Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 26 մարտի երեկոյեան, Ս. Զատկուան խթման գիշերը, կազմակերպուած է ճաշկերոյթ-պարահանդէս, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի ծառայէ դպրոցներուն եւ աշակերտներուն: Դպրոցներուն գործունէութեան եւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ անոնց ունեցած ազգապահպանման դերակատարութեան մասին խօսելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Կարպիս Գապասագալեանին հետ:
Զրոյցին սկիզբը յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ այն իրականութեան, որ երկարամեայ եւ բաւական վաստակաւոր գործունէութիւն ունեցող այս կեդրոնին մէջ կազմաւորուած են սերունդներ, որոնք առիթ ու կարելիութիւն ունեցած են հաղորդուելու հայ մշակոյթով, ապրելու զայն եւ իրենց ստացածը փոխանցելու լիբանանահայութեան: Բայց եւ այնպէս, Կարպիս Գապասագալեան դիտել տուաւ, որ այսօր, ինչպէս լիբանանեան կեանքին մէջ պարզ իրողութիւն է, դպրոցները եւս նիւթական յանձնառութիւններու տակ են, կրթաթոշակները առանձինն չեն բաւեր ծածկելու այն բոլոր ծախսերը, որոնք անհրաժեշտ են դպրոցները կանգուն պահելու համար: Առ այդ, վարչական տնօրէնը դիտել տուաւ, որ բարոյականին կողքին` նաեւ նիւթական աջակցութիւնը կարեւոր է, մանաւանդ` Զատկուան սեմին, երբ մարդիկ տօնական մթնոլորտի մէջ են, եւ երբ իրենց տօնը Համազգայինի ճաշկերոյթ-պարահանդէսին նշեն, թէ՛ ուրախացած կ’ըլլան հայկական մթնոլորտի մէջ եւ թէ՛ ուրախացուցած կ’ըլլան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները յաճախող կամ յաճախել ուզող մանուկներն ու պատանիները, որոնք նիւթական նեղ կացութեան դէմ յանդիման կանգնած կրնան ըլլալ: Կարպիս Գապասագալեան հաստատեց, որ դպրոցներուն առօրեան եւ աշխուժ գործունէութիւնը ծով կարիքներու դէմ յանդիման կը դնեն կեդրոնն ու ծնողները, որոնք լիբանանեան այսօրուան տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ երբեմն կը ստիպուին իրենց զաւակը այս օգտաշատ գործունէութենէն զրկելու մասին մտածելու: Ան շեշտեց, որ կեդրոնին մէջ ո՛չ միայն մշակոյթ կը փոխանցուի նոր սերունդին, այլ նաեւ հոն է, որ տաղանդներ կը բացայայտուին, կ’աճին, կը զարգանան, որպէսզի անոնք ապագային հայութիւնն ու հայկական արժէքները մարմնաւորեն միջազգային բեմերու վրայ, ինչպէս է պարագան բազմաթիւ շրջանաւարտներու: Ուստի, եթէ այսօր նման տաղանդներ անկարող ըլլան Գեղարուեստի դպրոցներ յաճախելու եւ իրենց կարողութիւնները զարգացնելու, ապագային տուժողը հայութիւնը պիտի ըլլայ վստահաբար:
Այս առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Անդրադառնալով «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի պատմականին` Կարպիս Գապասագալեան ըսաւ, որ 1980-ական թուականներուն Համազգայինի Լիբանանի գործունէութիւնը այնքան ծաւալած էր, որ անհրաժեշտ էր մնայուն կեդրոն մը ունենալ: Հետզհետէ կը կազմաւորուէին երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտական դասընթացքներ: Մեծ իրագործում էր Շրջանային վարչութեան համար մշակութային կեդրոնի կերտումը: Ուստի կը նախաձեռնուի կեդրոնի հողաշերտի գնման, 24 օգոստոս 1984-ին, կեդրոնի հիմնարկէքը կը կատարուի 27 ապրիլ 1985-ին, իսկ շինարարական աշխատանքները կը սկսին ապրիլ 1986-ին: Կեդրոնի բացումը կը կատարուի 1988-ին, Գարեգին Բ. վեհափառի ներկայութեամբ, եւ հիմնարկը կը կոչուի Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոն: Իսկ 2005-ին տեղի անբաւարարութեան պատճառով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կարելի կ’ըլլայ ստեղծել «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնը: Այսօր զոյգ կառոյցներուն մէջ կը գործեն Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները:
