Ուսուցչաց օրը կ’աւարտի նուազ քան ժամէ մը:
Նոր վերադարձած ըլլալով ԱՅԳ-ի մօտալուտ համերգին առիթով կատարուած փորձէն` հարկադրուած եմ լեցնել ու «խմբավարին խօսք»-ին համար յատկացուելիք աւանդական այս էջը, եւ որքան ալ յետաշխատանքային յոգնութիւնը ճնշող ըլլայ, կարծես թէ քանի մտքիս մէջ թարմ է ընդհանուր մտորումներուս շրջածիրը, ամէնէն յարմար պահն է քանի մը տող մրոտելու եւ խօսքը ժամանակին տպարան հասցնելու:
Եւ որքան ալ մտքերն ու ըսելիքները զիրար հրմշտկեն մտքիս մէջ, հիմնական խօսքս կրկին պիտի սեւեռի հոյակապ այս երիտասարդ աղջիկներուն ու տղոց նուիրումին, մեր ազգային- երաժշտական կեանքին մէջ անոնց ունենալիք յանձնառութեան ու իրագործումներուն վրայ:
Ուրախութեան եւ տրտմութեան կրկնակի զգացումներով տոգորուած եմ:
Ուրախ եմ, որ տակաւին կա՛ն երիտասարդներ, որոնք գիտեն հայ մշակութային յարկի տակ հաւաքուիլ երգ-երաժշտութեան շուրջ ու իրենց հանրային-ընկերային կեանքին մէջ խմբերգային արուեստին ալ տեղ յատկացնել:
Տխուր եմ աւելի քան հինգ տասնեակ նախկին ԱՅԳ-ականներուն համար, որոնք լիբանանեան կենցաղային պայմաններու ստիպումով հարկադրուած են դեռ աշակերտական տարիքէն լծուիլ աշխատանքի` ի գին դասերու կամ ընկերային- մշակութային կեանքի մասնակցութեան համար յատկացուելիք ժամանակին… այլապէս մենք այսօր ապահովաբար աւելի քան 90 անդամներով բեմ պիտի բարձրանայինք…
Վիճակագրական այս փաստը կ’արձանագրեմ պատմութեան համար` քաջ գիտնալով, որ երգչախումբի մը որակը իր կազմի թուաքանակին մէջ չէ: Սակայն ինչպէ՛ս չցաւիլ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիքէն ԿԱՐԿԱՉ-ի մէջ թրծուած, աչքիս առաջ հասակ առած ու ինծի հոգեհարազատ դարձած բացականերուն համար:
Յամենայն դէպս այս տարի եւս անհաշտ մտերմութեամբ կրցայ լեզու գտնել տարօրինակ այս սերունդին հետ ու ձեզի համար պատրաստել այս երգացանկը:
Անցեալ տարի կատարեցինք իր տեսակին մէջ եզակի երկ մը` Խաչատուր Աւետիսեանի օրաթորիան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով: Այս տարի երիտասարդները իրենք թելադրեցին երգացանկին գերակշռող մասը, կատարելու յատկապէս ԿԱՐԿԱՉ-ին, ՎԱՐԱՆԴԱ-ին ու ԱՅԳ-ին համար մշակուած Ազնաւուրի ու Ռուբէն Հախվերդեանի երգաշարերը, որոնց կատարումը 5-6 տարիներ առաջ շատ սիրուած եղան թէ՛ երգչախումբի անդամներուն եւ թէ՛ ունկնդիրներուն կողմէ: Կրկին կ’անդրադառնանք նաեւ այնքան սիրուած «Պիթըլզ»-ի երգերուն: Իսկ ժողովրդային նուագախումբի ընկերակցութեամբ մեր երգացանկին կ’աւելցնենք նորերը եւ համերգը կը նուիրենք Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 90-ամեակին:
Բարի՛ վայելում:
Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