Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լեւոնին Երրորդութիւնը

$
0
0

11100173_1101389606572448_1936352903_n

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Քսանամեայ Լեւոնը երկու տարիէ ի վեր Հայաստան կը բնակէր: Վարժուած էր արդէն եւ տեղաւորուած` իր մէկ սենեականոց տան մէջ: Սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, զինուորական խնդիրներ չունենալով հանդերձ, որոշեց Հայաստան երթալ, կամ ինչպէս ինք կ՛ըսէր` վերադառնալ: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Հայրն ու մայրը համամիտ էին եւ հպարտ` իրենց զաւկին որոշումով: Լեւոնը միշտ վայելած էր անոնց վստահութիւնը:

«Լա՛ւ, տղա՛ս, գնա՛ հայրենիք եւ գծէ՛ քու ուզած ճանապարհդ», ըսաւ հայրը եւ նայելով տղուն խանդավառ ու ճառագայթող աչքերուն` սեղմեց կուրծքին եւ համբուրեց ճակատէն: Սակայն պարոն Յարութը լաւ գիտէր, թէ իրենց յաջորդ հանդիպումին իր Լեւոնիկին աչքերը ուրիշ տեսակ պիտի ըլլային, թերեւս խանդավառութիւն չգտնէր հոն, թերեւս պաղէին անոնք եւ ցամքէին անոնց ցոլքերը: Վտարելու համար այս միտքերը` ինքիրեն կը հաւաստէր, թէ կարելի չէ, որ իր Լեւոնը կորսնցնէ հոգիին խինդն ու վարակիչ յոյսը:

Երկրորդ տարուան ուսանող էր ան արդէն Հայաստանի Ազգային ճարտարապետական եւ շինարարական համալսարանին մէջ: Դասերուն կողքին կ՛աշխատէր իր տան մօտ գտնուող սրճարանին մէջ: Հայրը նիւթական կարիքները կը հոգար լիովին, բայց Լեւոնը ուզեց անպայման աշխատիլ: Իրեն համար հետաքրքրական էր մատուցող աշխատիլ, թէեւ երբեմն ընդվզեցուցիչ էր ու գրգռող: Լեւոնը կ՛ուզէր հասկնալ իր հայրենի ժողովուրդը: Նոյնիսկ չէր նեղանար, երբ անոնք չհասկնային իր խօսած արեւմտահայերէնը եւ հարցնէին` «Հայերէն խօսո՞ւմ էք»: Սակայն Լեւոնը կ՛անիծէր բոլոր անոնք, որոնք իսկական պատճառն էին այդ անհասկացողութեան:

Օրերը կ՛անցնէին, դասերն ալ կը շատնային: Լեւոնը կը հասկնար եւ կամաց-կամաց կ՛ընկալէր ամէն ինչ:

Ուրբաթ առաւօտ մըն էր: Ժամը ութ: Երբ արեւը Երեւանի վրայ կրկին կը շողար, անսպասելիօրէն հեռաձայնը սկսաւ երգել անուշ կոմիտասեան «Կռու՜նկ, մեր աշխարհէն» երգը, եւ Լեւոնը աչք մը նետելով վրան, կարդաց` «Մամ», իսկ քիչ մը վեր` 21:

– Ո՜հ, այսօր մայրերու օր է,- բացագանչեց ան:

Ուրախութեամբ պատասխանեց եւ կայծակի արագութեամբ գոչեց. «Մամա՛, շնորհաւոր մայրերու օր»:

Մայրը գոհունակ ձայնով մը ըսաւ. «Շնորհակալ եմ, տղա՛ս, սիրե՜մ քեզ»:

Եւ յանկարծ մօր ձայնը հագաւ լուրջ շեշտ մը, երբ արտասանեց այդ հալածող բառերը.

– Լեւո՛ն, տղա՛ս, ըսի` զանգեմ եւ լուր ընեմ քեզի, համացանցէն իմանալէդ աւելի լաւ է: Քեսապը առաւօտ կանուխէն հրթիռներու տակ է: Թուրքիոյ սահմանէն թափանցումներ եղած են եղեր:

Լեւոն շշմած էր: Ի՞նչ ըսել է` թափանցումներ: Թուրքիո՞յ կողմէն: Մայրը յայտնած էր, որ ամոները (հօր ընկերները) առտու կանուխէն հայրը կանչած էին եւ` լեռ բարձրացած: Մոլորուած եւ շնչասպառ հասած էր համալսարան եւ նստած գրասեղանին դիմաց` ամբողջութեամբ կտրուած աշխարհէն:Շուրջիններուն շրթունքները կը շարժէին առանց դադարի: Կը տեսնէր տարօրինակ թուաբանական նշաններ գրատախտակին վրայ, պատահարներու փշաքաղող տեսարաններ, կը լսէր իրեն ընկերացող սրտին ահաւոր զարկը: Մահ կար հոն` իր տեսիլքներուն մէջ: Հօր մահը կամ այլ ամոյի մը մահը: Մա՜հ, մա՜հ: Ուզեց հեկեկալ, բայց պէտք էր բացատրել, թէ ինչո՛ւ: Ինչպէ՞ս բացատրել այս բոլորը անծանօթներուն: Ընկերներն էին անոնք, այո՛, բայց անծանօթ էին Քեսապին, որ հասկնային: Առաւ պայուսակը եւ դուրս սուրաց: Սուրա՜ց մայթերուն վրայ երեւանեան:

Շաբաթ գիշեր է. Քեսապի կիները, երեխաները եւ ծերերը Լաթաքիա էին արդէն: Հայրը, մօր խօսքերուն համաձայն, դեռ տունն էր, իրենց տունը: Առաւ հեռաձայնը եւ անուանացանկէն «Հայրիկ» ընտրելով` ականջին տարաւ գործիքը:

