Պիտի ուզէի ես ըլլալ`
Քաղցր եղանակ մը աննման,
Քեզ նման սիրալիր`զմրուխտ
Իմ կեանքի
Անմահ հերոս ազնուական…
Պիտի ուզէի ես ըլլալ`
Արեւի նման շողշողուն,
Դէմքիդ վրայ ոսկեզօծ.
Աչքերուդ խաղաղ փայլքով
Յոյս ներշնչեմ յոգնածներուն…
Պիտի ուզէի ես թռչիլ
Իմ երգերով գերեգին,
Ինչպէս քո ձայնը գերեց`
Ծանրաթախիծ շատ հոգիներ…
Պիտի ուզէի ես ըլլալ`
Կորովաբիբ քեզ նման
Կորովամիտ,կորովաբան,
Սլանալու խորերը մութ,
Ուր չի նշմարեր աչքերը կոյր.
Միայն քեզ նման իմ աննման
Կրնան քիչեր խրիլ հոն`
Ու թափանցել հեռուն աննկուն…
Պիտի ուզէի ես ըլլալ`
Հիասքանչ շուշան մը բուրումնաւէտ,
Հաստատ գիտելիքի հունտերով`
Թափանցելու հորիզոնն ամբողջ…
Պիտի ուզէի ես ըլլալ`
Իմ քնքուշ,
Ուսուցիչ մը կայտառ քեզ նման,
Մտքերու,հոգիներու,դարման,
Բուրվառ մը`
Շատերու կեանքերը խնկարկելու…
ԹԱՄԱՐ ԱԶԱՐ