Իր կարմիր խնձորներով,
Իր կապոյտ երկինքով,
Եւ իր նարնջագոյն պարտէզներով
Քեսապը կը շարունակէ արթուն մնալ`
Սպասելով իր պանդուխտ զաւակներուն
Պապենական տուն վերադարձին:
Իր նախահայրերու անթառամ շիրիմներով,
Իր հասունցած ծերունիներով,
Իր հողին կառչած ու հաւատարիմ մնացած քեսապցիներով
Քեսապը կը շարունակէ մնալ`
Սպասելով իր հեռացած սերունդներու զաւակներու հայրենի օճախ ժամանելուն:
Ոչ մէկ տեղ այդքան քաղցր յիշատակներով ծանրաբեռնուած,
եւ այնչափ հարազատ սիրով կապուած կ՛ըլլայ իր զաւակներուն հետ,
Որքան է մեր դարերէ ի վեր ողջ մնացած Քեսապը:
Կիլիկեան դարերէ փոխանցուած`
Այդ քարերն ու հողերը Քեսապի,
Ականատես են լացի ու կոծի
Եւ երգի ու պարի:
Այդ նոյն քարերն ու հողը Քեսապի,
Որոնց վրայ ապրած ու անցած են մեր բոլոր սիրելիները,
Հանդիսատես ու վկայ են մեր անցեալի յիշատակներուն`
Տխուր կամ հրճուալից,
Ուրախ կամ ցաւալի,
Հարսնիքներու երգով եւ մահուան շարականներով:
Եւ պիտի այսպէս տակաւին,
Որքան մեր կեանքը կրնանք փոխանցել մեր զաւակներուն,
Այնպէս ալ մեր Քեսապը պիտի ժառանգենք իրենց`
Իր քարերով,
Հողերով եւ ջուրերով,
Գալատուրանի ծովէն մինչեւ Սեւ աղբիւր,
Իւրաքանչիւր սար ու ձոր:
Այդ Քեսապի երկինքին ներքոյ է,
Որ անցած է իմ հօր ու մօր,
Նաեւ` անոնց հայրերուն եւ մայրերուն,
Մանկութիւնը երազի մը պէս:
Ու այդտեղ ես տակաւին ունիմ գործ եւ ուխտ`
Իրականացնելու պատանեկան օրերէս մինչեւ ներկաս,
Իմ տասնեակ տարիներու երազը,
Քալելու այդ հողին վրայ,
Խմելու այդ ջուրը,
Ինչպէս իմ հայրերն ու մայրերը,
Եւ վերջապէս` բախտը ունենալու,
Տեսնել Քեսապի կարմիր խաղողը,
Կապոյտ երկինքը,
Եւ նարնջագոյն պարտէզներուն մէջ,
Իմ նախահայրերուս շիրիմներուն կողքին,
Օր մը ես ալ արժանանամ,
Զետեղուելու ու միանալու իրենց յաւիտեան:
Այս բոլորին համար է, որ
Սիրտս կ՛արիւնի Քեսապի ցաւով,
Եւ թափառական հոգիս կը ցաւի Քեսապի կարօտով:
ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
11 մարտ 2016, Լոս Անճելըս