– Բարե՛ւ, հայրի՛կ, ո՞ւր ես:

– Լաթաքիա կ՛իջնեմ:

– Լա՞ւ ես:

– Ո՛չ: Յետոյ կը խօսիմ…

Երեք ամիս գրաւուած մնաց Լեւոնին ծննդավայրը:

Գրաւուած մնաց Լեւոնին մանկութիւնն ալ:

Գրաւուած մնաց Լեւոնին յիշողութիւնն ալ:

Երեք ամիս գրաւուած մնաց նոյնինքը Լեւոնը` շրջապատուած անորոշութեամբ եւ հալածուած պատմութեան ծանր շուքէն:

Հինգ զգայարանները զինք հոն կը տանէին միշտ. Քեսա՜պ:

Ա՜խ,հիմա գիտէր, թէ հոտառութիւնը ամէնէն զօրաւոր յիշողութիւնը ունի: Եւ այդ մէկը սոսկ գիտելիք մը չէր: Քանզի բոլոր հոտերը Քեսապ կը տեղափոխէին զինք: Հացը, օճառը, ծաղիկները: Եւ, ո՜հ, թրջուած հողը եւ թաց խոտերուն բուրմունքը ինչպէ՞ս զինք կրնային լոյսի արագութեամբ տեղափոխել իրենց տան դիմաց, դպրոցական պայուսակը շալկած այդ ակնթարթին, երբ ինք կը ներշնչէր քաղցրաբոյր եւ դիւթական խոնաւ թթուածինը իր գիւղին:

Երեք ամիս Լեւոնը զգաց նախատինք: Ոչ թէ` Քեսապը լքելուն եւ հեռանալուն պատճառով: Ան կը գիտակցէր, թէկուզ ուշացած, որ իր ծննդավայրը խաղաքարտ մըն է քաղաքականութեան սեղանին վրայ, որ ուշ կամ կանուխ պիտի խաղցուէր: Լեւոն ամօթ կը զգար, քանի որ հիմա կը հասկնար, մօտաւորապէս հարիւր տարիներ ետք, իր ազգին վստահուած պատասխանատուութիւնը մարդկութեան հանդէպ: Իր ազգը, որ տեսած էր ջարդ, գաղթականութիւն, սով, մահ եւ հայրենազրկում: Իր ազգը, որ տեսած էր առաջին ցեղասպանութիւնը քսաներորդ դարուն, պէտք էր աւելի գիտակից ըլլար իր առաքելութեան նկատմամբ: «Նոյն դառն բաժակէն քանիներ խմեցին մեզմէ առաջ, եւ քանիներ պիտի խմեն մինչեւ ցնդի այդ անիծեալ ըմպելիքը», կը խորհէր:

Սակայն ի՞նչ կրնար ընել իր փոքրիկ, անարդարութիւնը ապրող ազգը եւ չըրաւ: Այս հսկայ ոճիրին դիմաց Լեւոնն էր, որ յանցաւոր կը զգար… Լեւոնը այլեւս ինքզինք գաղթակա՞ն կը նկատէր: Գաղթական` իր հայրենիքին մէջ: Հոգեվիճակ մըն է, որ բոլոր հայերուն հարազատ է թերեւս: Ամէն անգամ, երբ քալէր Երեւանի փողոցներով, ինքզինք կը նմանցնէր 1918-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթականներուն, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ականատես ըլլալով հանդերձ, անկասկած կ՛ողբային կորուսեալ հարազատներն ու հայրենիքը: Լեւոնը որքա՜ն փառք կու տար, որ ինք միայն մին կ՛ողբար:

Կը վախնար մտածումներէն: Կը պատկերացնէր, որ Քեսապը իր զաւակներուն Արեւմտեան Հայաստանը պիտի ըլլայ եւ ինք օրօրուող աթոռի մը վրայ բազմած` պիտի հիւսէ Քեսապի մասին հեքիաթներու նման պատմութիւններ: Եւ անմիջապէս  ինքզինք կը համոզէր, որ այդպիսի բան անկարելի է, եւ թէ` անպայման կը վերադառնան տուն, բայց ինչպէ՞ս կասեցնէր ուղեղին` ապագայի կառուցապատումը, երբ այդ էր անոր գործը. երեւակայե՜լ:

Իսկ ինք ինչպէ՞ս դիմանար: Այո’, ծնած էր Հայկական Կիլիկեան թագաւորութեան վերջին պատառիկ հողամասին վրայ, թէկուզ` Սուրիոյ սահմաններէն ներս: Բայց Լեւոնին հոգին կը կանչէր միայն հայրենիք: Իր Արարատեան երկկողմանի հայրենիքը: Արեւմուտքն ու արեւելքը: Եւ հազիւ մէկուն հասած` կորսնցնել Քեսա՞պը:

Լեւոնին երրորդութեան երկո՛ւ սրբութիւնները խլուած էին հիմա: Սկիզբը առաջինը` մայր հայրենիքը, հիմա երկրորդը` ծննդավայրը, իսկ վաղը` վերջի՞նը:

Երեք ամիս Լեւոն հալածուեցաւ այս յիշուած եւ ուրիշ չյիշուած մտածումներէ, մինչեւ Քեսապը վերադարձաւ հայատրոփ:

Եւ Լեւոն ուխտեց իր երրորդութիւնը ամբողջացնելու համար սեփական կեանքն իսկ նուիրաբերել, եթէ հարկ ըլլայ:

 18/01/2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>