսկ հայերը գիտէին, թէ ան միայն հայու մը անունը կրնար ըլլալ:
Ասատուր սիրայօժար ընդունեց առաջարկս եւ մինչեւ այսօր կը պահէ զայն:
Փարիզի մէջ առաջին զինք գնահատողը եղաւ իր կրաւիւրի ուսուցիչը` Քութօ, որ զտարիւն ֆրանսացի մըն էր եւ` հրաշալի մարդ մը: Ան էր, որ ճամբայ ցոյց տուաւ հետագային` մասնակցելու սալոններու եւ կարեւոր ցուցահանդէսներու:
Իր առաջին մեծ յաջողութիւնը եղաւ` շահիլ Փարիզի քաղաքի արուեստներու առաջին մրցանակը: Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք, այն ատեն` Փարիզի քաղաքապետ, անձնապէս յանձնեց Ասատուրին մրցանակը, 1984-ին:
Այնուհետեւ յաջողութիւններն ու մրցանակները իրարու յաջորդեցին:
***
Մեր առաջին հանդիպումէն քառասուն տարի ետք, երբ ամառը Փարիզ գացի, առաջին գործս եղաւ Ասատուրի հետ կապի մէջ մտնել: «Գիրքէս քեզի պիտի նուիրեմ», եղաւ իր առաջին նախադասութիւնը: Սակայն, անհամբեր, իջայ քաղաք եւ ուղիղ գացի «Լա Հիւն» գրատունը, Սեն Ժերմենի վրայ, նշանաւոր` իր արուեստի գիրքերով: Ներս մտայ եւ սկսայ փնտռել գիրքը` մտածելով, որ կրնար ցուցադրուած ըլլալ նոր տպուած գիրքերու բաժինին մէջ: 2003-էն ի վեր բազմաթիւ այլ գիրքեր տպուած էին. հարցուցի, թէ ո՞ր բաժինին մէջ կրնայի տեսնել, «առաջին յարկը»` պատասխանեց պաշտօնեան: Բարձրացայ եւ հոն կեցող օրիորդին ըսի, թէ կ՛ուզէի Ասատուրի գիրքը տեսնել: Դարակէ մը վար առաւ հաստ ու մեծկակ գիրք մը գունաւոր կողքով եւ երկարեց ինծի: Գիրքը առի գոհունակութեամբ եւ քիչ մը անդին երթալով սկսայ թղթատել հետաքրքրութեամբ:
Մօտաւորապէս կէս ժամ մանրազնին թերթատելէ ետք ուրախութեան այն գերագոյն զգացումով, թէ վերջապէս Ասատուր քաղասուն տարուան տքնաջան ու զոհողութիւններով լեցուն աշխատանքէ մը ետք կը տիրանար համաշխարհային համբաւի:
Երբ գոցեցի գիրքը վերադարձնելու նպատակով, ինքնաբուխ զգացում մը սիրտս թունդ հանեց… ու փոխանակ օրիորդին երկարելու, ըսի, կ՛ուզէի գնել. կ՛ուզէի գիտնալ գինը: Արդեօք ուրիշ ձեւ մը կա՞ր Ասատուրի յաջողութեան մասնակցելու, Ասատուրի ուրախութիւնը բաժնելու:
«Ազդակ», 18 հոկտեմբեր 2004
ԱՍԱՏՈՒՐ
Ասատուրի արուեստին նուիրուած գեղեցիկ գիրքը, որ լոյս տեսաւ անցեալ տարի, Փարիզի F.V.W. հրատարակչատունէն եւ հովանաւորութեամբ «Cahier d՛art» պատկերասրահի, կը հանդիսանայ կարեւորագոյն իրադարձութիւնը, երեւոյթը` ընծայուած հա՛յ արուեստագէտի մը:
Ասատուր միջազգային հրապարակի վրայ տակաւ բարձրացող ա՛յն տաղանդաշատ նկարիչն է, որ իր քառասուն տարիներու հաւատաւոր եւ տքնաջան աշխատանքով սկսաւ փայլիլ արդի նկարչութեան երկնակամարին վրայ` յաջորդելով Արշիլ Կորքիի եւ Գառզուի:
Իր նկարչական գործունէութեան ընթացքին Ասատուր տիրացած է հետեւեալ միջազգային մրցանակներուն.
1.- Միջազգային «Թերզա» երկամեայ փառատօնի ոսկի մետալ (1972, Իտալիա):
2.- Ժիվէի երկամեայ փառատօնին առաջին մեծ մրցանակ (Ֆրանսա, 1973):
3.- Ժամանակակից, արդի Արուեստի թանգարանի մրցանակ (Եուկոսլաւիա, 1981):
4.- Ժամանակակից արուեստի ազգային հիմնադրամի յատկացում (Փարիզ, 1983):
5.- «Ար տը լա վիլ տը Փարի» մրցանքի առաջին մրցանակ (1984):
6.- Մոնթէ Քարլոյի Ժամանակակից արուեստի մրցանքի Կապրիէլ Օլիվիէի մրցանակ (1990):
7.- «Սմոլ կրեֆիք ֆորմզ» մրցանքի պատուոյ մետալ (Լեհաստան, 1996):
8.- Մաժտանիքի միջազգային հինգերորդ եռամեայ փառատօնի մրցանակ (Լեհաստան, 1997):
Ասատուրի արուեստը վերացապաշտ է. սակայն իր գործերը մատչելի, թելադրող եւ հասկնալի են: Իր արուեստը հիմնուած ու հասունցած է իտալական արուեստի մեծագոյն վարպետներուն գործերուն վրայ: Տեսողական արուեստի օրէնքներուն վրայ հիմնուած` իրեն ծանօթ են այլ երկիրներու` ֆլամանական, սպանական եւ գերմանական դպրոցներու վարպետները, ինչպէս` Մեմլինկ, Հոլպէյն, Զիւրպարան եւ ուրիշներ:
Փաոլօ Ուչելլօ, Մանթենիա ու տակաւին` Փիերօ Տելլա Ֆրանչեսքա եւ ուրիշ իտալացի աշխարհահռչակ վարպետներ ազդած են Ասատուրի վրայ իր կազմաւորման շրջանին: Սակայն ան կրցած է բիւրեղացնել իր արուեստը եւ հասնիլ ինքնուրոյն ոճի: Իր գործերուն մէջ տիրապետող են ճարտարապետական գիծեր եւ ձեւեր: Զուտ մտային, մտաւորական գործեր են իր յղացումները: Տեղ մը Լէոնարտօ տա Վինչի կ՛ըսէ. «Արուեստը մտային է» (Pintore՛ Mentale՛ – La peinture est mentale): Պղատոն արդէն ըսած էր. «Ճարտարապետական գիծերը գեղեցկագոյնն են»:
Ասատուրի մօտ կը գտնենք այս երկու մեծ հանճարներու գաղափարներուն արձագանգը` մեկնաբանուած իր տեսողութեամբ: Հպարտ ենք իրմով:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
«Դիտանկիւնէս»
23 օգոստոս 2005