Աւելի մանրամասն խօսելով այսօր գործող դպրոցներուն մասին` Կարպիս Գապասագալեան բացատրեց, որ Համագայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը հիմնուած է 1983-ին: Այսօր «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը կը հաշուէ շուրջ 360 աշակերտ: Մասնագէտ ուսուցիչներ կը դասաւանդեն դաշնակի, ջութակի, թաւջութակի, շուիի, տուտուկի, տհոլի, կիթառի եւ այլ նուագարաններու գործնական եւ տեսական դասանիւթեր: Քոլեճը կ՛ունենայ աշակերտական տարեկան ունկնդրութիւններ եւ աւարտական դասարաններու հաշուետու համերգ. ան կը մասնակցի գաղութի ամէն տեսակ մրցանքներուն: Քոլեճը օժտուած է նաեւ երաժշտական կոկիկ գրադարանով մը:
Ան դիտել տուաւ, որ քոլեճի շրջանաւարտները, յատուկ համաձայնագիրի մը հիմամբ, երաժշտական իրենց ուսումը կրնան կատարելագործել Հայաստանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ: Երաժշտական քոլեճը ունի սենեկային իր նուագախումբը, որ հանրութեան կը ներկայանայ իր ելոյթներով, ինչպէս նաեւ կ՛ընդառաջէ մեծաշուք հանդիսութեանց` հրաւիրուելու պարագային: Կիթառահարներու նուագախումբը, իր կարգին, իր տարեկան ելոյթէն անկախ, կը մասնակցի գաղութի երկեղեցական եւ ազգային ձեռնարկներուն: Վերջին տարիներուն զարկ տրուեցաւ նաեւ սենեկային համոյթին, որ արդէն կ՛արժանանայ բացառիկ գնահատանքի: Քոլեճի տնօրէնութիւնը վստահուած է Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրներուն:
Գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ, ըստ Կ. Գապասագալեանի, աշխուժ գործունէութիւն ունի նաեւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ հիմնուած է 1988-ին եւ ունի աւելի քան 100 աշակերտ: Մասնակից աշակերտները կանոնաւոր կերպով կը հետեւին գեղանկարչական դասընթացքներու: Դպրոցը կ՛ունենայ աշակերտական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ միջդպրոցական մրցանք- ցուցահանդէսներ: Դպրոցը ունի մշակուած եօթնամեայ ծրագիր ու մասնագէտ ուսուցիչներ: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատուն է Վազգէն Մուղալեանը:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն խօսեցաւ նաեւ «Գայեանէ» պարի դպրոցին մասին, որ հիմնուած է 1989-ին. ունի շուրջ 300 աշակերտ: Պարի դպրոցին դասարաններու բաժանմունքը կատարուած է տարիքային հիմնաւորումով` 6-16 տարեկան: «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցը լոկ պար ուսուցանող կառոյց չէ, այլ` հայկական պարարուեստի մեծ ժառանգութիւնը պահպանող եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցող վայր մը: Անիկա կ՛ունենայ իր տարեկան մեծ ելոյթը: Այժմ դպրոցի պարուսոյցներն են հայրենի արուեստագէտներ տէր եւ տիկին Կարէն ու Ժաքլին Մակինեանները: «Գայեանէ» պարի դպրոցի կողքին կը գործէ նաեւ պալէի դպրոցը. անիկա կը հաշուէ աւելի քան 30 աշակերտ, պարուսոյցն է Ժաքլին Մակինեան:
Դպրոցներուն կարգին է նաեւ «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցը, որ հիմնուած է 1999-ին: Թատերական դպրոցը ունի իր երկամեայ կրթական ծրագիրը եւ կը հաշուէ շուրջ 40 աշակերտ, իսկ «Արեգ» թատերախումբը անխափան կ’ունենայ իր տարեկան մանկապատանեկան ներկայացումը: 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած իր «Կարօտ» ներկայացումով, մասնակցեցաւ նաեւ «Վերածնունդ» միջազգային 7-րդ մրցոյթ փառատօնին` գրաւելով երկրորդ դիրքը: 2009-էն ի վեր դպրոցին եւ թատերախումբին ղեկավարն է բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանը:
Իր խօսքը եզրափակելով` Կարպիս Գապասագալեան շեշտեց, որ գիտակցելով այդ դպրոցներուն մէջ տարուած աշխատանքի կարեւորութեան` իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է իր ներդրումով, իր աջակցութեամբ նեցուկ հանդիսանայ, որ մեծաթիւ հայ մանուկներու եւ պատանիներու հայկական հարազատ բոյն հանդիսացող այս կառոյցը շարունակէ իր գործունէութիւնը` ներառելով նաեւ այնպիսի երեխաներ, որոնք նիւթական համեստ պայմաններու մէջ կ’ապրին: Այս առիթով ան շեշտեց, որ խթման գիշերը ուրախանալով եւ տօնակատարութեան մասնակից ըլլալով` լիբանանահայերը առիթ ունին նաեւ ուրախացնելու բազմաթիւ հայ աշակերտներ, որոնք ապագային կրնան հայութեան անունը բարձր պահել տարբեր մակարդակներու վրայ: